Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան համաձայն, Կրօնական ժողովը պիտի քննարկէ կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած կրօնական բնոյթ ունեցող աշխատանքներ ու ծրագիրներ. իսկ Քաղաքական ժողովը` տնտեսական, վարչական, շինարարական եւ ընդհանրապէս ոչ կրօնական բնոյթի հարցեր ու աշխատանքներ:
Ժողովական աշխատանքներու ընթացքին յատուկ ուշադրութեան նիւթ պիտի դառնան Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի, կրօնական դաստիարակութեան, երիտասարդութեան, ընկերային ծառայութեան եւ եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող հարցերը: