18-20 յունուար 2017, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը` մասնակցութեամբ զանազան թեմերէն յիշեալ մարմիններուն անդամ հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու: Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները ունեցան առանձին նիստեր եւ ընդհանրական բնոյթ ունեցող օրակարգային հարցերու գծով անոնք ունեցան նաեւ խառն հանդիպումներ: Նիստերու ընթացքին զանազան նիւթերու շուրջ տրուեցան զեկուցումներ, տեղի ունեցան քննարկումներ եւ ապա իւրաքանչիւր հարցի շուրջ եզրափակիչ խօսքը կատարեց վեհափառ հայրապետը: Քննարկումներուն առընթեր, նաեւ տրուեցան շարք մը որոշումներ` յառաջիկայ շրջանին համար գործադրելի: Վեհափառ հայրապետը իր բացման թէ փակման խօսքերուն մէջ ընդգծեց հետեւեալ կէտերը.
ա) Մեր եկեղեցւոյ կողմէ կատարուած որեւէ աշխատանք սովորական գործունէութիւն չէ, այլ իր էութեամբ ու նպատակով առաքելութիւն է. հետեւաբար, այս հայեցակէտով պէտք է արժեւորել մեր Ս. աթոռին կողմէ կատարուած որեւէ աշխատանք: բ) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը պէտք չէ դիտել նեղ շրջագիծի մէջ, այլ համահայկական ծիրին մէջ` իր կրօնական ու ազգային երեսներով, տարածքներով ու արտայայտութիւններով: գ) Մեր աթոռը իր առաքելութիւնը կը կատարէ համարատուութեան ու պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ` հեռու քարոզչական եւ զգացական մօտեցումներէ: Հետեւաբար, կատարուած աշխատանքի արժեւորումը պէտք է ըլլայ իրապաշտ մօտեցումով: դ) Մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը կատարուի ներկայ յարափոփոխ աշխարհին մէջ. հետեւաբար, մեր աշխատանքներն ու ծրագրումները պէտք է ըլլան համահունչ մեր ժողովուրդին ներկայ պայմաններուն, բնականաբար առանց հեռանալու մեր եկեղեցւոյ ու ազգին հիմնական արժէքներէն ու աւանդութիւններէն:
Ստորեւ ամփոփ գիծերով կը ներկայացնենք կատարուած քննարկումներուն եւ տրուած որոշումներուն ընդհանուր պատկերը.
1) Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան մայր ջիղն է: Հայ եկեղեցւոյ պարագային, կարելի չէ անջատել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը հայեցի դաստիարակութենէն: Մեր ժողովուրդի ներկայ պայմանները, յատկապէս սփիւռքի մէջ, կը պարտադրեն, որ հայ մարդու քրիստոնէական ու ազգային կազմաւորումը կատարուի դաստիարակութեան այս երկու տարածքներու ներդաշնակ կիրարկումով: Այս ծիրին մէջ, ընտանիքը, դպրոցը եւ եկեղեցին առանցքային դեր ունին կատարելիք: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը թէ՛ ազգային վարժարաններու եւ թէ՛ քրիստոնէական դաստիարակութեան առնչուած ծրագիրներու ճամբով, պէտք է շարունակէ յատուկ կարեւորութիւն ընծայել քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան: Հետեւաբար, կրօնի դասաւանդութիւնը հայ դպրոցին մէջ կարիք ունի առաւել կազմակերպման: Իսկ քրիստոնէական դաստիարակութեան գծով ժողովրդային հրատարակութիւնները, Սուրբ գրոց սերտողութիւնները, ընկերային ցանցերու ազդու գործածութիւնը, ընկերաբարոյական հարցերու շուրջ դասախօսութիւններու կազմակերպումը անհրաժեշտ է որ շարունակուին մասնաւորաբար ծուխերուն մէջ: Կաթողիկոսարանը այս ուղղութեամբ միշտ պատրաստ է միաբան հայրերու ճամբով եւ այլ միջոցներով առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալու մեր թեմերուն մէջ կատարուող աշխատանքներուն:
2) Երիտասարդութիւնը պէտք է մնայ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան սեւեռակէտը: 2009 տարին վեհափառ հայրապետը «Երիտասարդութեան տարի» հռչակած էր: Այս նախաձեռնութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ, որ մեր թեմերը յատուկ կարեւորութիւն ընծայեն երիտասարդութեան` շարք մը գործնական քայլերու դիմելով: Վեհափառ հայրապետը յաճախակի կերպով հանդիպումներ ու երկխօսութիւններ ունեցած է երիտասարդներուն հետ: Երիտասարդական միութիւններ ստեղծուած են ու հաւաքներ կազմակերպուած` թէ՛ թեմական եւ թէ՛ կաթողիկոսութեան մակարդակներուն վրայ: Անհրաժեշտ է, որ այս աշխատանքները շարունակուին` հեռու մնալով ձեւական նախաձեռնութիւններէ եւ կարեւորութիւն տալով երիտասարդութիւնը յուզող հարցերու քննարկման, ինչպէս նաեւ երիտասարդները համախմբելով մեր եկեղեցւոյ ու գաղութներուն շուրջ: Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է հաղորդ դարձնել մեր երիտասարդները հայերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով երիտասարդութեան առնչուած վեհափառ հայրապետի գրութիւններուն:
3) Միջեկեղեցական շարժումը եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկն է: Մեր աթոռին աշխուժ ներկայութիւնը այս շարժումին մէջ կը շարունակուի թէ՛ միջեկեղեցական կառոյցներու եւ թէ՛ աստուածաբանական երկխօսութիւններու ճամբով: Գլխաւոր եկեղեցիներուն եւ եկեղեցական ընտանիքներուն հետ եւս մեր աթոռին երկկողմանի յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը վերանորոգ թափով կը շարունակուի: Անհրաժեշտ է, որ մեր թեմերուն մէջ եւս միջեկեղեցական շարժումին յատուկ կարեւորութիւն տրուի` շեշտը դնելով գործակցութեան վրայ:
4) Միջկրօնական յարաբերութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ դարձած է հրամայական: Այս շրջագիծին մէջ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ստացած են ո՛չ միայն Միջին Արեւելքէն, այլեւ բոլոր ընկերութիւններու կեանքին մէջ: Մեր Ս. աթոռը կը շարունակէ հետեւողական մասնակցութիւն բերել քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը աւելի ամրապնդող բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Թելադրելի է, որ թեմերուն մէջ եւս տեղական պայմաններուն համապատասխան մօտեցումով մասնակից դառնանք նման աշխատանքներու:
5) Դպրեվանքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեանքին ու առաքելութեան մէջ առանցքային տեղ կը գրաւէ: Հոգեմտաւոր կազմաւորումի ճամբով դպրեվանքը մշակներ կը պատրաստէ հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուելու: Ողջունելով մարդուժի պատրաստութեան գծով դպրեվանքին կատարած կարեւոր իրագործումները վերջին տարիներուն` շեշտուեցաւ բոլոր թեմերուն մէջ նոր աշակերտներ արձանագրելու հրամայականը:
6) Քահանայից պատրաստութեան դասընթացքը կրթական անկախ միաւոր մըն է հաստատուած Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Դասընթացքին մասնակցող սարկաւագներ ու քահանայացուներ, նաեւ յատուկ դասերու կը հետեւին դպրեվանքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանին մէջ: Վերջին տարիներուն վերակազմակերպուեցաւ յիշեալ կառոյցը` նոր դասանիւթերու եւ ուսուցիչներու յաւելումով: Այս ծիրին մէջ վերաշեշտուեցաւ տուեալ թեմերու մէջ ծառայելու կոչուած քահանայացուներու ընտրութիւնը նոյն թեմերուն մէջ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
7) Յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծուեցաւ Եպիսկոպոսաց ժողովի աշխատանքներուն շարունակումը: Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը ունենալով իբրեւ հիմնական նպատակ` Եպիսկոպոսաց ժողովները իրենց աշխատանքները պէտք է դարձնեն աւելի կազմակերպ ու հետեւողական, քննելով յատկապէս այնպիսի նիւթեր, որոնք մեր եկեղեցւոյ ներկայ կեանքին ու առաքելութեան հետ սերտ աղերս ունին ու կը ծառայեն մեր եկեղեցին ժողովուրդի կեանքին մէջ դարձնելու կենդանի ներկայութիւն:
8) Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը, մասնաւորաբար մեր եկեղեցւոյ ընդհանրական հարցերուն ու համահայկական խնդիրներուն շուրջ, նկատուեցաւ յոյժ կարեւոր: Անցնող տարիներու գործակցութիւնը պէտք է խթան դառնայ աւելի ամրապնդելու մեր եկեղեցւոյ ներքին միութիւնը` բնականաբար նկատի ունենալով կրօնաքաղաքական տարբեր միջավայրերու մէջ գործող նուիրապետական մեր սուրբ աթոռներու ներքին դրուածքները, իւրայատկութիւնները եւ դիմագրաւուող մարտահրաւէրները:
9) Հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներուն հետ հայ եկեղեցւոյ գործակցութեան ծաւալումը միշտ պէտք է մնայ առաջնահերթութիւն` մեկնելով համահայկական մտածողութիւնն ու գործակցութիւնը առաւել արմատացնելու յանձնառութենէն: Հակառակ դաւանական տարբերութիւններուն, մեր եկեղեցիները հայկական եւ քրիստոնէական նոյն արմատները ունին. հետեւաբար, ներքին գործակցութեան ամրապնդումը, յատկապէս գաղութներու կեանքին մէջ, նկատուեցաւ կենսական:
10) Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր դաշտերէն մէկն է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Ազունիէի Ազգային բուժարանին, Ազգային ծերանոցին, «Թռչնոց բոյն»-ին, Ժողովրդային տուներու ծրագիրին եւ այլ նախաձեռնութիւններու ճամբով կը շարունակէ օգտակար հանդիսանալ մեր ժողովուրդի կարիքներուն: Մեր Ս. աթոռին թեմերը եւս, իրենց ներքին պայմաններուն ու շրջապատին համապատասխան մօտեցումներով անհրաժեշտ է, որ շարունակեն մեր եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութիւնը` զայն միշտ նկատելով առաջնահերթութիւն:
11) Աստուածաշունչի արեւմտահայերէնի թարգմանութիւնը, զոր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ սկսած էր շուրջ 25 տարիներ առաջ, կը շարունակուի: Նոր կտակարանը արդէն իսկ ամբողջացած ու հրատարակուած է. իսկ Հին կտակարանին մէկ մասը` թարգմանուած: Ողջունելով այս մարզին մէջ կատարուող աշխատանքը` շեշտուեցաւ մօտ ապագային զայն ամբողջացնելու անհրաժեշտութիւնը:
12) Մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ մեր զաւակներուն տակաւ աճող նախանձախնդրութիւնը նկատուեցաւ մեծապէս գնահատելի: Այս ուղղութեամբ շեշտուեցաւ աստուածաշնչական սերտողութիւններու եւ հոգեւոր հաւաքներու կենսական կարեւորութիւնը: Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ հոգեւոր եղբայրակցութիւններու գործունէութեան` յիշեցնելով մեր եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործելու, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ դաւանական ու աստուածաբանական ուսուցումներուն համահունչ գործելու հրամայականը` հետեւելով մեր Ս. աթոռին կողմէ պատրաստուած եւ հոգեւոր եղբայրակցութեանց գործունէութեան յստակ ուղղութիւն տալու կոչուած ուղեգիծին:
13) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ կանոնագրութեան: Կաթողիկոսութիւնը ունի իր ընդհանուր կանոնագրութիւնը` Ազգային սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքներէն առաջնորդուած: Նաեւ իւրաքանչիւր թեմ ունի իր կանոնագրութիւնը` նոյն սկզբունքներուն հիման վրայ պատրաստուած եւ տեղական պայմաններուն պատշաճեցուած: Կարգ մը թեմեր կանոնագրային որոշ բարեփոխումներ առաջարկած էին: Յառաջիկային առաջարկուած բարեփոխումները պիտի քննուին եւ ապա պիտի վաւերացուին վեհափառ հայրապետին կողմէ:
14) Ժողովական աշխատանքներուն նաեւ մաս կազմեց 2016 տարուան իրագործուած պիւտճէին եւ 2017 տարուան նախահաշիւ պիւտճէին քննարկումն ու վաւերացումը: Ժողովականներ բարձր գնահատանքով անդրադարձան, որ շուրջ մէկուկէս միլիոն տոլարի պիւտճէով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հսկայ առաքելութիւն կը կատարէ իր զանազան բաժանմունքներուն ճամբով: Եւ հակառակ յիշեալ փոքր պիւտճէին, նկատուեցաւ, որ տուեալ պիւտճէին մէկ երրորդ համեմատութիւնը միշտ կը մնայ բաց: Շեշտուեցաւ կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող զանազան աշխատանքներու` կրօնական դաստիարակութիւն, մանկավարժական կեդրոն, հայագիտական դասընթացք, արեւմտահայերէնի պատշպանութեան ծրագիր, դպրեվանք, քահանայից պատրաստութիւն եւ այլն, անհատ բարերարներու նուիրատուութեամբ յատուկ հիմնադրամներ հաստատելու անյետաձգելի կարիքը, որպէսզի կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը դառնայ աւելի հեզասահ` հեռու տնտեսական առօրեայ մտահոգութիւններէ:
15) Կալուածական-շինարարական մարզին մէջ անցնող տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքները նկատուեցան գնահատելի, յատկապէս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի բարեզարդման առնչուած: Այս մարզին մէջ պատրաստուած նոր ծրագիրներու իրագործումները` միաբանական նոր շէնք ու գերեզմանատուն Պիքֆայայի մէջ, նոր սրահ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նոր մատենադարանի շինութիւն, «Կիլիկիա» թանգարանի ընդլայնում, եւ այլն, կը կարօտին անհատ բարերարներու:
16) Բարձր գնահատանք արձանագրուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գործող կրթական ու մշակութային հետեւեալ կառոյցներու գործունէութեան համար.- ա) Մանկավարժական կեդրոն, որ ներկայ կրթական տարեշրջանին ունի 18 աշակերտներ` պետական BT վկայականին պատրաստուող. Բ) Հայագիտական դասընթացք, որուն ներկայ տարեշրջանին կը մասնակցին 34 ուսանողներ. Գ) Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով, որուն մաս կը կազմեն 27 մտաւորականներ զանազան գաղութներէն:
17) Ժողովը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Ս. աթոռին նախաձեռնութեամբ շուրջ երեք տարիներ առաջ Արցախի մէջ կեանքի կոչուած Նոր Կիլիկիա գիւղի շինութեան ծրագիրին երրորդ հանգրուանը արդէն իսկ աւարտած է եւ յառաջիկայ գարնան անոր պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ: Թելադրուեցաւ, որ յիշեալ ծրագիրը շարունակուի մեր թեմերու եւ անհատ բարերարներու գործօն մասնակցութեամբ:
18) Զեկուցում տրուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջի դատին շուրջ: Յիշեալ դատը, մերժուելէ ետք Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ, 6 դեկտեմբեր 2016-ին, ներկայացուած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան: Այս ուղղութեամբ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած էր մամլոյ ասուլիս, յառաջիկայ ամիսներուն եւս նմանօրինակ մամլոյ ասուլիսներ պիտի կազմակերպուին Պէյրութի, Փարիզի եւ Ուաշինկթընի մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ առնուած ներկայ իրաւական քայլին կարեւորութիւնը անգամ մը եւս վեր առնուեցաւ ու առաջարկուեցաւ այս հոլովոյթը շարունակելու կարելիութիւններու հետապնդումը:
19) Ժողովը լայն կերպով անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքներուն: Ան իր խոր գնահատանքն ու ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց սուրիական տագնապի վերջին հինգ տարիներուն կատարուած օժանդակութիւններուն, վեհափառ հայրապետին նախ Քեսապ, Լաթաքիա, Թարթուս, եւ ապա Հալէպ կատարած այցելութիւններուն, եւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին գծով իր կատարած կոչին համար: Կատարուեցան քննարկումներ, եւ շեշտուեցաւ ամբողջական ու գործօն մասնակցութեամբ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին նեցուկ կանգնելու հրամայականը` իբրեւ համահայկական առաջնահերթութիւն:
20) Որոշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը գումարել 5-8 դեկտեմբեր 2017-ին: