Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարան. Ռոպերթ Դաւիթեանի «Էն. Վի. Ժըն» Ցուցահանդէսի Անդրանիկ Բացումը` Լիբանանի Մէջ

Յունուար 21, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկազեան համալսարանի արուեստի կեդրոնի «Մաթոսեան» ցուցասրահը երէկ` ուրբաթ, 20 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ ներկայացուց Ռոպերթ Դաւիթեանի «Էն. վի. ժըն» ցուցահանդէսը, որուն ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, հիւրեր եւ արուեստասէրներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան: Ան արուեստագէտ Ռոպերթ Դաւիթեանի «Էն.վի.ժըն» ցուցահանդէսին բացման առիթով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ յայտնեց, թէ ինչպէս միշտ, այս ցուցահանդէսն ալ գեղեցիկ առիթ մըն է ապրելու Հայկազեան համալսարանի նշանաբանը` ճշմարտութիւն, ազատութիւն եւ ծառայութիւն: Ան ըսաւ, թէ այս ցուցահանդէսը միջոց մըն է ապրելու ճշմարտութիւնը արուեստագէտ Ռոպերթ Դաւիթեանի աչքերով, ազատութիւնը` արուեստագէտին ստեղծագործական երեւակայութեամբ եւ արտայայտութեամբ, իսկ ծառայութեան միջոցով Հայկազեան համալսարանը իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ լիբանանեան հասարակութեան` ցուցադրելով արուեստի այնպիսի գործեր, որոնք մշակութային բարձրորակ գեղեցկութիւն կը պարզեն: Միրա Եարտըմեան ներկայացնելով արուեստագէտը ըսաւ.  «Ռոպերթ Դաւիթեան տարբեր երկիրներ ապրած ըլլալով` ազդուած է մշակոյթներու հարուստ բազմազանութեամբ, որ կերտած է արուեստագէտին նկարագիրը եւ ճամբայ հարթած  անոր ասպարէզին եւ  վաստակին»:

Խօսք առաւ  արուեստագէտ Ռոպերթ Դաւիթեան, որ իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանին` իր պատկերները ցուցադրելու այս առիթին համար, այնուհետեւ ներկայացնելով ինքզինք ըսաւ, թէ իր մանկութիւնը անցուցած է Լիբանան, այնուհետեւ պատերազմի պատճառով անցած է Լոնտոն, ուր ուսանած է ու մասնագիտացած: Շրջած ու ապրած է շատ երկիրներ, իսկ ներկայիս կ՛ապրի Տուպայ եւ Պէյրութ: Ան նաեւ նշեց, թէ ինչպէ՛ս իր կեանքի ընթացքին հանգրուան առ հանգրուան բացայայտած է գեղանկարչական արուեստի, ինչպէս նաեւ պատկերասփիւռի եւ մանաւանդ ֆիլմարուեստի գովազդային մարզերը:

Ռոպերթ Դաւիթեան դիտել տուաւ, որ իր պատկերները անցեալի եւ ներկայ ասպարէզներու իւրայատուկ խառնուրդ են, որոնց մէջ անպայմանօրէն տեղ կը գտնեն թիւեր եւ տարբեր լեզուներու տառատեսակներ, որոնք արտայայտութիւն են բազմաթիւ լեզուներու իր իմացութեան: Իր անմիջական առօրեայէն կը  ստանայ իր ներշնչումը եւ ծնունդ կու տայ նոր որակի պատկերներու: Իր խօսքի աւարտին ան ուրախութեամբ յայտնեց, որ ճակատագիրը զինք վերադարձուցած է իր միջինարեւելեան արմատներուն:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 38 արուեստի բարձրորակ ժամանակակից գործեր, որոնք թուայինի եւ գեղանկարչութեան միաձուլում մը կը կազմէին` գոյներու աչքառու եւ հիանալի ներդաշնակութեամբ:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 31 յունուար 2017, ամէն օր ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ ՀԵԸ «Խօսնակ» Պաշտօնաթերթին. Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան Ներկայացուց «Պոլսահայ Գրականութիւնը» Նիւթը

Յաջորդը

Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 13, 2025
Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը  Այցելեց Անթիլիաս
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Այցելեց Անթիլիաս

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?