Գաղութային

ՀՄԸՄ.  Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ. Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Նուիրուած` ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղեր 20 յուլիսէն 29 յուլիս 2017 Երեւան, Հայաստան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը սպասուած եւ միշտ յաջողութեամբ պսակուող աւանդութիւն մըն են ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ, այդ առիթով հարիւրաւոր ՀՄԸՄ-ականներ, աշխարհի չորս ծագերէն, կը մէկտեղուին մրցելու, բարեկամանալու եւ իրենց հայկականութիւնը զօրացնելու: Մարզախաղերը տեղի կ՛ունենան չորս տարին անգամ մը, ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ ունեցող տարբեր երկիրներու մէջ:...

Արուեստի Ցուցահանդէս` Կազմակերպութեամբ Intermarc Eccs  Մանկավարժական Կեդրոնի

Արուեստի Ցուցահանդէս` Կազմակերպութեամբ Intermarc Eccs Մանկավարժական Կեդրոնի

Կազմակերպութեամբ Intermarc ECCS մանկավարժական կեդրոնին, հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի, մասնակցութեամբ «Նոազ Արք» արուեստի ցուցասրահին, երեքշաբթի, 28 մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Intermarc ECCS մանկավարժական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը հայրենի գեղանկարիչներ` Էտիկ Բերդեանի, Սուրէն Ոսկանեանի, Վահան Ռումէլեանի եւ Դաւիթ Դաւթեանի գործերուն: Արաբերէնով խօսք առաւ Շահէ Գալուստեան: Ան ողջունեց մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչ Իպրահիմ Սմահան, ինչպէս նաեւ ներկաները: Ան ապա ներկայացուց...

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի  «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Վարչութեան.  Թատրոնի Միջազգային  Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Վարչութեան. Թատրոնի Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

27 մարտը հռչակուած է Թատրոնի միջազգային օր: Առ այդ, անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին բեմադրիչներ, թատերագիրներ եւ մտաւորականներ «Ազդակ»-ի մէջ արձագանգեցին այս առիթին` թատրոնի մասին իրենց յօդուածներով: Թատրոնի միջազգային օրուան նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 27 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան: Բեմադրիչներով,...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 125.  Հաջեան Կը Գնահատէ «Ազդակ»-ի Տեղեկատուական  Օղակի Դերակատարութիւնը` Արցախի Եւ Սփիւռքի Միջեւ

Մամլոյ Լսարան Թիւ 125. Հաջեան Կը Գնահատէ «Ազդակ»-ի Տեղեկատուական Օղակի Դերակատարութիւնը` Արցախի Եւ Սփիւռքի Միջեւ

Երէկ` երեքշաբթի, 28 մարտ 2017, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի կազմակերպած 125-րդ մամլոյ լսարանը` «Արցախի լրատուական դաշտի համապատկերը» նիւթով: Զեկուցաբերն էր Արցախի լրագրողներու միութեան վարչութեան անդամ Միքայէլ Հաջեան: «Ազդակ»-ի լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան ողջունեց ներկաները եւ իր խօսքին սկիզբը  նշեց, թէ «Ազդակ»` իբրեւ համահայկական օրաթերթ, մօտէն հետեւած է եւ կը շարունակէ հետեւիլ Արցախի վերաբերող...

Հաղորդագրութիւն

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտերը Կը Գործեն 2 Մայիսէն Սկսեալ

  ՀՅ Դաշնակցութեան 126-ամեակին առիթով կայացած ժողովրդային հանդիսութեան ընթացքին յայտարարուեցան Լիբանանի մէջ Ազգային ինքնութեան ամրապնդման չորս ֆոնտեր. 1.- Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտ 2.- Հայ ընտանիքի բազմացման ֆոնտ 3.- Հայ մանուկի ֆոնտ 4.- Հայ ուսանողի ֆոնտ Այս առնչութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ այս ֆոնտերը ի զօրու կը դառնան երեքշաբթի, 2 մայիս 2017-էն սկսեալ: Ֆոնտերուն դիմելու եւ մանրամասնութեանց...

Դաշնակցական Երիտասարդները Թրքական Արտադրութիւններուն Եւ Թրքաբարոյ Երեւոյթներուն Դէմ Ցոյց Կատարեցին

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը շաբաթ օր Պուրճ Համուտի թաղամասերուն մէջ յատուկ ցոյց-քայլարշաւ մը կազմակերպեց: Ցոյցին մասնակիցները պահանջեցին մերժել թրքական արտադրութիւնները: Բողոքի ցոյցին մասնակից երիտասարդները բարձրացուցին Եռագոյն դրօշակներ եւ պաստառներ` կոչ ուղղելով չհարստացնելու թշնամին: «Մենք` իբրեւ Հայ դատի հաւատարիմ պաշտպաններ, պահանջատէր երիտասարդներ, կը մերժենք թրքական արտադրութիւններու վաճառքը հայկական շրջաններուն եւ մանաւանդ Պուրճ Համուտի մէջ: Կը մերժենք թրքական պատկերասփիւռի կայաններուն քաջալերումը հայ...

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութեան Տօնը Նշուեցաւ Մեծ Շուքով

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը Նշուեցաւ Մեծ Շուքով

Անցնող շաբաթավերջին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, շաբաթ, 25 մարտին եկեղեցւոյ կից թաղին մէջ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ` մասնակցութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ կիրակնօրեայ դպրոցի վարչութեան, որոնք իրենց յատկացուած կրպակներուն մէջ վաճառեցին ուտելիքներ, յուշանուէրներ եւ զարդեղէններ: Տօնավաճառին զուգահեռ...

Մամլոյ 124-րդ Լսարան.  Վաչէ Բրուտեան Զեկուցեց Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրապայքարին Ընթացքին Գաղափարական Բանավէճի Բացակայութեան Մասին

Մամլոյ 124-րդ Լսարան. Վաչէ Բրուտեան Զեկուցեց Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրապայքարին Ընթացքին Գաղափարական Բանավէճի Բացակայութեան Մասին

Երէկ` երկուշաբթի, 27 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին  տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն 124-ը` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: «Գաղափարական բանավէճի բացակայութիւնը` Հայաստանի նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին» խորագիրով լսարանին զեկուցաբերն էր Վաչէ Բրուտեան: Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան: Ան իր խօսքը սկսաւ նշելով, որ միայն 6 օրեր մեզ կը բաժնեն Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն: Ան ըսաւ, որ այս ընտրութիւնները...

«Վերանորոգումի Տարուան» Առիթով.  Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներու Միօրեայ Հոգեւոր Սեմինար

«Վերանորոգումի Տարուան» Առիթով. Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներու Միօրեայ Հոգեւոր Սեմինար

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2017-ն «Վերանորոգումի տարի» հռչակուելուն առիթով` կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի ազգային վարժարաններու 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններէն 65 աշակերտներու, շաբաթ, 25 մարտ 2017-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար մը: Օրը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ եւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանի կողմէ Ս. Գիրքի սերտողութեամբ, որմէ...

Մեր Կորուստները.  Մահացած Է Հայաստանի Գիտութիւններու  Ազգային Ակադեմիայի Ակադեմիկոս  Վլատիմիր Բարխուդարեան

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Ակադեմիկոս Վլատիմիր Բարխուդարեան

Մահացած է վաստակաշատ պատմաբան, հայագիտութեան մարզի ճանչցուած կազմակերպիչ, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս Վլատիմիր Բարխուդարեան: Վլատիմիր Բարխուդարեան ծնած է 22 սեպտեմբեր 1927-ին:  1950-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը: 1954-ին յաջողութեամբ պաշտպանած է թեկնածուական, 1968-ին` դոկտորական ատենախօսութիւնները: Վլատիմիր Բարխուդարեանի գիտական գործունէութիւնը ընթացած է հայկական գաղթավայրերու, պատմագիտութեան եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հիմնահարցերու մշակման ուղղութեամբ: Ակադեմիկոս Վլատիմիր Բարխուդարեան երկար...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

  Երէկ, կէսօրին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան Թէքէեան վարժարանին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրն ու գաղութը յուզող հարցեր: Հիմնական քննարկման նիւթ դարձան Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչումներու նախապատրաստական աշխատանքները: Հանդիպումին մասնակիցները ընդգծեցին ոգեկոչումներուն համահայկական եւ համալիբանանեան բնոյթ եւ տարողութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը:

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Էրտողանը Փոխանակ  Եւրոպային Դաս Տալ Փորձելու, Հայ Ժողովուրդին  Դէմ Իր Պապերուն Գործած Ոճիրը Թող Ընդունի»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Էրտողանը Փոխանակ Եւրոպային Դաս Տալ Փորձելու, Հայ Ժողովուրդին Դէմ Իր Պապերուն Գործած Ոճիրը Թող Ընդունի»

Այս բառերով Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց իրեն այցելող խումբ մը լիբանանցի արուեստագէտները, որոնք 24 ապրիլին առիթով Պիպլոսի մէջ պիտի ցուցադրեն Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած իրենց գեղանկարները: Սոյն ծրագիրը կազմակերպուած է Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ եւ անոր նպատակն է արուեստի ճամբով օտարներուն ծանօթացնել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը գնահատելով լիբանանցի գեղանկարիչներուն մասնակցութիւնը ցուցահանդէսին, թելադրեց, որ իրենց պատրաստելիք գեղանկարներուն մէջ շեշտը...

Համազգայինի Լիբանանի  Շրջանային Վարչութիւն.  Քրիստինէ Սահակեանի Անզուգական  Ելոյթը Լիբանանի Մէջ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Քրիստինէ Սահակեանի Անզուգական Ելոյթը Լիբանանի Մէջ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, երէկ` ուրբաթ,  24 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Արիաներ եւ ռոմանսներ» խորագիրը կրող համերգ մը` կատարողութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի մեներգչուհի Քրիստինէ Սահակեանի (Մեցցօ-սոփրանօ), դաշնակի ընկերակցութեամբ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի: Ողջոյնի...

Դամասկոս.  Դամասկահայ Մը` Թեթեւ Կերպով  Վիրաւորուած

Դամասկոս. Դամասկահայ Մը` Թեթեւ Կերպով Վիրաւորուած

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ Դամասկոսի արեւելեան ծայրամասի Ժոպարի եւ Քապունի շրջաններուն մէջ տեղակայուած զինեալ ահաբեկիչները անցնող երկու օրուան ընթացքին հրթիռակոծեցին Թիժարա, Ապպասիին եւ Քուսուր թաղամասերը` պատճառելով վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ: Թեթեւ կերպով վիրաւորուեցաւ մէկ դամասկահայ, ինչպէս նաեւ թեթեւ վնասներ կրեցին քանի մը դամասկահայերու բնակարաններ եւ ինքնաշարժեր: Սուրիական բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը իր յայտարարութեան մէջ հաստատեց, որ բանակի միաւորները...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի  Ծանօթացման Սիրոյ Սեղան-Ընթրիք

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Սիրոյ Սեղան-Ընթրիք

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ 24 մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան-ընթրիք, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Աբգարեան վարժարանի աշակերտներն ու անոնց ծնողները: Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Քրիստին Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ իրենք այդ սրահին...

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ցաւակցագիր Մը Յղեց Բրիտանիոյ Կառավարութեան

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը չորեքշաբթի, 22 մարտին Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի ճամբով ցաւակցագիր մը յղեց Բրիտանիոյ կառավարութեան: Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ դատապարտեց Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած յարձակումը` խոր ցաւ յայտնելով ինկած անմեղ զոհերուն համար: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպան Շորթըրէն խնդրեց ցաւակցութեան ու համերաշխութեան իր անկեղծ զգացումները փոխանցել Բրիտանիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին:

ԼՕԽ.  Մանուկներու Միջազգային  Օրուան Խանդավառ Ու Օգտաշատ Նշում

ԼՕԽ. Մանուկներու Միջազգային Օրուան Խանդավառ Ու Օգտաշատ Նշում

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մանուկներու միջազգային օրուան ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 23 մարտ 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, լիբանանահայ տարբեր վարժարաններէ հրաւիրուած մեծաթիւ աշակերտներ ապրեցան խանդավառ, ուրախ ու իսկապէս մանուկին սրտին խօսող պահեր, որովհետեւ անոնք պարեցին, երգեցին եւ իրենց իրաւունքներուն մասին տեղեկութիւններ ստացան: Մանուկներու միջազգային օրուան նուիրուած հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման  Ծնողական Հաւաքները Կը Շարունակուին

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Ծնողական Հաւաքները Կը Շարունակուին

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային վարչութեան հրաւէրով, երէկ` հինգշաբթի, 23  մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի ծանօթացման հաւաք` ներկայութեամբ Ազգային Քառասնից Մանկանց եւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարաններու  ծնողներուն, տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն: Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեան իր բացման խօսքին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Անկախ պետականութեան, արդար ու բարեկեցիկ հասարակութեան կերտման ի խնդիր, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ունի հարուստ կենսափորձ: Նորանկախ Հայաստանի քաղաքական կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, իշխանութեան թէ ընդդիմութեան դիրքերէն, Դաշնակցութիւնը իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերած է հայրենիքի հզօրացման եւ պետական համակարգի ժողովրդավարականացման երթին: Դաշնակցութեան քաղաքական հետեւողական ու անդուլ պայքարով Հայաստան օժտուած է նոր սահմանադրութեամբ եւ խորհրդարանական նոր համակարգով, որուն ամրագրումը պիտի կատարեն յառաջիկայ 2 ապրիլին...

Բախումներ Դամասկոսի  Արեւելեան Կողմը

Բախումներ Դամասկոսի Արեւելեան Կողմը

Երեքշաբթի առաւօտ Դամասկոսի արեւելեան ծայրամասէն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ ներթափանցումը կրկնուեցաւ, եւ բախումները տեւեցին մինչեւ չորեքշաբթի երեկոյեան: Սուրիական բանակը ռազմական ուղղաթիռներու օգնութեամբ յառաջխաղացք արձանագրեց դէպի Ժոպարի արեւելքը` ետ մղելով զինեալ խմբաւորումները: Երկու օրուան ընթացքին տասնեակ հրթիռներ ինկան Թիժարա, Ապպասիին, Քուսուր, Քասսա թաղամասերուն վրայ` պատճառելով տասնեակ վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ: Վիրաւորներուն մէջ հայեր չկան. ծանր վնասներ կրած է դամասկահայու մը ինքնաշարժը:...

Page 270 of 365 1 … 269 270 271 … 365

Արխիւներ