Գաղութային

«Հրանդ Տինք» Հիմնարկի Եւ «Համազգային»-ի Գործակցութեամբ Հայկական Ինքնութեան Վերաբերող Գիտաժողով` Պոլսոյ Մէջ

«Հրանդ Տինք» Հիմնարկի Եւ «Համազգային»-ի Գործակցութեամբ Հայկական Ինքնութեան Վերաբերող Գիտաժողով` Պոլսոյ Մէջ

7-8 հոկտեմբեր 2016-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն` խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը, որուն կազմակերպիչներն էին «Հրանդ Տինք» հիմնարկն ու «Համազգային»-ը` հովանաւորութեամբ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ու Պոլսոյ մէջ Շուէտի գլխաւոր հիւպատոսութեան: Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Անարատ յղութիւն» շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ: Նշենք, թէ Պոլիսէն Սեւան Տէյիրմենճեան, յատուկ «Ազդակ»-ին համար գիտաժողովին մասին...

Հայաստանի Հանրապետութեան  Մարդասիրական  Օժանդակութիւնները Հասան Հալէպ

Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Օժանդակութիւնները Հասան Հալէպ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ ուրբաթ, 7 հոկտեմբեր 2016-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով առաքուած` «Սուրիոյ եղբայր ժողովուրդին ` խաղաղութեան մաղթանքներով» խորագիրը կրող բարեգործական-մարդասիրական օժանդակութիւնները հասան Հալէպ: 40 թոն կշռող մարդասիրական օժանդակութիւնները նախապէս երկու հանգրուանով հասած էին Լաթաքիոյ ռուսական Հըմէյմիմ ռազմակայան: Օժանդակութեան մէկ մասը տրամադրուեցաւ Լաթաքիոյ, Քեսապի, Թարթուսի եւ Դամասկոսի ժողովուրդին, իսկ գերակշիռ մասը հասաւ Հալէպ` տրամադրուելու բոլոր կարիքաւոր սուրիացիներուն:...

Սուրիոյ Մէջ Տիրող Իրավիճակին  Վերաբերեալ Հարցազրոյց`  Ժիրայր Ռէյիսեանի Հետ

Սուրիոյ Մէջ Տիրող Իրավիճակին Վերաբերեալ Հարցազրոյց` Ժիրայր Ռէյիսեանի Հետ

«Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականին փոխանցումով` Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին հետ կապուած, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Սուրիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ժիրայր Ռէյիսեանին հետ: Պատասխանելով սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի այն հարցումին, թէ Հալէպի մէջ ի՞նչ կուտակումներ կան այսօր, ի՞նչ է կացութիւնը այսօրուան դրութեամբ, Ժ. Ռէյիսեան պատասխանած է, որ հիմա վիճակը ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մոնրէալի Մէջ Խորհրդակցական Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Շուրջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մոնրէալի Մէջ Խորհրդակցական Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Շուրջ

Մոնրէալ իր կեցութեան կարճ շրջանին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի դատի իրաւաբաններու խումբի գլխաւոր պատասխանատու դոկտ. Փայամ Ախաւանի հետ: Խորհրդակցութեան ներկայ եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ իրաւաբան Վահէ Եագուպեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի առնչուած հարցերու պատասխանատու Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:...

Հայ Ինքնութեան Վերաբերող Պոլսոյ Միջազգային Գիտաժողովի Երկրորդ Օրուան Յայտագիրը

Շաբաթ 8 Հոկտեմբեր VI ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ Զ. նիստ 9:30-10:30 ԱՏԵՆԱՎԱՐ ԱՐԱՍ ԷՐԿԻՒՆԵՇ ՔՐԻՍՏՈՖԸՐ ՆԻՔՈԼԱՍ ՇԵՔԼԻԵԱՆ «Աշխարհավար օրէնքի առեղծուածը` ազգային-կրօնական ինքնութեան տեսակէտէն» ԱՐՏԱ Յ. ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ «Հայ չէ՞»: Հայ աւետարանական կղերը կը հարցադրէ հայկական ինքնութիւնը» ԱՆԱՏՈԼԻ ԹՈՔՄԱՆՉԵՒ «Եհովայի վկաները Հայաստանի մէջ. ազգայնականութիւնը` ոչ ազգայնական դաւանանքի մը մէջ» ՍՈՒՐՃԻ ԴԱԴԱՐ 10:30-1045   VII ՀԱՅԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ Ա. Է. նիստ 10:45-11:45 ԱՏԵՆԱՎԱՐ...

Մոնրէալի Մէջ.  «Մեր Ինքնութիւնը Խաթարող Վտանգներուն Դիմաց  Մենք Պիտի Մնանք Կառչած Մեր Գոյութեան  Երեք Ամրոցներուն` Եկեղեցի, Ընտանիք Եւ Դպրոց»  Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մոնրէալի Մէջ. «Մեր Ինքնութիւնը Խաթարող Վտանգներուն Դիմաց Մենք Պիտի Մնանք Կառչած Մեր Գոյութեան Երեք Ամրոցներուն` Եկեղեցի, Ընտանիք Եւ Դպրոց» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 5 հոկտեմբեր 2016-ին սկսաւ հովուապետական այցելութիւնը Մոնրէալի մէջ: Երեկոյեան, միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը: «Հրաշափառ» շարականին երգեցողութեամբ վեհափառ հայրապետը մուտք գործեց Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցի, ուր հայոց հայրապետը կատարեց Կանոնական աղօթք: Արարողութեան ներկայ էին Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, Քանատայի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը,...

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի  36-րդ Հատորի Շնորհահանդէս

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 36-րդ Հատորի Շնորհահանդէս

Երէկ` հինգշաբթի, 6 հոկտեմբերի երեկոյեան Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի  36-րդ հատորին շնորհահանդէսը: Երեկոն վարեց Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ սահիկներու ցուցադրութեան միջոցով ներկայացուց երկու շաբաթ առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 36-րդ հատորի առաջին շնորհահանդէսը` Գիւմրիի հայկական կեդրոնի հայագիտական ժողովի ծիրին մէջ: Օրուան բանախօսն էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան անդրադառնալով հայագիտական...

«Հրանդ Տինք» Հիմնարկին Եւ Համազգայինի Կազմակերպութեամբ. Հայկական Ինքնութեան Մասին Միջազգային Գիտաժողով` Պոլսոյ Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին եւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, այսօր` ուրբաթ, 7 հոկտեմբեր 2016-ին, Պոլսոյ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Անարատ յղութեան» շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ սկիզբ կ՛առնէ «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն. խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը: Գիտաժողովը կը տեւէ 2 օր: Ստորեւ` առաջին օրուան ժամանակացոյցը: ՈՒՐԲԱԹ, 7 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ 8:30-9:00 ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔԵՐ 9:00-9:30 ՌԱՔԵԼ ՏԻՆՔ...

Հալէպի Մէջ 3 Հայ Զոհ, 2 Վիրաւոր

Հալէպի Մէջ 3 Հայ Զոհ, 2 Վիրաւոր

Մովսէս Մովսէսեան                                                Գասպար Շաթոյեան «Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ երէկ` չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ շարունակեցին իրենց բարբարոսական արարքները` հրթիռակոծելով Հալէպի Նոր Գիւղ, Մոկամպօ եւ Մուհաֆազա շրջաններու խաղաղ բնակչութիւնը: Նոր Գիւղի հրթիռակոծման հետեւանքով զոհուեցան երկու...

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Յայտարարուած Են «Հայրերի Հող»  Կարճ Տեւողութեամբ Ժապաւէններու  Մրցումին Արդիւնքները

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Յայտարարուած Են «Հայրերի Հող» Կարճ Տեւողութեամբ Ժապաւէններու Մրցումին Արդիւնքները

  Յայտարարուած են Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի թատրոնի ու շարժապատկերի պետական հիմնարկին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայրերի հող» խորագիրով կարճ տեւողութեամբ ժապաւէններու մրցումին արդիւնքները: Մրցումը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին եւ նպատակ ունէր խթանել ժամանակակից հայ ֆիլմարուեստը, բացայայտել այդ մարզին մէջ ստեղծագործող նոր անուններ, աջակցիլ ուսանող, երիտասարդ բեմագիրներուն եւ բեմադրիչներուն: Մրցումին ներկայացուած 17 բեմագրութիւններէն Դատական կազմը ընտրած...

Ատոմ Եւ Ալլա Զոհրապեաններ  Այցելեցին «Ազդակ»

Ատոմ Եւ Ալլա Զոհրապեաններ Այցելեցին «Ազդակ»

Երէկ առտու «Ազդակ»-ի հիւրերն էին ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հարենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին հերոսաբար նահատակուած Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողները` Ատոմ եւ Ալլա Զոհրապեանները: Անոնք Լիբանան եկած էին մասնակցելու համար ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին կողմէ կազմակերպուած համաժողովրդային հաւաքին` Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով կազմակերպուած: Գաղութի կեդրոններու շրջայցի ծիրին մէջ, անոնք ծանօթացան մեր թերթի աշխատանքներուն եւ բաժնեցին իրենց ստացած մեծ...

Բազմահազար Լիբանանահայեր Հպարտութեամբ Նշեցին  Հայաստանի Եւ Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակը

Բազմահազար Լիբանանահայեր Հպարտութեամբ Նշեցին Հայաստանի Եւ Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակը

«Այն Տարիներուն, Երբ Անկախութիւնը Շատ Հեռու, Անիրական Կը Թուէր, Սփիւռքի Մէջ Այդ Յոյսը Պահպանուեցաւ, Մեր Գաղութները Աչքի Լոյսի Պէս Պահեցին Մեր Պետական Սրբութիւնները, Զինանշանը, Դրօշակը, Քայլերգը», Արմէն Ռուստամեան «Մենք Պէտք Է Շարունակենք Ներդրել Մեր Բոլոր Ջանքերն Ու Կարելիութիւնները` Հասնելու Մեր Անկախ Պետականութեան Ամրապնդման, Զարգացման Եւ Արցախի Հանրապետութեան Գոյատեւման», Սամուէլ Մկրտչեան «Մեր Նահատակ Զաւակները Բոլորին Եւ Նաեւ Մեզի` Ծնողներուս Կը Մղեն...

Հալէպի Հրթիռակոծումները  Կը Շարունակուին. Կան 2 Վիրաւորներ

Հալէպի Հրթիռակոծումները Կը Շարունակուին. Կան 2 Վիրաւորներ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ 3 հոկտեմբեր 2016-ի կէսօրուան ժամերուն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները շարունակեցին հրթիռակոծել  Նոր Գիւղ, Սուլէյմանիէ, Թելֆոն Հաուայի շրջանները: Նոր Գիւղի շրջանին մէջ ինկած հրթիռի մը պատճառով թեթեւակիօրէն վիրաւորուած են 1997-ի ծնունդ Քարլօ Արամ Ֆերմանեանն ու անոր մայրը` Նաուալ Ապտոն: Զոհեր չեն արձանագրուած:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Հալէպի Կացութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Հալէպի Կացութեան

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Լոս Անճելոս ժամանած  օրն իսկ, իմանալով Հալէպի մէջ վերջին օրերու ընթացքին թէժ կռիւներու իբր արդիւնք ստեղծուած ծանր կացութեան մասին, կապ հաստատեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին հետ եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ եղած զարգացումներուն։ Սրբազան Հայրը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Հալէպի հայութեան դիմագրաւած դժուար իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահեց հայկական թաղերու վրայ եղած հրթիռակոծումներու պատճառով...

Հալէպի Մէջ Ռմբակոծումի Պատճառով  Զոհուեցան 5 Հայեր, Վիրաւորուեցան 11 Ուրիշներ

Հալէպի Մէջ Ռմբակոծումի Պատճառով Զոհուեցան 5 Հայեր, Վիրաւորուեցան 11 Ուրիշներ

30 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն Հալէպը կրկին թատերաբեմ դարձաւ ռմբակոծումի: Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ ռմբակոծեցին Հալէպի Նոր Գիւղ եւ Վիլլաներ հայաշատ թաղամասերը: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող բնակարանի մը վրայ ինկած հրթիռի մը պատճառով արձանագրուեցան 5 հայ զոհեր եւ 11 վիրաւորներ: Նահատակուեցան քոյր ու եղբայր Միրէյ Հինտոյեանը եւ Արման Հինտոյեանը, նաեւ` Ծիլա Ճապաղջուրեանը, Յասմիկ Կիրակոսեան-Պերեճիքլեանը եւ Փիեռ Հարիրոն: Վիրաւորուեցան Գառնիկ Կարապետեանը,...

Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) Նահատակութեան  24-Ամեակի Հանդիսութիւն.«Աշոտ Ղուլեան Արցախի Բանակի Ոգին Էր Եւ Բանակի Յաղթանակներու Խորհրդանիշը»  Ըսաւ Մելիք Գարագաւորեան

Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) Նահատակութեան 24-Ամեակի Հանդիսութիւն.«Աշոտ Ղուլեան Արցախի Բանակի Ոգին Էր Եւ Բանակի Յաղթանակներու Խորհրդանիշը» Ըսաւ Մելիք Գարագաւորեան

  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին կազմակերպած` արցախեան ազատամարտի հերոս Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) նահատակութեան 24-ամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 30 սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի բակին մէջ, հոծ բազմութեան, բայց յատկապէս երիտասարդութեան պատկառելի ներկայութեամբ: Լիբանանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քայլերգներու ունկնդրութեամբ հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Գազանճեան: Ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային  Խորհուրդի Առաքելութիւն Եւ Աւետարանչութիւն  Բաժանմունքի Ենթայանձնախումբի Ժողովին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Առաքելութիւն Եւ Աւետարանչութիւն Բաժանմունքի Ենթայանձնախումբի Ժողովին

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Առաքելութիւն եւ աւետարանչութիւն բաժանմունքի ենթայանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան Քուպայի մայրաքաղաք Հաւանայի մէջ, 17-21 սեպտեմբեր 2016-ին: Եկեղեցական զանազան ընտանիքներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած ու 10 հոգիներէ կազմուած այս ենթայանձնախումբի աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Վանա Կիցինեան` ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գլխաւոր բաժանմունքներէն Առաքելութիւն եւ աւետարանչութիւն բաժանմունքը իր ընդհանուր ժողովը պիտի գումարէ Թանզանիոյ մէջ, մարտ 2018-ին. այդ ժողովին...

Նահատակ Անդրանիկ Զոհրապեանի Ծնողքը  Կը Մասնակցի Հայաստանի Եւ Արցախի  Հանրապետութեանց 25-Ամեակի Ժողովրդային Հանդիսութեան

Նահատակ Անդրանիկ Զոհրապեանի Ծնողքը Կը Մասնակցի Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25-Ամեակի Ժողովրդային Հանդիսութեան

Յուլիսեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած, Հայաստանի պաշտպանութեան ուժին մաս կազմած Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով պիտի մասնակցի Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց 25-ամեակի ժողովրդային հանդիսութեան: Նահատակ Անդրանիկ Զոհրապեան ծնած է 1996-ին` Վետի քաղաքը: 2002-էն հաստատուած է Արարատի մարզի Ուրցաձոր գիւղը: 2002-ին ընտանիքով տեղափոխուած է եւ մնայուն բնակութիւն հաստատած Վետի: 2003-2011 յաճախած է շրջանի Գագիկ Մարգարեանի անուան միջնակարգ դպրոցը: 2011-ին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ասպետ»-ի Շքանշանով Պատուեց Տիար Արամ Համբարեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ասպետ»-ի Շքանշանով Պատուեց Տիար Արամ Համբարեանը

Չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը, Ուաշինկթընի մէջ: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական եւ լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, Պետրոս վրդ. Մանուէլեան` գաւազանակիր եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան: Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Արամ Համբարեան բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին`...

Page 289 of 364 1 … 288 289 290 … 364

Արխիւներ