Սուրիոյ Խորհրդարանի Նիստին Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Դրոշմաթուղթ Հրապարակելու Դիմում Ներկայացուց
«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէր, որ 19 հոկտեմբեր 2016-ի Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին, որուն ներկայ կը գտնուէր Կապի եւ Ճարտարագիտութեան նախարար Ալի Զաֆիր, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեան ելոյթ ունեցաւ եւ պաշտօնական դիմում ներկայացուց` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած դրոշմաթուղթ հրապարակելու: Իր դիմումին մէջ դոկտ. Արիսեան ըսաւ. «Առաջարկով կը դիմեմ փոստային հաստատութեան հրապարակելու յատուկ նիւթերով դրոշմաթուղթեր, որոնք նուիրուած ըլլան Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին իրագործուած...




















