Հայկական իրականութեան, յատկապէս լիբանանահայ կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղն ու արժէքը ունեցող բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ, գրական եւ մշակութային արժէքներու կերտիչ ու պահապան, ազգային-հասարակական ու պետական-քաղաքական ղեկավար գործիչ, 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, կուսակցական անձնուրաց տիպար Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակը վառ պահելու նպատակով, կիրակի, 28 սեպտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ խումբ մը կուսակցականներ այցելեցին Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատուն, ուր կը հանգչի մեծ հայը:
«Ն. Աղբալեան» կոմիտէին անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի շիրիմին վրայ, կատարուեցաւ Տէրունական աղօթք եւ երգուեցաւ «Վէրքերով լի»-ն:
Այնուհետեւ մասնակիցները ուղղուեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրավանք, ուր մատուցուեցաւ հոգեհանգիստ` ի յիշատակ Նիկոլ Աղբալեանին, ինչպէս նաեւ կոմիտէութեան նահատակ եւ մահացած անդամներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ներդրումը ունեցած է կոմիտէութեան մէջ:
Ապա ներկաները հաւաքուեցան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրի «Պապիկեան» սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի ամփոփ ձեռնարկ: Խօսք առաւ Յակոբ Տէր Ղուկասեան, որ անդրադարձաւ մեր պատմութեան մէջ Նիկոլ Աղբալեանի ձգած դրոշմին` շեշտելով կարեւորութիւնը նման դէմքեր մնայուն կերպով յիշելու եւ անոնց փոխանցած ջահը վառ պահելու:
Ցուցադրուեցաւ ժապաւէն մը` նուիրուած Նիկոլ Աղբալեանին եւ անոր ձգած հսկայական ժառանգութեան, տարած բազմաճիւղ գործունէութեան եւ փոխանցած աւանդին: Ներկայացուեցաւ նաեւ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութեան ամփոփ պատմութիւնը, շեշտուեցաւ, որ Աղբալեանի շունչը կը շարունակէ ապրիլ եւ առաջնորդել կոմիտէին գործունէութիւնը: