Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 14 սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մուսա Լերան 18 նահատակները» եւ «Լեռ փառապանծ» միացեալ գիրքի գինեձօնը:
Բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Այնթապլեան, որ նախ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներուն յիշատակը, ապա իր խօսքին մէջ յիշատակեց լեռ փառապանծը, կախարդական, սրբազան լեռը, որ փրկութեան լեռ եղած է մուսալեռցիներուն համար եւ շարունակեց մնալ անոնց մտապատկերին մէջ: Ան ըսաւ, որ քառասնօրեայ հերոսամարտը վկայակոչելով` բնականաբար կը յիշենք յատկապէս մեր 18 եւ միւս բոլոր նահատակները, որոնք մեզի ընկերակցեցան մեր պատմութեան ընթացքին, իսկ այդ լերան ոգին եւ նահատակներուն կտակը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին զանազան միջոցներով, բայց յատկապէս` գիր-գրականութեան ճամբով:
Յակոբ Այնթապլեան դիտել տուաւ, որ այսօր մեր տրամադրութեան տակ ունինք «Մուսա Լերան 18 նահատակները» եւ «Լեռ փառապանծ» վերահրատարակուած միացեալ գիրքը` շնորհիւ Վարուժան արք. Հերկելեանին եւ տէր եւ տիկին Եսայի Հաւաթեաններուն:
Աւարտին ան անդրադարձաւ Մուսա Լերան 110-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 86-ամեակի առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին` քաջալերելու նոր սերունդը եւ մղելու զանոնք իրենց գործօն մասնակցութեամբ շարունակելու Մուսա Լերան աւանդութիւններն ու սովորութիւնները:
Ապա Նարօտ Գառնէշեան կարդաց գիրքին հրատարակութեան առիթով Վարուժան արք. Հերկելեանի «Այնճար 18-ին յուշարձանը» յօդուածը, որուն մէջ Այնճար հայաւանը բնութագրեց իբրեւ 18 նահատակներու կենդանի ու ամէնէն ցայտուն յուշարձանը եւ կոչ ուղղեց` գուրգուրալու անոր հողի իւրաքանչիւր հատիկին վրայ, պահելու անոր իւրաքանչիւր քարի բեկորը այնպէս, ինչպէս փափաքեցան մեր 18 նահատակները:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Լիլիթ Աբրահամեան` «Բալենի» եւ «Սարի աղջիկ» երգերով:
Գիրքը ներկայացուց Եսայի Հաւաթեան, որ նախ անդրադարձ մը կատարեց օսմանեան լուծին տակ, ճնշիչ պայմաններու ենթակայ հայ ժողովուրդի կացութեան, երբ ան կը նկատուէր ստորադաս քաղաքացի, ենթակայ` թուրքին քմահաճոյքին եւ անոր կողմէ տնօրինուած ապօրինի տուրքերուն: Ան յիշեց, թէ այս բոլորէն անմասն չէր մնար Մուսա Լերան տարածաշրջանը, որ նոյնպէս ենթակայ էր ճնշումներու եւ հարկահաւաքներու կողոպուտին: Ապա մէջբերելով այդ ժամանակահատուածէն տարբեր դրուագներ` շեշտեց, թէ ինչպէ՛ս Մուսա Լերան ժողովուրդը պայքարած է անարդարութեանց դէմ եւ ի հարկին դէմ դրած եւ պաշտպանած է իր իրաւունքները: Ապա հակիրճ պատմական մը կատարեց 1890-1895-ին Մուսա Լեռ մուտք գործած Հնչակեան եւ 1908-ին գործելու սկսած Դաշնակցութիւն կուսակցութիւններուն: Ան անդրադարձաւ 1915-ի Մուսա Լերան հերոսամարտին` զայն բնութագրելով հետեւեալ կերպով. «Լեռ մը, հերոսական դիմադրութիւն մը, փրկութիւն եւ 18 նահատակներ»:
Ապա Եսայի Հաւաթեան խօսեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 110-ամեակին առիթով լոյս տեսած այս հատորին մասին, որ «Գառնի» մատենաշարի 47-րդն է, խմբագրութեամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի: Գիրքը ձօնուած է սփիւռքի մէջ գործած եւ գործող հայրենակցական միութեանց անդամ բոլոր հայորդիներուն, որոնք հայրենիքին համն ու հոտը վառ կը պահեն օտար երկինքներու տակ: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ 1930-ական թուականներէն Պէյրութի մէջ գործող Մուսա Լերան հայրենակցական միութիւններուն, որոնք աշխատած են իրերօգնութեան նպատակով եւ պայմաններու բերումով երբեմն ալ` դադրած, իսկ 1954-1955-ին ծնունդ առած է Մուսա Լերան ուսումնասիրաց միութիւնը Պէյրութի մէջ, որ ծաւալուն գործունէութիւն տարած է: Անոր կարեւոր աշխատանքներէն կը հանդիսանան 1960-ին հրատարակուած երկու փոքր գրքոյկները` «Մուսա Լերան 18 նահատակներ»-ը եւ «Լեռ փառապանծ»-ը:
Ան յայտնեց որ, «Գառնի» մատենաշարը, նկատի ունենալով 1960-ին ուսումնասիրացի կողմէ տպուած «Մուսա Լերան 18 նահատակները» եւ «Լեռ փառապանծ» գրքոյկներու ազգագրական եւ պատմական կարեւորութիւնը, մանաւանդ մեր նոր սերունդին համար, որոշեց վերահրատարակել զանոնք կարգ մը յաւելումներով եւ մէկ հատորով: Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Պէտք է կառչած մնալ Մուսա Լերան, անոր պատմութեան եւ ոգիին»:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը` ձեռամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ Եզեկիէլ վրդ. Սելլումեանի: Ապա Վարուժան սրբազան յղեց իր պատգամը, որուն մէջ ըսաւ. «Աղօթենք, որ Տէրը օրհնէ եւ Իր պահպանութեան տակ առնէ մեր ժողովուրդի բոլոր գրողներն ու բոլոր գիրք կարդացողները, որպէսզի մեր ժողովուրդը իր յիշողութինը չկորսնցնէ: Աղօթենք, որ վարձահատոյց ըլլան բոլոր անոնք, որոնք աշխատած են գիրքը ստեղծելու, հրատարակելու, մեկենաս ըլլալու եւ զայն կրկին ընթերցողին տրամադրութեան տակ դնելու»:
Ապա ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Եսայի Հաւաթեաններուն, որոնք ստանձնեցին գիրքին մեկենասութիւնը:
Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, որ այս գիրքը մեր հոգիները կը կերակրէ իր նահատակներով, կ՛աղօթենք, որ Աստուած հանգիստ տայ մեր ննջեցեալներուն, իմաստութիւն` մեր երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք կարդան այս գիրքը, իրենց յիշողութեամբ երթան անցեալ ու անցեալէն անցնին դէպի ապագայ:
Աւարտին գիրքէն օրինակ մը նուէր բաժնուեցաւ իւրաքանչիւր ընտանիքի, եւ գիրքերը մակագրուեցան սրբազան հօր կողմէ: