Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զմմառեան Միաբանութեան Ժառանգաւորացին Մէջ Նշուեցան Զոյգ Յոբելեաններ

October 10, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

zmmar_10916Շաբաթ, 8 հոկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր Զմմառու վանքի երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքին եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանին մէջ: Այդ օր երկու յոբելենական տօներ միանգամայն նշուեցան` Թարգմանչաց երախտաւորներու` գիրերու գիւտին 1610-ամեակն ու Մարտինի առաջնորդ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի` Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ 7 հոկտեմբեր 2001-ին երանացման 15-ամեակը. երանացումը սրբազան քահանայապետին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անթաքոյց մէկ արտայայտութիւնն էր, եւ այդ բարեբաստիկ օրէն ի վեր Զմմառեան միաբանութեան Ժառանգաւորաց բաժանմունքը անուանուեցաւ երանելիին յիշատակին եւ յանձնուեցաւ իր բարեխօսութեան:

Զմմառեան միաբանութենէն Մարտինի թեմի առաջնորդ Իգնատիոս արք. Մալոյեան նահատակուեցաւ յանուն հաւատքի ու հայրենեաց եւ անով իսկ դարձաւ զոհաբերութեան գերագոյն վկան: Ան իր մարտիրոսութեան անթառամ պսակը ճակտին դասուեցաւ ո՛չ միայն հայ, այլեւ համայն աշխարհի Երանելիներու սրբազան փաղանգին, եւ իր յառաջատարի պատուաւոր տեղը գրաւեց երանելիներու համաշխարհային հոյլին մէջ: Ան արժանաւոր շառաւիղը դարձաւ Թորգոմին` մեր նախահօր, որովհետեւ նախընտրեց հաւատարիմ մնալ իր կրօնին, հայրենիքին եւ մեր գոյութեան կռուան հայոց լեզուին ու մշակոյթին, որուն 1610-ամեակը նշուեցաւ շաբաթ օր:

«Սեփական գիրի եւ լեզուի նուիրուած տօն ունենալը, կարելի է ըսել, իւրայատուկ երեւոյթ է համաշխարհային իրականութեան մէջ, երբ ազգ մը ամբողջ կը տօնէ ու կը մեծարէ իր գիրն ու գրականութիւնը` անոր տալով ազգային ու կրօնական նշանակութիւն: Հայոց ոսկեղնիկի գիւտով լիովին ամբողջացաւ հայ ազգի ձեւաւորման բարդ ու դժուար հոլովոյթը եւ ուրուագծուեցաւ անոր մշտնջենականութիւնը երաշխաւորող ուղին, իսկ այդ գիւտին շնորհիւ քրիստոնէութիւնը ո՛չ միայն վերջնականապէս ու ամբողջապէս հաստատուեցաւ Հայաստան աշխարհի մէջ` իբրեւ միակ ու ճշմարիտ կրօն, այլ անիկա դարձաւ օրկանական եւ անքակտելի մէկ մասնիկը հայ մարդու խառնուածքին ու հոգեկերտուածքին»:

Զմմառեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի «հայ մարդու խառնուածքին ու հոգեկերտուածքին մէջ»:

Զմմառեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան վերոյիշեալ խօսքերը արտասանելէ ետք աւելցուց. «Հայոց այբուբենին շնորհիւ հայոց լեռնաշխարհը դադրեցաւ զուտ աշխարհագրական տարածք ըլլալէ` վերածուելով լոյսի եւ գիտութեան փարոսի, որուն շնորհիւ բուռն ծաղկում եւ զարգացում ապրեցան այդ օրերուն գիտութեան յայտնի գրեթէ բոլոր ճիւղերը, ինչպէս նաեւ արուեստի ու մշակոյթի զանազան մարզերը»:

Տեսուչ հայր սուրբը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Գիրերու գիւտը խթանեց հայ հանճարին ինքնագերազանցումին գնով հասնելու համաշխարհային չնուաճուած բարձունքներու եւ աշխարհին ապացուցելու, որ չկան փոքր ազգեր կամ ժողովուրդներ, այլ կան

ապրելու եւ արարելու ունակ ազգեր, որոնք թէեւ փոքրաթիւ են ու ցրուած, սակայն համամարդկային առումով իրենց ունեցած ներդրումներուն շնորհիւ արժանի են համաշխարհային հարթակներու վրայ յառաջատար դիրքեր գրաւելու»:

Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի բանախօսութենէն ետք, սաները հնչեցուցին «Ո՛վ մեծասքանչ դու լեզու» ստեղծագործութիւնը, այնուհետեւ դպրեվանքի փոխ տեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի առաջնորդութեամբ ժառանգաւորներն ու

նորընծաները ուղղուեցան Զմմառեան  միաբանութեան մատենադարանը, ուր մօտէն ծանօթացան այնտեղ խնամքով պահպանուած հնատիպ գիրքերուն, որոնք թարգմանչաց երախտաւորներուն աւանդն են:

ԶՄՄԱՌԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐԱՑ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

«Հրանդ Տինք» Հիմնարկի Եւ «Համազգային»-ի Գործակցութեամբ Հայկական Ինքնութեան Վերաբերող Գիտաժողով` Պոլսոյ Մէջ

Յաջորդը

Շեշտելով Թարգմանչական Կեդրոնի Մը Հաստատման Հրամայականը` «Թարգմանչաց Տօնը Մեր Մեծագոյն Տօնն Է» Ընդգծեց Դոկտ. Ժան Սալմանեան

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.