Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում` «Պուրճ Համուտը Սփիւռքահայութեան Բաբախող Սիրտը» Խորագիրով

October 7, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, 9-17 օգոստոս 2025-ին, Լիբանանի Տէր  Հարըֆի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղին տարեկան բանակումը, որ կը կրէր «Պուրճ Համուտը` սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտը» խորագիրը:

Մասնաճիւղի սկաուտական ութ խմբաւորումները ստանձնեցին եւ ներկայացուցին Պուրճ Համուտը խորհրդանշող եւ նշանաւոր դարձնող բաժիններ: Խումբերը ձեռային աշխատանքներով,  պատի թերթերով եւ օգտաշատ տեղեկութիւններով ներկայացուցին` Պուրճ Համուտի արհեստը, արուեստը, խոհանոցը, քարոզչական օրկանները, կրթական, մշակութային, ընկերաբժշկական կեդրոնները, բարեսիրական հաստատութիւնները, մարզական միութիւնները, միութենական կեանքը, հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ` ազգային արժէքները:

Ուրախութիւնը եւ Պուրճ Համուտի ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտը տիրած էր բանակավայրէն ներս: Օրերը լեցուն էին` մասնաճիւղի կայտառ անդամներու ժրաջան աշխատանքով, խաղերով, կանչերով եւ պարերով: Երեկոյեան խարուկահանդէսները տպաւորիչ մթնոլորտ մը ստեղծեցին մասնաճիւղի անդամներուն համար: Խանդավառ կանչերու պարերու եւ ուրախ մթնոլորտին կողքին, խարուկահանդէսները կը կրէին նաեւ ազգային բաժին, որուն ընդմէջէն անդամները ծանօթացան լիբանանահայ նահատակներու կենսագրականներուն, որոնք իրենց կեանքը ընծայեցին Հայ դատի յարատեւ պայքարին մէջ:

Բանակումի ընթացքին անդամները գործադրեցին տարեշրջանի ընթացքին ստացած իրենց այժմէական եւ սկաուտական զանազան գիտելիքները: Անոնք զարգացուցին իրենց մտային եւ ֆիզիքական կարողութիւնները` մասնակցելով օգտաշատ յայտագիրներու, արշաւներու, չարքաշ խաղերու եւ մարզական մրցակցութիւններու, ամրացնելով իրենց ընկերային կապերը եւ կերտելով անմոռանալի յիշատակներ:

Չորեքշաբթի, 13 օգոստոսի երեկոյեան բանակավայր պաշտօնական այցելութիւն տուին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը: Անոնք շրջեցան խումբերու բանակավայրերը եւ ծանօթացան իւրաքանչիւր խումբի ստանձնած թեմային: Երեկոյեան խարոյկը ճոխացուց Վիգէն Տիշչէքէնեանը` ընկերակցութեամբ Սագօ Պետրոսեանին:

Այս տարուան նորութիւններէն մէկն էր մասնաճիւղի վեթերան խմբապետներու մասնակցութիւնը տարեկան բանակումին: Անոնք բանակումին միացան ուրբաթ, 15 օգոստոսին, երկօրեայ այցելութեամբ: Անոնք մասնակցեցան զանազան յայտագիրներու, մրցակցական եւ յիշողութեան խաղերու, ինչպէս նաեւ միասնաբար անցուցին ուրախ ժամանակներ` վերյիշելով նախորդ բանակումներու անմոռանալի յիշատակները:

Ուրբաթ օրը նուիրուած էր աւանդական մասնաճիւղային յայտագիրին: Յայտագիրը սկսաւ Տէր Հարըֆի շրջանէն ներս ռալի փէյփըրով մը, որուն ընթացքին մասնաճիւղին անդամները խաղերու, հարցումներու եւ հետաքրքրական մարտահրաւէրներու ընդմէջէն լաւապէս ծանօթացան շրջանին եւ անոր բնակիչներուն: Ռալի փեյփըր-ին յաջորդեցին մրցակցական եւ հանգրուանային խաղեր բանակավայրէն ներս: Օրը լեցուն էր մասնաճիւղի անդամներուն ժպիտով եւ ուրախ կանչերով: Երեկոյեան խարոյկը պատրաստեցին վեթերան խմբապետները:

Շաբաթ, 16 օգոստոսին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտական 2024-2025 տարեշրջանի պաշտօնական փակման հանդիսութիւնը` պաշտօնական ներկայութեամբ:

Դրօշակի արարողութեան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խորհուրդին խօսքը արտասանեց Ժանեթ Տէր Ղազարեան, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը արտասանեց Ֆուատ Մուրատեան եւ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի խօսքը արտասանեց Միրէյ Հարմանտայեան: Տեղի ունեցաւ աստիճանատուչութիւն եւ մրցանակաբաշխութիւն: Սկաուտական 2024-2025 տարեշրջանը փակուեցաւ հայ կամաւորական գունդերու քայլերգով:

Պաշտօնական փակման հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ խարուկահանդէս: Մասնաճիւղի անդամները երգերով, պարերով, կենդանի պատկերներով եւ զանազան կատարումներով ներկայացուցին Պուրճ Համուտը` իր զանազան գոյներով:

Եւ այսպէս, հաճելի, անմոռանալի եւ անկրկնելի տարեշրջան մը կը փակէ իր էջը: Այս տարեշրջանին մասնաճիւղին անդամները մասնակցեցան 2 բանակումներու` Միջին Արեւելքի ցամաքամասային Ա. բանակում եւ մասնաճիւղային տարեկան բանակում, զոյգ բանակումներուն ապահովելով պատուաբեր արդիւնքներ: Զանազան ելեւէջներով հանդերձ, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը մնաց հանրութեան հաւատարիմ կամաւոր զինուորը, եղաւ իր խոստումին տէրը, մնաց իր հաստատ կամքին վրայ, ծիլ տուաւ պահանջատէր սերունդներու եւ բարձր պահեց մասնաճիւղին 90-ամեայ անմար ջահը:

 

Նախորդը

Տոմս. Ալիեւ Կը Խօսի Փաշինեանի Բերնով

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յիշենք Եւ Յիշեցնենք Ցեղասպանութենէն Վերապրածներուն Արհաւիրքը

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.