Սուրիա. «Արտակարգ Պատուանշան»-ի Տուչութիւն ՀՄԸՄ-ական Վաստակաշատ Երէց Եղբայր Զաւէն Տերվիշեանի
Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Լաթաքիոյ մէջ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. վարչութիւնը ստանձնեց ՀՄԸՄ-ական վաստակաշատ երէց եղբայր Զաւէն Տերվիշեանին յանձնելի ՀՄԸՄ-ի բարձրագոյն «Արտակարգ պատուանշան»-ը: Այս առիթով, հինգշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. վարչութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Շրջ. սկաուտ խորհուրդին եւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան ու սկաուտ խորհուրդին ընկերակցութեամբ, այցելեց ՀՄԸՄ-ական վաստակաշատ երէց եղբայր Զաւէն Տերվիշեանին` հանդիսաւոր կերպով գնահատելու զինք իր տարած ազգանուէր...




















