Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

October 2, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս ընկերային ցանցերու վրայ տարբեր կազմակերպութիւններու եւ անհատներու կողմէ նորութիւններ եւ տեղեկատուութիւն տարածելու երեւոյթը հետզհետէ աւելի կ՛աճի: Այս անհատներէն ոմանք տեղեկատուութիւն կը տարածեն անկեղծօրէն եւ արհեստավարժ կերպով` ազնուօրէն կատարելով իրենց լրատուական պարտականութիւնները: Այս անհատներուն մեծ մասը լրատուամիջոցներու ոլորտին մէջ մեծ փորձառութիւն ունեցող հաստատութիւններ եւ անհատներ են: Սակայն միւսները իրենք իրենց կ՛արտօնեն լուրեր եւ տեղեկատուութիւն պատահականօրէն տարածել` առանց փաստերը հետաքննելու եւ ստուգելու, ինչպէս նաեւ առանց յուսալի եւ գիտակ աղբիւրներէ տեղեկատուութիւն ստանալու:

Այս երեւոյթի վերջին օրինակը շրջանառուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին` «Պուրճ Համուտի տարածքին մէջ պայթուցիկներու» յայտնաբերման մասին: Սակայն իրականութիւնը այն է, որ նիւթերը իրականութեան մէջ յայտնաբերուած են Պուրճ Համուտէն դուրս եւ ունեցած են այլ բնոյթ:

Նման կեղծ տեղեկատուութեան շրջանառութիւնը, հաւանաբար կը յանգեցնէ բնակիչներու մօտ խուճապի եւ վախի ստեղծման, ինչպէս նաեւ ապահովական կայունութեան քայքայման, ինչպէս նաեւ կրնայ ժխտական անդրադարձ ունենալ աշխատանքներուն եւ առեւտրական շուկային վրայ:

Հաշուի առնելով այս երեւոյթի կրկնութիւնն ու շարունակութիւնը, ինչպէս նաեւ ատոր պատճառած բարոյական, ընկերային, նիւթական եւ տնտեսական վնասները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը առնչակից կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` առանց անոնց ճշգրտութիւնը համապատասխան մարմիններէն ստուգելու տեղեկատուութեան տարածումէն եւ հրապարակումէն զերծ մնալու:

Ան նաեւ կը զգուշացնէ, որ պիտի չտատամսի իրաւական քայլերու ձեռնարկել անոնց դէմ, որոնք դիտաւորեալ կամ ոչ դիտաւորեալ կերպով բարոյական կամ նիւթական վնաս կը պատճառեն շրջանին եւ անոր ժողովուրդին:

Քաղաքապետարանը նաեւ բնակիչներուն եւ այցելուներուն կոչ կ՛ուղղէ` տեղեկութիւն ստանալու համապատասխան մարմիններէն, հաւաստի եւ յայտնի լրատուամիջոցներէն ու աղբիւրներէն, եւ զերծ մնալու անյայտ աղբիւրներէն ստացուած ոչ հաւաստի եւ չհաստատուած «լուրերու» տարածումէն կամ հրապարակումէն:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Նախորդը

Եւրոպական Դատարանը Պաքուէն Հայ Գերիներու Մասին Հաշուետուութիւն Կը Պահանջէ

Յաջորդը

«Աշխարհը Պատերազմի Կամ Խաղաղութեան Խաչմերուկի Վրայ Կանգնած Է» Կ՛ըսէ Չինաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.