Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Հալէպի Ծառայողական Մարզը Կը Բարելաւուի, Կրկին Կ՛արձանագրուին Զոհեր Եւ Վիրաւորներ. Վիրաւորներուն Մէջ Է Հայուհի Մը

October 14, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

viravorner_101316

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ Հալէպի մէջ սուրիական բանակը օրեր շարունակ արեւելեան շրջանի եւ Հին Հալէպի զինեալներուն կոչ կ՛ուղղէ վար առնելու զէնքերը` խնայելու համար արիւնահեղութիւնն ու մասնակցելու հաշտութեան հոլովոյթին:

Սուրիական բանակը կը շարունակէ յառաջխաղացք արձանագրել, իսկ Հալէպի նոր նշանակուած նահանգապետը զգալիօրէն բարելաւել սկսած է քաղաքի ծառայողական մարզը:

Շարք մը թաղամասերու անցարգելները զանց առնուած են, որուն շնորհիւ երթեւեկը նկատելիօրէն բարելաւուած է: Նախորդ երկու տարիներուն քաղաքին մէջ, հրթիռակոծումներուն եւ բուռն բախումներուն հետեւանքով համարեա՛ զանց առնուած էր ոստիկանական ծառայութիւնը, այս օրերուն ոստիկաններ վերահսկել սկսած են քաղաքի գլխաւոր հրապարակներուն երթեւեկը: Ջուրի մատակարարումը վերսկսած է երկու օրէ ի վեր, իսկ համացանցի ծառայութիւնը` երկու տարուան խափանումէն ետք վերաշխուժացած:

Մինչ այդ, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն հրթիռակոծել խաղաղ բնակչութիւնը:

Երէկ հրթիռակոծուեցան Հալէպի Թելեֆոն Հաուայի, Սուլէյմանիյէ, Շէյխ Թահա, Նոր Գիւղ եւ այլ շրջաններ:

Թելեֆոն Հաուայիի մէջ հրթիռակոծուեցաւ Հաթեմ Թայի պետական վարժարանը, ուր զոհուեցան երկու մանուկներ, վիրաւորուեցան 5 ուրիշներ:

Նոր Գիւղի մէջ հրթիռակոծուեցաւ Սիս ազգապատկան համալիրի 3-րդ շէնքի յետսամասը: Վիրաւորուեցաւ Լետա Կիւլիւզեան:

Փուլ եկան շէնքին կարգ մը պատշգամները:

Շտապ օգնութեան տղաքը Լետա Կիւլիւզեանը փոխադրեցին «Ազի» հիւանդանոց: Անոր վիճակը կայուն է:

Այս լարուած վիճակին լոյսին տակ Սուլէյմանիէի եւ Վիլլաներու շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական վարժարաններու աշակերտները ներքնասրահներ տեղափոխուեցան ապահովական նկատառումներով:

 

 

Նախորդը

«Այս Համերգիս Համար Ժողովուրդիս Կը Փորձեմ Հասնիլ Տարբեր Ազդակներով, Ինչպէս Հայկական Մեր Ժողովրդային Երգերը` Տեղաւորուած Ճազ Երաժշտութեան Մեղեդիներուն Մէջ» Կ՛ըսէ Րաֆֆի Մանտալեան

Յաջորդը

Նոր Գեղանկար Մը` «Ազդակ»-ին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.