Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէ. Յարգանքի Երեկոյ` Կարօ Սասունիի Մահուան 40-ամեակին Առիթով

Մարտ 14, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 13 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն կազմակերպած յարգանքի երեկոն` նուիրուած Կարօ Սասունիի մահուան 40-ամեակին:

Ձեռնարկը սկսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անունով Կարօ Սասունիի դամբանականը արտասանած տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի կենդանի ձայնով, ապա խումբ մը թաւջութակահարներ ներկայացուցին դասական երկու երաժշտական կտորներ: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը` Կարօ Սասունիի կեանքին ու գործունէութեան մասին պատմող ու վկայող:

Խօսք առաւ Տիգրան Ճինպաշեան: Ան ներկայացուց Կարօ Սասունին` իբրեւ ուսուցիչ եւ կուսակցական գործիչ, տալով զանազան առիթներու իր տպաւորութիւնները: Ան ըսաւ, թէ բախտ ունեցած է աշակերտելու Կարօ Սասունիին, որ հայ գրականութիւն դասաւանդելու կողքին յաճախ պատմած է անցեալի կեանքէն, ծանօթութիւններէն, հանդիպումներէն, տպաւորութիւնը իր գործակիցներէն, ֆետայիներէն: Ան նշեց նաեւ, որ Սասունի չէ զլացած ներկայացնելու ազատագրական շարժման մէջ յայտնի դէմքերու դրուագները, որոնց հետ ինք գործակցած է: Տիգրան Ճինպաշեան հաստատեց, որ աշակերտներուն երեւակայութիւնը Սասունի միշտ ալ փոխադրած է դէպի Երկիր, ուր պատահած են ժամանակակից պատմութեան կարեւորագոյն դէպքերը, որոնց աշակերտները, իրենց ուսուցիչին ճամբով, մասնակից դարձած են:

Տիգրան Ճինպաշեան ներկայացուց Սասունին` իբրեւ կուսակցական գործիչ, եւ ըսաւ, թէ կուսակցական հանդիսութիւններուն Կարօ Սասունին յաճախ նախագահած է ու հանդիսութեան սկիզբն ու աւարտը իր խօսքը երկրէն եկող պատգամի պէս հնչեցուցած: Պատգամախօսը նշեց նաեւ հայ-քրտական յարաբերութիւններուն Սասունիի ունեցած ղեկավար մասնակցութիւնը: Ան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս քիւրտերու` Նեւրուզի տօնին առիթով կազմակերպած հանդիսութեան ԶՈՄ-ականներու ընկերակցութեամբ ներկայ կ՛ըլլար Սասունի եւ կ՛արժանանար մեծ պատիւի ու ընդունելութեան քիւրտերուն կողմէ:

Ճինպաշեան հպարտութեամբ յայտնեց, որ Կ. Սասունիի «Սարերու Ասլան» վէպի առաջին գլուխները իր ձեռագիրով գրուած են, ապա աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Պէտք է խոստովանիլ, որ Կարօ Սասունիէն մեզի փոխանցուածը հայերէնի եւ գրականութեան չոր գիտութիւնը չէր, իրմէ մեզի ներարկուողը անբացատրելի ոգի մըն էր, իր մշակած «Սասնայ ծռեր»-ուն պէս ուժեղ եւ խորհրդաւոր, որ կը վարակէր մեզ եւ իւրաքանչիւրին վրայ դրոշմ կը դնէր: Հայաստանի լեռներու եւ դաշտերու ոգին էր` չոր գիտութենէն շատ աւելի խորունկ ու մնայուն, որովհետեւ սորվուածը կը մոռցուի, սակայն ոգին կը մնայ»:

Կ. Սասունիի «Լէյլանը» պատմուածքը ընթերցեց Թորգոմ Ջանան, որմէ ետք խօսք առաւ Ռոլանտ Շառոյեան: Վերջինս իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Կարօ Սասունի իր կեանքին ուղեցոյցը, իր ապրած կեանքի թելադրանքը իրականացուցած է «Մինչեւ մեռնիլը ապրիլ կայ» կարգախօսով, որով ապրած է իբրեւ դաշնակցական, խոնարհ հերոս եւ նուիրեալ մարդ:

Պատգամախօսը ուշադրութեան յանձնեց Կ. Սասունի ծնունդը, որ տեղի ունեցած է Դաշնակցութեան հետ: Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը հայկական միակ կուսակցութիւնն է, որ չէ կազմաւորուած, չէ ստեղծուած, այլ ծնած է եւ սրբօրէն իրականացուցած հայ ժողովուրդի համար նուիրեալ ըլլալու ամէնէն ծանր պայմանը, որ ազգային-ազատագրական յաւերժական շարժում ստեղծելու եւ գործելու տորմիղն էր, եւ Կարօ Սասունին այդ տորմիղներէն մէկն էր:

Ռոլանտ Շառոյեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Կ. Սասունին դաստիարակութիւն ստացած է ՀՅԴ փաղանգին մաս կազմող մեծ անուններու հետ,  ինչպէս` Ռոստոմ Զօրեան, Սիմոն Զաւարեան, Արամ Մանուկեան, Գէորգ Չաւուշ, Ռէս Շարօ: Ան ողն ու ծուծով եւ իր ամբողջ էութեամբ յեղափոխական գործիչ ըլլալով` գործած է հայութեան ամէնէն դժուար շրջանին, երբ ե՛ւ Դաշնակցութիւնը, ե՛ւ դաշնակցականները անընդհատ դէպի լեռները բարձրանալով գիշեր-ցերեկ ծանր պայքար կը մղէին հայ ժողովուրդի ազատագրութեան համար:

Ռ. Շառոյեան անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման շրջանին, երբ Կարօ Սասունի սասունցիներու հեծելագունդով 74 քմ տարածքով թուրք թաթարներէն մաքրած է գիւղեր եւ անոնց անունները փոխելով բնակեցուցած է 60 հազար տարօնցի գաղթականներ: Պատգամախօսը նշեց նաեւ այն ուրախութիւնը, որ Կ. Սասունի զգացած է 1968-ին` այցելելով Հայաստան ու հանդիպելով իր ազատած գիւղերը, որոնց անունները նոյնը մնացած են:

Պատգամախօսը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Կարօ Սասունին եղած է մեծ մտաւորական, խմբագիր, հրապարակախօս, պատմաբան, բանասէր, ամէն ինչի, որ ձեռք տուած է, ծաղկեցուցած է: Համոզուած եմ, որ Կարօ Սասունիին հոգին կը թափառի Երկրի լեռներուն վրայ, կը թափառի անհանգիստ, մինչեւ որ նորէն իր հոգին տեսնէ Երկիր ապրող յաղթած հայը, իր հայրենիքին մէջ ամբողջական Հայաստան կերտած հայը»:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչ Վլատիմիր Պօղոսեան կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի յղած նամակը Կարօ Սասունիի մահուան 40-րդ տարելիցին առիթով: Հրանուշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ ըսած է, թէ հայոց պետականութեան անկումէն ետք անխոնջ նուիրեալ Կարօ Սասունի մնայուն հետք ձգեց սփիւռքի մէջ` հայ ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ` կամրջելով եւ ամրապնդելով հայրենիք-սփիւռք ձեւաւորուող կապերն ու յարաբերութիւնները:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Յակոբ Լատոյեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան պատգամախօսներուն, ապա հաստատեց, որ հայ ազգային կեանքին վերաբերող եւ Հայ դատի գրասենեակներուն աշխատանքները կը շարունակուին նոյն թափով: Եթէ անցեալին Կարօ Սասունին եւ անոր նմանները թափ տուած են հայ կեանքին, ներկայիս հայկական հզօր բանակն ու Արցախի անվեհեր ժողովուրդը աւիշ կու տան հայ կեանքին` պահելով հայրենիքը եւ սահմանները:

Աւարտին Յակոբ Մկրտիչեան մեկնաբանեց «Թռչէի մտքով տուն» եւ «Աղբերս ու ես» երգերը` նուագակցութեամբ Յովիկ Ատուրեանի:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կեանք ու կռիւ» ժապաւէնի ազդեցիկ երգով:

Նախորդը

Հայ Սկաուտի Օր` Դէպի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակ

Յաջորդը

Թուրք Ընդդիմադիրները Հոլանտայի Մէջ Հաւաք Կատարած Են Թուրքիոյ Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն Դէմ

RelatedPosts

ՀՅԴ 135-Ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւն
Գաղութային

ՀՅԴ 135-Ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւն

Դեկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ Չափազանց Դժգոհ Է Քիեւի  Եւ Մոսկուայի Դիրքորոշումէն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Չափազանց Դժգոհ Է Քիեւի Եւ Մոսկուայի Դիրքորոշումէն

Դեկտեմբեր 13, 2025
«Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան Ծրագիրի  Նոր Տարբերակը Կրնայ Ռուսիոյ Հաճելի Չգալ»  Կ՛ըսէ Ուշաքով
Գլխաւոր լուրեր

«Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան Ծրագիրի Նոր Տարբերակը Կրնայ Ռուսիոյ Հաճելի Չգալ» Կ՛ըսէ Ուշաքով

Դեկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?