Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Սկաուտի Օր` Դէպի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակ

Մարտ 14, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, կիրակի, 12 մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ` «Հայ սկաուտի օր` դէպի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակ» նշանաբանով, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի զոյգ քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին:

Բացման խօսքը կատարեց Ալին Քեչեպաշեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ փետրուարը ազգային տօներու, աւանդութիւններու, հերոսական սխրանքներու եւ քաջագործութիւններու ամիս է: Փետրուարին է, որ կը նշենք Վարդանանց հաւատքի ու գոյատեւման հերոսամարտը, փետրուարեան ապստամբութեան հերոսներու աննկուն կամքն ու աննահանջ երթը, ինչպէս նաեւ շուրջ երեսուն տարիներ առաջ սկիզբ առած, հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան ամէնէն փառաւոր էջերէն մէկը` Արցախի ազատագրումը: Այս բոլորը փետրուարին են, եւ Հայ սկաուտի օրն ալ փետրուարին է: Ալին Քեչեպաշեան ըսաւ, թէ պատշաճ կը թուի, որ հերոսական եւ հայրենասիրական արարքներուն միանան նաեւ ծառայասիրութիւնը, օգնութիւնն ու մարդասիրութիւնը: Ազգային արժէքներուն աւելցնելով  մարդկայինը կը բնորոշենք ՀՄԸՄ-ի հայ սկաուտը, որ կը խոստանայ հաւատարիմ մնալ իր հայրենիքին, միաժամանակ պատրաստ` օգնելու ամէնուն: Հայ սկաուտի օրը ծառայութեան, իրերօգնութեան, եղբայրասիրութեան եւ մարդասիրութեան օրն է:

Յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Ռիթա Վարդան, որ ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ռումբ մը սիրտ» բանաստեղծութիւնը, որուն տուտուկով ընկերակցեցաւ Կասիա Էճիտեան:

Ապա նուագաշարով մը ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը:

Օրուան բանախօսն էր ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Ան ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ը հայկական  իրականութեան մէջ մեծագոյն միութիւնն է, որ դար մը շարունակ սկաուտական եւ մարզական զոյգ թեւերով սաւառնելով տարածուած է աշխարհասփիւռ 107 մասնաճիւղերու մէջ եւ այսօր կը հաշուէ աւելի քան 26 հազար անդամ: Ան նշեց, որ կարելի չէ մեր գաղութի ազգային, կրօնական եւ մշակութային կեանքի զանազան առիթները պատկերացնել առանց ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն ներկայութեան եւ մասնակցութեան: Ան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները մեծ դերակատարութիւն ունին ազգային հպարտութիւն ներշնչելու եւ հայութեան գոյատեւման աւիշ հասցնելու մէջ: «1918-ին ծնունդ առած եռագոյն դրօշը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերէն ետք` 70 երկար տարի շարունակ ՀՄԸՄ-ը եւ իր սկաուտները միշտ բարձր պահեցին», ըսաւ Կէօվօղլանեան: Ան ընդգծեց, որ ՀՄԸՄ-ը այսօր կանգնած է իր 100-ամեակի սեմին, եւ անոր անդամներէն կը պահանջուի ըլլալ արժանի ժառանգորդները այս հարուստ պատմութեան ու իրագործումներուն` արժանաւորապէս յիշատակելու այս պատմական տարեդարձը, ինչպէս նաեւ վայելուչ կերպով կանխածրագրելու յառաջիկայ ամեակները: Կէօվօղլանեան աւարտեց իր խօսքը հետեւեալ տողերով. «Պատուաբեր անցեալէն` յաղթական ապագայ» 100-ամեակի նշանաբանին հաւատարիմ շարունակենք մեր ընթացքը, բանիւ եւ գործով, դէպի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակ եւ նաեւ յաւելեալ երկարատեւ ամեակներ»:

Դարձեալ ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը` «Զարթիր Լաօ» եւ «Հայորդիք» երգերը նուագելով:

Ձեռնարկի աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան շրջանային խմբապետուհի Արտա Զէյթունեանի ձեռամբ` 1970-էն 2015-ի միջեւ շրջանային խմբապետ եւ վեր պաշտօն վարած քոյրերու եւ եղբայրներու:

Ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, թէ Հայ սկաուտի օրուան առիթով հաւաքուած ենք այս սրահին մէջ, որպէսզի շօշափելիօրէն եւ ուժգնօրէն զգանք, թէ տակաւին ՀՄԸՄ-ի ճամբով մեզի հետ ունինք մեր երիտասարդութեան կարեւոր մէկ տոկոսը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ին, որ իր զանազան աշխատանքներուն ընդմէջէն, անցնող տասնամեակներուն առատօրէն բարիք սերմանեց մեր համայնական կեանքին մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդին զաւակները ապրին մեր հաստատած հայ իրականութեան սահմաններուն մէջ:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով` ՀՄԸՄ-ի  խմբապետներուն երգեցողութեամբ:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Ջիւան Աւետիսեանի Կարմիր Թելը

Յաջորդը

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէ. Յարգանքի Երեկոյ` Կարօ Սասունիի Մահուան 40-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 12, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?