Շաբաթ, 18 մարտ 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներու հանդիպում` մասնակցութեամբ շուրջ 50 պատուիրակներու:
Յիշեալ յանձնախումբը կազմուած է հինգ տարիներ առաջ, եւ անոր կը մասնակցին Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներ` թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ աշխարհական: Յանձնախումբին նպատակը քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ գործակցութիւն յառաջացնել է:
Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք համագումարին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներկայացուցիչներ, որոնք յատուկ հետաքրքրութիւն ունին Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու նկատմամբ:
Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ պատգամ պիտի ուղղէ սոյն համագումարին: