Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան հիմնադրութեան 85-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Էմիլ Լահուտ»-ի անուան համագումարներու պալատին մէջ, հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Շրջանային յանձնաժողովին եւ կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան:
Յոբելենական հանդիսութեան պաշտօնական բացումէն առաջ հանդիսասրահի մուտքին ցուցատախտակներու վրայ զետեղուած էին միութեան բոլոր մարզերու գործունէութիւններու արխիւային նկարներու հաւաքածոներ: Ձեռնարկին նախորդեց տողանցք` «Տեմիրճեան» կեդրոնէն հանդիսութեան սրահ:
Պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի քայլերգներով ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» շեփորախումբին կատարողութեամբ, խմբավարութեամբ` մայեսթրօ Կարօ Կէօքէօզեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ուատիհ Ապտել Նուր, որ ըսաւ, թէ ՀԵԸ-ի 85 տարիները եղած են նուիրումի ու ծառայութեան տարիներ, որոնք նոյն թափով ալ պիտի շարունակուին յառաջիկայ տարիներուն:
Վարդան Մկրտիչեանի բեմադրութեամբ ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէ ՀԵԸ-ի մշակութային, մարզական, ընկերային գործունէութիւնները` հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր:
ՀԲԸՄ- Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան խօսքը արտասանեց Վիգէն Չերչեան, որ ըսաւ, թէ յոբելենական տարիները առիթ են պահ մը կանգ առնելու, անցեալի գործունէութիւնը արժեւորելու եւ վաղուան օրը ծրագրաւորելու, ապա դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս ՀԲԸՄ-ը իր հիմնադրութենէն ետք դարձած է աշխարհացրիւ հայութեան վստահութեան ապառաժը, եւ իր կոչումով, ծառայութիւններուն եւ իրագործումներուն շնորհիւ դարձած է հայ մտքի եւ ոգիի կոթողը, հայ ժողովուրդի յոյսի եւ հաւատքի խորհրդանիշը, հայկական ազգային գիտակցութեան եւ ժառանգութեան պահապանը: Ան նշեց, որ ՀԵԸ-ի հիմնական նպատակն է սատարել նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ կազմաւորման, երիտասարդութեան մէջ զարգացնել մարդկային, ազգային եւ քաղաքացիական գիտակցութիւնը, սէր եւ նուիրում սերմանել հայրենիքին, ազգին, եկեղեցիին եւ պանծալի մշակոյթին նկատմամբ:
Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Պիտի շարունակենք մեր հայրենակիցներուն ազգային- հայրենասիրական ուղեգիծը: ՀԵԸ-ի 85-ամեակը 85 տարիներու ամէնօրեայ ներկայութեան ամբողջանուէր ծառայութեան եւ մնայուն իրագործումներու հանգանակ է: Հաւաքական ուժը եւ միասնակամութիւնը եղած են մեր յաջողութեան գրաւականները: Հաւաքական կամքին եւ աշխատանքին շնորհիւ երբեք չենք ընկրկած դժուարութիւններուն առջեւ, վստահութեամբ, հաւատքով եւ լաւատեսութեամբ կը նայինք ապագային»:
Ելոյթ ունեցաւ Խաչատուրեան Թրիոն` Արմինէ Գրիգորեան` դաշնակ, Կարէն Շահգալդեան` ջութակ, Կարէն Քոչարեան` թաւջութակ:
Երիտասարդութեան խօսքը արաբերէնով ներկայացուց Յակոբ Ճղըլեան: Ան ըսաւ, որ միութիւն մը կը զարգանայ, երբ կը համալրուի նոր ուժերով, իսկ նոր ուժի ներկայացուցիչները երիտասարդներն են, բայց անոնք որքան ալ նորութիւններով զինուած ըլլան, անպայման կարիք պիտի ունենան իրենց նախնիներուն եւ երէցներուն իմաստութեան ու մանաւանդ փորձառութեան: Ան նշեց, որ երիտասարդները պարտաւոր են իրենց կարելիութիւնները եւ կարողութիւնները ի սպաս դնել ՀԵԸ-ի զարգացման: Յ. Ճղըլեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Անձնազոհութեամբ ու նուիրումով պիտի տանինք մեր ուսերուն վրայ դրուած մեր միութիւնը պահելու սուրբ գործը»:
Հանդիսութեան փակումը կատարեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը (գեղարուեստական ղեկավարութեամբ` Գայեանի Մածունեանի)` ներկայացնելով հայկական պարարուեստէն պատկերներ: