Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստագէտ Զոհրապի Գործերէն Մէկը Կը Նուիրուի ԼՕԽ-ին

September 23, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 սեպտեմբեր 2025-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ նշանաւոր արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեանի ստեղծագործութիւններէն գեղանկար մը նուիրուեցաւ ԼՕԽ-ին` ներկայութեամբ Զոհրապի զարմուհի Թալին Գանլէճեանի, արուեստագէտ Ժագլին Օհանեանի, Սեդա Խտըշեանի եւ Յակոբ Փանոսեանի:

Զոհրապ իր կտակին մէջ յիշած էր, որ իր գործերը բաժնուին, սփիւռքի եւ հայրենիքի ազգային կառոյցներուն: Անոր զարմուհին Զոհրապի գործերէն նուիրած է արդէն Զմմառու Սուրբ Տիրամօր վանքին, Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին եւ Հայկազեան համալսարանին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին:  ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախկին ատենապետներէն Սեդա Խտըշեանի միջնորդութեամբ եւ Յակոբ Փանոսեանի հետ բանակցութեամբ, ԼՕԽ-ը եւս բաժին մը ունեցաւ այս արժէքաւոր ժառանգէն:

Այս առիթով խօսք առաւ Ժագլին Օհանեան, որ անդրադարձաւ ընդհանրապէս արուեստին, յատկապէս` Զոհրապին:

«Արուեստ մը կը խօսի իր ժամանակաշրջանի դաստիարակչական, գեղարուեստական կամ տնտեսական մարզերուն մասին` ազդեցութիւն ունենալով ժողովուրդին վրայ, ան մարդիկ կը համախմբէ եւ ընկերութիւններ կը միացնէ: Արուեստագէտները ընդհանրապէս կ՛ունենան իրենց վարպետները, որոնցմէ կ՛ազդուին, անոնց կը հետեւին եւ համբաւ կը վայելեն: Սակայն Զոհրապ` իբրեւ ստեղծագործական անուն, ընտրած էր մեր գրականութեան մէջ ամէնէն մեծ դէմքերէն Գրիգոր Զոհրապի անունը, չէր ազդուած ոեւէ վարպետ արուեստագէտէ, ան ինքնատիպ էր եւ ինքնաշխատութեամբ ստեղծած էր ինքզինք», ըսաւ ան: Ապա Օհանեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Զոհրապի կենսագրականը: Զոհրապ ծնած է Հալէպ, 1943-ին, տնտեսական ծանր պայմաններէն եւ գաղթէն ազատելու համար 1962-ին կու գայ Լիբանան, ուր կը ծանօթանայ իտալացի արուեստագէտ Ճուլիանոյին, որուն աշխատանոցին մէջ գործելով` բաւական կը զարգացնէ իր արուեստը, եւ Ճուլիանօ պատճառ կը դառնայ, որ Զոհրապ մուտք գործէ Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանը, ուր 4 տարի ուսանելէ ետք կ՛աւարտէ եւ կ՛ուղղուի Իտալիա, Վատիկանի արուեստի դպրոց, ուր վանականներն ալ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան իր արուեստին վրայ եւ 1972-ին ոսկի յուշանուէր մը կը նուիրեն:

«Երբ Զոհրապ ըսենք, անմիջապէս մեր միտքը կու գայ հոգեւոր խորհրդապաշտութիւնը (religious symbolism): Վանականներուն կողքին, անոր մայրն ալ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է վրան` տան մէջ մնայուն կերպով Աստուածաշունչ կարդալով:

«Զոհրապ կ՛ըսէ, որ ժողովուրդները հետզհետէ կրօնէ կը հեռանան, ուստի ան իր գեղանկարներուն ընդմէջէն կ՛ուզէ պատգամ փոխանցել, թէ կրօնը շատ կարեւոր է մարդուս հոգեկանին, այդ ալ ուրիշ արուեստ մըն է` իրարու հետ համերաշխ ապրելու: Երբ ժողովուրդը Աւետարան չի կարդար, ապա գեղանկարներուն ընդմէջէն կրնար ծանօթանալ անոր:

«Այսօր կրնանք ըսել, որ միջազգային մակարդակի վրայ մեծ ճանաչում ունի Զոհրապ. ան ցուցահանդէսներ տուած է Եւրոպայի, Քուէյթի եւ Կիպրոսի մէջ: Ան չէր ուզեր վաճառել իր գործերը, կարծէք անոնք իր որդեգիր զաւակները ըլլային: Հպարտ ենք իրմով», շեշտեց Ժագլին Օհանեան:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութեան կողմէ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղուեցաւ հիւրերուն` իրենց ազնիւ նախաձեռնութեան համար:

Նախորդը

Նշմար. Գործնական Փոթորիկ Բոլո՛ր Ոճիրներուն Դէմ

Յաջորդը

Մուրինիօ Կը Ստանձնէ Պենֆիքայի Մարզիչի Պաշտօնը

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.