Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Լաթաքիոյ մէջ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. վարչութիւնը ստանձնեց ՀՄԸՄ-ական վաստակաշատ երէց եղբայր Զաւէն Տերվիշեանին յանձնելի ՀՄԸՄ-ի բարձրագոյն «Արտակարգ պատուանշան»-ը:
Այս առիթով, հինգշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. վարչութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Շրջ. սկաուտ խորհուրդին եւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան ու սկաուտ խորհուրդին ընկերակցութեամբ, այցելեց ՀՄԸՄ-ական վաստակաշատ երէց եղբայր Զաւէն Տերվիշեանին` հանդիսաւոր կերպով գնահատելու զինք իր տարած ազգանուէր ծառայութեան համար եւ «Արտակարգ պատուանշան»-ը յանձնելու անոր:
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան ատենապետ Մանուկ Քէօշկէրեան խօսք առնելով` ըսաւ, որ Սուրիոյ Շրջ. վարչութիւնը գեղեցիկ մտայղացումը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 98-ամեակին եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հռչակած «Ծառայութեան տարուան» զոյգ առիթներով պարգեւատրել եւ գնահատել վաթսուն տարիներու ծառայութիւն ունեցող Զաւէն Տերվիշեանը, որուն անմիջապէս ընդառաջեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը` նկատի ունենալով միութեան շարքերէն ներս Տերվիշեանի երկարամեայ ծառայութիւնը որպէս խմբապետ, խորհուրդի անդամ, մարզանքի ուսուցիչ ու վարչական:
Քէօշկէրեան ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները յայտնեց անոր` ցանկալով քաջառողջութիւն եւ արեւաշատ օրեր:
Այնուհետեւ ան երէց եղբօր յանձնեց Կեդրոնական վարչութեան կողմէ շնորհուած ՀՄԸՄ-ի «Արտակարգ պատուանշան»-ը եւ ՀՄԸՄ-ի մետալը` առ ի երախտագիտութիւն ու գնահատանք եղբօր տարած արդիւնաւէտ աշխատանքին: Ապա տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:
Զաւէն Տերվիշեան, մեծապէս զգացուած, շնորհակալական խօսքերով իր մեծ սէրն ու յարգանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին:
Հանդիպումը փակուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով: