Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սարգիս Կիրակոսեան« Գրասենեակի Բացում «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Հոկտեմբեր 7, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Սարգիս Կիրակոսեան» գրասենեակի բացում:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի անդամ Լուսիկ Աֆարեան, որ անդրադարձաւ նախաձեռնութեան նպատակին` յիշել, յարգել եւ արժեւորել բոլորին շատ սիրելի Սարգիս Կիրակոսեանը, որ իր ինքնուրոյն ստեղծագործական ուղիով ու աւանդով իւրայատուկ եւ պատուաւոր տեղ գրաւած է հայ գրականութեան անդաստանին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ Սարգիս Կիրակոսեան անսակարկ նուիրումով հայ գրականութեան ու մշակոյթին ծառայած հեղինակութիւն էր, ներհուն մտաւորական եւ բեղուն գրիչ, որուն յիշատակը մեր սրտերուն մէջ միշտ անթառամ կը մնայ: Լ. Աֆարեան հաստատեց, որ կոմիտէն միշտ բարձր գնահատած եւ արժեւորած է մշակոյթին, ազգին, դպրութեան, ազգային ինքնութեան, տոհմիկ արժէքներուն, կուսակցական աւանդներուն ու սկզբունքներուն նուիրեալ գործիչները, որոնց լաւագոյն եւ հարազատ ներկայացուցիչներէն էր Սարգիս Կիրակոսեան:

ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Րաֆֆի Մեսրոպեան, որ վկայեց, թէ կոմիտէութեան եւ յատկապէս Նաքքաշի կեդրոնի ողնասիւններէն էր Սարգիս Կիրակոսեան, որուն մահուան տասնամեակն է այս տարի: Ան նշեց, որ Կիրակոսեան յաճախակի ներկայութիւն էր այդ կեդրոնէն ներս եւ խիստ կարեւոր կը նկատէր կեդրոնին դերը, իբրեւ Դաշնակցութիւն-ժողովուրդ սերտ կապը վառ ու պինդ պահող, իբրեւ շրջանի հայ բնակչութեան կարիքներուն հասնող եւ վստահութիւն ու հպարտութիւն ներշնչող գաղափարի միջնաբերդ: Ր. Մեսրոպեան հաստատեց, որ Սարգիս Կիրակոսեան մեզմէ բաժնուեցաւ, սակայն մեզի ձգեց գիր, գրականութիւն, հայերէն լեզուաբանութիւն, բանաձեւ եւ ատենագրութիւն, ժողովականութիւն, դաշնակցական մտածողութիւն, կարգապահութիւն, ընկերասիրութիւն եւ շատ ուրիշ արժէքներ: Ան ըսաւ, որ կոմիտէն արժեւորելու համար իր ողջ կեանքը գիրին ու գրականութեան նուիրած եւ Դաշնակցութիւնը ամէն բանէ վեր դասելու սկզբունք ունեցող ընկերը, յարմար տեսաւ կոմիտէութեան նստավայրին կողքի գրասենեակը անուանել անոր անունով, ուր բազմաթիւ ընկերներ եւ տարբեր սերունդներու պատկանող երիտասարդներ պիտի ծաւալեն անոր սիրած աշխատանքը: Եզրափակելով իր խօսքը` Մեսրոպեան հարց տուաւ, որ եթէ Սարգիս Կիրակոսեան ողջ ըլլար արդեօք ի՞նչ պիտի ըսէր Արցախի կորուստին մասին, նաեւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ:

Ապա Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ջութակի եւ մեղեդի լարային քառեակը ներկայացուց նուագներ:

Օրուան բանախօսն էր «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ խմբագրապետ Շահան Գանտահարեան: Ան ըսաւ, որ «Հ. Մարուխեան» կոմիտէի յարկին տակ, Սարգիս Կիրակոսեանի նման ընկերոջ մը անունով աշխատանքային  նորաբաց սենեակը պիտի ծառայէ մեր գաղափարներու տարածման, մեր ուժականութեան հաստատման ու մեր երիտասարդներու բոլորուելուն` անոր սիրած գաղափարներուն, աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն շուրջ: Ան աւելցուց սակայն, որ յիշատակի յարգանքի կողքին այս մէկը յանձնառութիւն է Սարգիս Կիրակոսեանի եւ անոր նման այս աշխարհէն մեկնած բոլոր ընկերներուն հաւատացած արժէքներուն համար անդուլ աշխատելու, նպատակուղղուած շարունակելու Դաշնակցութեան գործը` գաղափարի գործը:

Գանտահարեան ըսաւ, որ Սարգիս Կիրակոսեանի կենսագործունէութիւնը սկսաւ պատանեկան շարքերէն, ապա հասաւ երիտասարդականին ու ուսանողականին եւ  երեք կոմիտէներու անդամակցութեան, նաեւ Համազգայինին ու ՀՄԸՄ-ին: Ան դիտել տուաւ, որ Կիրակոսեան իր դրոշմը ձգած է համաարաբական մամուլի ամէնէն կարեւոր ներկայացուցիչներուն  վրայ, գործած է  ուսուցչական ասպարէզին մէջ Աբգարեանէն մինչեւ Ճեմարան, անցնելով դպրեվանքէն` հայ գրականութեան արժէքներուն ծանօթացնելով իրերայաջորդ սերունդներու, հարստացուցած է «Բագին»-ի եւ «Ազդակ»-ի էջերը գրական-գրականագիտական յօդուածներով, բանաստեղծութիւններով եւ տողերուն ետին տեղաւորուած ինքնութեան, հայկականութեան  եւ ազգային մտածողութեան նախադրեալները խմբագրած է ամենայն հմտութեամբ:

«Հիմա արդէն իր անունը ամրագրուած է թէ՛ Նաքքաշի ակումբին մէկ անկիւնը, ուր կը սիրէր ներկայ ըլլալ միշտ ու իր զրոյցներուն շուրջ համախմբել ընկերական անմիջական շրջանակ մը», ըսաւ Շահան Գանտահարեան:

Ան ըսաւ, որ խորհրդանշական բնոյթ կրող քայլով մը «Ազդակ»-ի յարկին տակ, արխիւային բաժանմունքը եւս կոչուեցաւ «Սարգիս Կիրակոսեան» անունով, որովհետեւ թերթի արխիւներուն մէջ բազմաթիւ են անոր ստորագրութիւնը կրող էջերը: Բանախօսը «Մարուխեան կոմիտէութեան այդ նախաձեռնութիւնը նկատեց երրորդ կարեւոր քայլը Ս. Կիրակոսեան անունը յաւերժացնելու` արդար նկատելով նման քայլ մը, որովհետեւ ան եղած է «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրի առաջին սիւներէն ու մեծապէս ծառայած կոմիտէութեան մէջ:

Շարունակելով իր խօսքը Շ. Գանտահարեան ըսաւ, որ այս հաւաքը առիթ է նաեւ արժեւորելու Սարգիս Կիրակոսեանի մէկ այլ արժանիքը, որ իր անունին  կարեւոր քանդակումին մասին անջնջելի վկայութիւններէն է: Ան դիտել տուաւ, որ Մեր յեղափոխական երգերը մեր գաղափարական լինելութեան, մեր երիտասարդական ու կուսակցական կազմաւորումին մէջ անփոխարինելի դեր ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ, իսկ Սարգիս Կիրակոսեան` երգերու բառերու ստեղծագործութեամբ, իր ուրոյն տեղը գրաւած է ժամանակակից մեր պատմութիւնը կերտած դէմքերու յիշատակի յաւերժացման մէջ:

(Խօսքին ամբողջութիւնը):

Ապա ցուցադրուեցաւ վիտէօ երիզ, որուն մէջ վկայութիւններ տրուեցան Սարգիս Կիրակոսեան ուսուցիչին, մտաւորականին եւ հրապարակագիրին մասին:

Անկէ ետք Սեւակ Քետիրճեան ընթերցեց Սարգիս Կիրակոսեանի գրութիւններէն:

Յայտագիրի աւարտին բացումը կատարուեցաւ Սարգիս Կիրակոսեանի անունը կրող գրասենեակին:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յիշենք Եւ Յիշեցնենք Ցեղասպանութենէն Վերապրածներուն Արհաւիրքը

Յաջորդը

Սարգիս Կիրակոսեանի Անուան Ամրագրման Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն
Գաղութային

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հոկտեմբեր 7, 2025
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում` «Պուրճ Համուտը Սփիւռքահայութեան Բաբախող Սիրտը» Խորագիրով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում` «Պուրճ Համուտը Սփիւռքահայութեան Բաբախող Սիրտը» Խորագիրով

Հոկտեմբեր 7, 2025
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Առցանց Նիստ
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Առցանց Նիստ

Հոկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?