ՀԵԸ-ի Հիմնադրութեան 85-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն
Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան հիմնադրութեան 85-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Էմիլ Լահուտ»-ի անուան համագումարներու պալատին մէջ, հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Շրջանային յանձնաժողովին եւ կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան: Յոբելենական հանդիսութեան պաշտօնական բացումէն առաջ հանդիսասրահի մուտքին ցուցատախտակներու վրայ զետեղուած էին միութեան բոլոր մարզերու գործունէութիւններու արխիւային նկարներու հաւաքածոներ: Ձեռնարկին նախորդեց տողանցք` «Տեմիրճեան» կեդրոնէն հանդիսութեան սրահ: Պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ...




















