ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ` Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ընդունեց լիբանանեան կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերու ներկայացուցիչները:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան երիտասարդութիւնը հետաքրքրող եւ մտահոգող հիմնական նիւթեր, ինչպէս` Լիբանանի զբօսաշրջութեան նոր ծրագիրները եւ անոնց հետ առնչուող առաջարկներ, Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ աշխատավարձի եւ տուրքերու յաւելման վերաբերող հարցերը:
Նախարար Կիտանեան իր կարգին նաեւ պարզեց զբօսաշրջութեան նախարարութեան մշակած նոր ծրագիրները` վերականգնելու համար Լիբանանի համբաւն ու դիմագիծը, որ աղաւաղուած էր վերջին տարիներու շրջանային տագնապներուն պատճառով:
Հանդիպումը դրական եւ շինիչ նկատուեցաւ նախարար Կիտանեանի, ինչպէս նաեւ ներկաներուն կողմէ:
ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ
ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ