Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ Եւ Քանատա

Սեպտեմբեր 28, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

vehapar_banner-1 (1)_41116

Երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա` հանդիսապետելու իր կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 20-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեանց, Լոս Անճելըսի, Մոնրէալի եւ Նիւ Եորքի մէջ: Նշենք, որ վեհափառ հայրապետը անցեալ տարի բոլորեց հայրապետական ծառայութեան 20-ամեակը, սակայն իր իսկ փափաքով անցնող տարուան ընթացքին այս ուղղութեամբ ո՛չ մէկ ձեռնարկ կատարուեցաւ` նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանան միջեկեղեցական եւ լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ գաւազանակիր Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, ինչպէս նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներէն տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան, տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան եւ Յակոբ Եափուճեան ու Վահէ Եագուպեան:

Վեհափառ հայրապետին Հիւսիսային Ամերիկայի գաղութներու այս այցելութիւնը վերանորոգութեան եւ ներշնչումի առիթ մը պիտի հանդիսանայ հայ ժողովուրդի զաւակներուն եւ յատկապէս երիտասարդ սերունդին համար: 20-ամեակի տօնակատարութեանց կողքին, վեհափառ հայրապետի ծրագիրին մէջ նաեւ նախատեսուած են երիտասարդութեան հետ զրոյց-հանդիպումներ, միջեկեղեցական տեսակցութիւններ, համայնքային կեդրոններու այցելութիւններ եւ եկեղեցական արարողութիւններ:

Ճամբորդութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետը Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին առնչութեամբ խորհրդակցական հանդիպումներ պիտի ունենայ Ուաշինկթընի, Մոնրէալի եւ Ժընեւի մէջ:

Վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանք պիտի վերադառնայ 22 հոկտեմբեր 2016-ին:

 

 

Նախորդը

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Երրորդ Նիստի Գումարում

Յաջորդը

Նշմար. Երեք Նկատումներ

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?