Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ Ղազախստանի Մայրաքաղաք Ասթանայի Մէջ Գումարուող Միջազգային Միջկրօնական Համագումարին

September 18, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրաւէրով Ղազախստանի պետութեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մասնակցեցաւ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գումարուող միջկրօնական միջազգային վեհաժողովին, չորեքշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2025-ին: Վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի գրեթէ բոլոր կրօններու` քրիստոնէութեան, իսլամութեան, հրէութեան, պահայի, հինտուականութեան, պուտտայականութեան, շինթոյականութեան եւ այլ տեղական-աւանդական կրօններու հոգեւոր պետերը: Անոնց առընթեր նաեւ ներկայ էին միջազգային կրօնական կազմակերպութիւններու, միջկրօնական երկխօսութեան կառոյցներու եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան պաշտօնական ներկայացուցիչները: Յայտնենք, որ հոգեւոր պետերու վեհաժողովէն առաջ եւ անոր առընթեր, միջկրօնական բնոյթ ունեցող մասնագիտական նիւթերու սեմինարներ ու հաւաքներ կազմակերպուեցան:

Ինչ կը վերաբերի քրիստոնէական ներկայութեան, հոգեւոր պետի մակարդակի վրայ ներկայ էին ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ պատրիարքը, Երուսաղէմի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Թէոֆիլոս Գ. պատրիարքը, հայ եկեղեցւոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ Լեւոն ԺԴ. պապի անձնական ներկայացուցիչը: Արամ Ա. կաթողիկոսին կողքին վեհաժողովին ներկայ գտնուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան:

Հոգեւոր պետերու գագաթնաժողովին մասնակցեցան աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ:

Նշենք, որ վեհաժողովի բացման նիստին խօսք արտասանեց նաեւ վեհափառ հայրապետը:

Նոյն օրը, ի պատիւ ժողովականներուն, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Թոքայեւ պաշտօնական ճաշկերոյթ սարքեց:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ Բարեկամութիւնը Յաւերժական Է»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.