Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սումկայիթի Զոհերուն Նուիրուած Հոգեհանգիստ Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Մարտ 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 12 մարտ 2017-ի առաւօտեան, Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն` 1988-ին Սումկայիթ քաղաքին մէջ կատարուած եղեռնագործութեան զոհ գացած հայորդիներու յիշատակին:

Սուրբ պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ իր քարոզին մէջ ներկայացուց «անառակ որդի»-ին դրուագը, որ Քրիստոս ժողովուրդին պատմեց,  եւ որ կը գտնենք Ղուկաս աւետարանին մէջ: Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ ըսաւ, թէ երբ անառակ որդին զղջումով վերադարձաւ իր հայրական տունը, հայրը զինք ընդունեց մեծ պատիւներով` ըսելով. «Որդիս մեռած էր եւ ողջնցաւ, կորսուած էր եւ գտնուեցաւ»: Զուգահեռ մը ստեղծելով մեր կեանքին հետ`  սրբազան հայրը, ըսաւ, թէ այս գողտրիկ դրուագը նաեւ իւրաքանչիւրիս կեանքի պատմութիւնն է: Կեանքի որոշ փուլի մը, յոգնած կեանքի սովորական երեւոյթներէն,  կ՛ըմբոստանանք Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ բոլոր այն նուիրական սովորութիւններուն, որոնք հաստատուած են մեր կեանքին մէջ, եւ որոնք կը միտին բարոյական ուղղութիւն տալ մեր կեանքին: Այդ ըմբոստութիւնը մեզ կը մղէ սպառելու բոլոր բարի ու շնորհալի արժէքները, որոնցմով դաստիարակուեցանք, եւ որոնք մեզի իբրեւ կտակ փոխանցուեցան: Իսկ երբ կեանքի փորձառութեամբ  կը գիտակցինք, թէ միայն Աստուած մեզ որդիութեան շնորհի մէջ կրնայ վերականգնել, կը վերադառնանք մեր Հօր մօտ` զղջումի արտայայտութեամբ, որպէսզի Հօր տան ապահովութեան մէջ վերստին գտնենք այն շնորհները, որոնցմէ պարպուեցանք, զրկուեցանք, երբ հեռու էինք Հօրենական տունէն:

Սրբազան հայրը իր պատգամի աւարտին ըսաւ, թէ Աստուած ո՛չ միայն ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, այլ նաեւ ուղեկից է մեզի մեր գոյութեան տեւողութեան: Ան ըսաւ. «Մեծ պահոց շրջանին, սիրելի՛ հաւատացեալներ, մենք ալ վերադառնանք մեր Աստծոյն եւ ըսենք, Հա՛յր, մեղանչեցինք քեզի դէմ, թէեւ արժանի չենք քու որդիներդ ըլլալու, սակայն կը յուսանք եւ կը խնդրենք, որ մեզ վերականգնես այն բոլոր շնորհներուն մէջ, որոնցմով մեզ աշխարհին մէջ հաստատեցիր, որպէսզի արժանի ըլլանք ընդմիշտ փառաւորելու քու կամքդ երկրի վրայ եւ երկնքի մէջ»:

Սրբազան հայրը հրաւիրեց ներկաները թափօրով դէպի եկեղեցւոյ բակը ուղղուելու եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու այն խաչքարին դիմաց, որ զետեղուած է ի յուշ Սումկայիթի նահատակներուն:

Ան անդրադառնալով Սումկայիթի դէպքերուն`  ըսաւ, թէ ջարդարար խուժանը ծրագրուած կերպով, տունէ տուն մտնելով կոտորեց հայ ազգաբնակչութիւնը: Ան հաստատեց, որ Ցեղասպանութիւն գործած Թուրքիան այժմ կը փորձէ պատմութիւնը խեղաթիւրել, Ազրպէյճանը եւս կը փորձէ նոյնը կատարել: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ, մենք պէտք է անդրադառնանք, որ իբրեւ ազգութիւն, Հայաստանի մէջ կամ սփիւռքի տարածքին պէտք է գիտակցինք, թէ պատմութեան հանդէպ պարտաւոր ենք բռունցք դառնալ, ըլլալ մեր հայրենիքին կողքին եւ մեր ազգի ազատութեան պայքարին մէջ բերենք ամբողջական մասնակցութիւն:

Ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած խաչքարին առջեւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան: Այս առիթով խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ ըսաւ, թէ Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ մեր հայրենակիցներն ու ազգակիցները ենթարկուեցան անարգանքի, հալածանքի եւ սպանութեան միայն անոր համար, որ Արցախի ժողովուրդը կը հետապնդէր իր օրինական իրաւունքը` ազատութիւնը:

Դեսպան Մկրտչեան յայտնեց, որ ան 27 փետրուարին կը գտնուէր Արցախ, եւ մէջբերելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի խօսքերը, ըսաւ, թէ ան շեշտած է, որ հակառակ անոր որ Սումկայիթի դէպքերը ողբերգական էին, բայց անոնցմէ դասեր քաղեցինք, ինչպէս  դասեր քաղեցին ցեղասպանութենէն ետք: Ան շեշտեց, որ պիտի չբաւարարուինք միայն յիշելով եւ յարգելով բոլոր ժամանակներու մեր նահատակներուն յիշատակը: Արդարեւ, Սումկայիթը անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու, որ մեր իրաւունքները պաշտպանելու համար պէտք է ապաւինինք մեր ուժերուն, մեր զինուորական կարողութիւններուն, եւ այդպէս է միայն, որ կրնանք ապահովել հայ ժողովուրդին տարբեր հատուածներու ազատութիւնը եւ անկախութիւնը:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան շեշտեց, որ Սումկայիթի զոհերը մեզի կը յիշեցնեն մեր հաւաքականութեան պարտականութիւնը, մեր միասնականութեան իմաստն ու խորհուրդը: Մեր նահատակները մեզի կը յիշեցնեն մեր հետագայ ընելիքները եւ պայքարները:

Աւարտին, խաչքարին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի մնայուն դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ Լիբանանի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան:

 

 

Նախորդը

Ռոլանտ Շառոյեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Դաշնամուրային Համերգ` Մայեսթրօ Սեդրակ Երկանեանի

RelatedPosts

Դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան Այցելեց «Ազդակ»
Գաղութային

Դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան Այցելեց «Ազդակ»

Սեպտեմբեր 21, 2023
Այնճարի Հողը Նուիրական Է, Հետեւաբար Այս Սրբազան Ժառանգութիւնը Պէտք Է Պահենք, Յորդորեց Շահէ Արք. Փանոսեան
Գաղութային

Այնճարի Հողը Նուիրական Է, Հետեւաբար Այս Սրբազան Ժառանգութիւնը Պէտք Է Պահենք, Յորդորեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Սեպտեմբեր 20, 2023
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 108-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 84-Ամեակի Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 108-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 84-Ամեակի Նշում

Սեպտեմբեր 18, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In