ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Առաջին անգամը չէ, որ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ը Արցախը լիբանանահայութեան առօրեայ կեանքին մաս դարձնելու, միշտ Արցախի Հանրապետութեան մասին մտածել տալու, արցախեան արտադրութիւններու տօնավաճառներ կազմակերպելու եւ հայրենի այդ անկիւնը վերաբնակեցնելու կարեւորութիւնը շեշտող նախաձեռնութիւններու կը դիմէ: Բայց ինչ որ այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ լիբանանեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ, բացառիկ նշանակութիւն ունի այն իմաստով, որ այս անգամուան նախաձեռնութիւնը քարոզչական իւրայատուկ կարեւորութիւն ունի, բարձր արուեստի ընդմէջէն արցախեան ազատամարտի էութիւնը հայ եւ ոչ հայ հանրութեան լայն շրջանակներուն ծանօթացնելու միտուած նախաձեռնութիւն մըն է:
Ինչի՞ մասին է խօսքը: Խօսքը կը վերաբերի «Անահիտ» եւ «Փանարմինիըն Ինթըրթէյնմընթ Ըուորտզ» մրցանակներու դափնեկիր, «Տարուան լաւագոյն ժապաւէն» տիտղոսին եւ բացառիկ յաջողութեան արժանացած «Կեանք ու կռիւ 1» եւ «Կեանք ու կռիւ 2» ժապաւէններու Պէյրութի ցուցադրութեան:
Երէկ` երկուշաբթի, 20 մարտի երեկոյեան ժամը 7:45-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ «Կեանք եւ կռիւ» ժապաւէններու առաջին բաժինին կալա ցուցադրութիւնը` «Մեթրոփոլիս Սոֆիլ» շարժապատկերի սրահին մէջ: Նախքան ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին անունով Մասիս Ալեքսանտրեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց սրահը բերնէ-բերան լեցուցած հանդիսատեսներուն: Ալեքսանտրեան իր հակիրճ խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը Մհեր Մկրտչեանի բեմադրած այս զոյգ ժապաւէններուն` Պէյրութի մէջ ցուցադրութեան: Բայց ան նաեւ ընդգծեց, որ Արցախի հետ կապը լոկ զգացական պէտք չէ ըլլայ, այլ պէտք է մնայուն մասնակցութիւն ունենալ Արցախի վերաբնակեցման միտող բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Այս իմաստով ալ, Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ը պիտի շարունակէ կեանքի կոչել իր նախաձեռնութիւնները` «Նոր կեանք, նոր յոյս» կոչին ներքեւ:
«Կեանք ու կռիւ» ժապաւէններու շարքը վաւերագրական-փաստագրական բնոյթ չի կրեր` արցախեան ազատամարտին մասին պատմող: Երկուքն ալ գեղարուեստական ժապաւէններ են, ունին իրական կեանքէն վերցուած հերոսներ: Կան սէրը, յուզումնախառն պահերը, ընկերութիւնը, հարազատ ընկերոջ համար ինքնազոհողութեան պահերը եւ վերջապէս` պատերազմի թոհուբոհը, ուր պահեր կան, երբ ժապաւէնին հերոսները կը կանգնին կեանքի ու մահուան ջրբաժանին առջեւ, եւ փամփուշտներու ու հրթիռներու տարափին տակ կը սկսի խելայեղ կռիւը` ողջ մնալու, մտապատկերին մէջ ունենալով Երեւանի մէջ ապրող սիրած անձը:
Կարելի չէ յուզմունքը զսպել ի տես զոյգ ժապաւէններուն մէջ ցուցադրուած բազմաթիւ տեսարաններու, որոնք կը ներկայացնեն մաքառումը կեանքին համար պատերազմական մթնոլորտին մէջ անկեղծ սէրը երկու սիրող սրտերու միջեւ եւ ընկերութեան, ինքնազոհողութեան տանող ընկերութեան խորքային էութիւնը: Բեմադրիչ Մհեր Մկրտչեան այս յուզումնախառն պահերը աւելի ազդեցիկ դարձուցած է երաժշտութեան եւ ձայնային յատուկ յատկանիշներու օգտագործումով, մանաւանդ պատերազմական դրութիւնը ներկայացնող տեսարաններուն մէջ:
Ըսինք արդէն, զոյգ ժապաւէնները պատրաստուած են գեղարուեստական բարձր մակարդակով ու որակով: Այս բարձր մակարդակն ու որակը ապահովելու աշխատանքին մէջ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցած են նաեւ լիբանանահայ հանդիսատեսին լաւապէս ծանօթ հայրենի արուեստագէտ – դերասաններ, ինչպիսիք են Վարդան Պետրոսեանը եւ Դաւիթ Յակոբեանը, որոնք իրենց յատուկ հիւմըրի թէ լրջութեան դրոշմը դրած են «Կեանք ու կռիւ»-ի դիպաշարին վրայ: Զոյգ ժապաւէնները արցախեան ազատամարտին գծով ոչ հայերուն համար քարոզչական իւրայատուկ կարեւորութիւն ունին մասնաւորաբար այն պատճառով, որ դիպաշարին կ՛ընկերանայ նաեւ խօսակցութեան անգլերէն թարգմանութիւնը:
Կարելի է ըսել, որ «Կեանք ու կռիւ» ժապաւէններու շարքին Պէյրութի մէջ ցուցադրութիւնը վերջին մէկ տարուան մէջ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ի կարեւորագոյն նախաձեռնութիւններէն մէկն է` արժանի ամենայն քաջալերանքի: Զոյգ ժապաւէններուն ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ շուրջ մէկ շաբաթ: «Կեանք ու կռիւ 1» ժապաւէնին, ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ այսօր` երեքշաբթի, 21 մարտին եւ վաղը` չորեքշաբթի, 22 մարտին, յաջորդաբար Տորայի «Սինեմասիթի» շարժապատկերի սրահին եւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Իսկ չորեքշաբթի, 22 մարտին եւ հինգշաբթի, 23 մարտին, յաջորդաբար «Սինեմասիթի» շարժապատկերի սրահին եւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Կեանք ու կռիւ 2» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:
Հայկական որակաւոր ֆիլմարուեստի սիրահարները պէտք չէ փախցնեն «Կեանք ու կռիւ» զոյգ ժապաւէնները դիտելու այս բացառիկ առիթը…