Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ ՀԵԸ «Խօսնակ» Պաշտօնաթերթին. Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան Ներկայացուց «Պոլսահայ Գրականութիւնը» Նիւթը

January 21, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին, երէկ` ուրբաթ, 20 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Պոլսահայ գրականութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը: Օրուան բանախօսն էր հայրենի գրականագէտ, «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն եւ Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. դոկտ. Սուրէն Դանիէլեան:

«Խօսնակ»-ի խմբագրական կազմին, ինչպէս նաեւ «Խօսնակ» մշակութային յանձնախումբին անունով ելոյթ ունեցաւ Անժել Միսիսեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց զեկուցաբերին կենսագրականը եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու իր նիւթը:

«Մեզի համար գրականութիւնը տօն է եւ գրականութիւնն է, որ մեզ կը համախմբէ», ըսաւ փրոֆ. դոկտ. Սուրէն Դանիէլեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան: Ան յայտնեց, որ «Պոլսահայ գրականութիւնը» նիւթը ընտրած է, որովհետեւ այդ գրականութիւնը մայր ակունքն է բոլորիս համար: Ան նկատել տուաւ, որ 1920-ական թուականներուն կարելի էր ըսել, որ մեր գրականութիւնը զարգացման փուլ անցնելով կրցաւ ինքզինք հաստատել ոչ միայն հայ գրականութեան, այլեւ համաշխարհային գրականութեան շրջագիծին մէջ դառնալով լաւագոյններէն մէկը: Դանիէլեան ըսաւ, որ պոլսահայ գրականութիւնը զարգացման որոշ փուլերէ անցաւ` աւելցնելով, որ 1915-ին զոհ գացին լաւագոյն հեղինակները, եւ «մեր գրականութեան ծաղիկը արմատախիլ եղաւ»: Փրոֆ. Ս. Դանիէլեան նաեւ ըսաւ, որ 1930-ական թուականներուն բանաստեղծութեան մէջ ցոյց տուին, որ Պոլիս կը շնչէ եւ իր խորքին մէջ ունի հզօր ձայն մը: Պոլսոյ լաւագոյն օրերը 1980-ական թուականներուն ապահովեցին երկու հրաշալի բանաստեղծներ Զահրատ եւ Զարեհ Խրախունի, նաեւ արձակագիրներ Զաւէն Պիպէրեան եւ «Մարմարա» թերթի խմբագիր Ռոպեր Հատտէճեան: Դանիէլեան հաստատեց, որ պոլսահայ բանաստեղծութիւնը Զահրատով եւ Զարեհ Խրախունիով յանդգնեցաւ ներկայացնել հայ գրականութիւնը ընդհանուր խորքի վրայ` լաւ, վատ, նոր եւ առարկայական: Ան օրինակներ բերաւ Զ. Խրախունիի բանաստեղծական հաւաքածոներէն` «Կաթիլներ, կաթիլներ», «Լեռն ի վեր», «Հոգեհանգիստ», «Դրօշը» եւ այլն, մէջբերումներ կատարելով անոնցմէ եւ զանոնք վերլուծելով:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ «Խօսնակ»-ի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, որ մեծապէս գնահատեց փրոֆ. Դանիէլեանի ինքնավստահութիւնը եւ անոր ունեցած մտահոգութիւնը սփիւռքահայ գրականութեան նկատմամբ: Այնուհետեւ Մարտիրոսեան «Խօսնակ»-ի անունով յուշանուէր մը յանձնեց բանախօսին` առ ի երախտագիտութիւն:

Ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Մարալ Առնելեան, որ ասմունքեց Զարեհ Խրախունիի «Ուրիշներ» բանաստեղծութիւնը, Արփի Աւետիքեան` Զահրատի «Լու» բանաստեղծութիւնը, իսկ Յակոբ Զարմէնեան մեկնաբանեց «Գետաշէն» երգը:

 

Նախորդը

Պատառիկներ Տիրան Աղազարեանի Մասին

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարան. Ռոպերթ Դաւիթեանի «Էն. Վի. Ժըն» Ցուցահանդէսի Անդրանիկ Բացումը` Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.