ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը յունիս ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 27 դիմումի, մինչ մայիս ամսուան ընթացքին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 18 պարագայ:
Այսպէս, հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութիւն) դիմում կատարած են 13 զոյգեր, որոնցմէ 9-ն պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութիւն) դիմում կատարած 16 պարագաներն ալ արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտին (3-րդ երեխայ եւ աւելի) օգտուած են 2 նորածին, իւրաքանչիւրը` 2 հազար ամ. տոլար:
Այս ձեւով մայիս եւ յունիս ամիսներուն Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացած են 45 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ