Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու (ՄԱՀԱԵ) միութեան, կիրակի, 9 յուլիս 2017-ին տեղի ունեցաւ վերընծայումը Քեսապի Հայ աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ: Այս առիթով Պէյրութէն Քեսապ մեկնած էին ՄԱՀԱԵ-Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Հալէպէն` Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան եւ Կեդրոնական մարմինի անդամներ:

ՄԱՀԱԵՄ-ի պատուիրակութիւնը վերանորոգ եկեղեցւոյ բացումէն մէկ օր առաջ այցելութիւն տուաւ Քեսապի հայ կաթողիկէ եւ հայ առաքելական համայնքներու ներկայացուցիչներուն:

Կիրակի, 9 յուլիսը պատմական օր մըն էր ամբողջ քեսապահայութեան համար: Նախքան Քեսապի վերանորոգ Հայ աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերընծայումը, ՄԱՀԱԵՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Գալատուրանի, Էքիզոլուքի եւ Քէօրքիւնէի հայ աւետարանական եկեղեցիները` իւրաքանչիւրին նուիրելով բեմի նոր Աստուածաշունչ մը:

Լաթաքիոյ շրջանի պետական մարմինները, քաջալերուած Քեսապի հայ աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիի վերանորոգման աշխատանքներէն, ծրագրած էին դրօշակի արարողութիւն` Քեսապի հրապարակին վրայ բարձրացնելու սուրիական դրօշը, նախքան եկեղեցւոյ բացումը:  Պատանեկան շեփորախումբով առաջնորդուած արարողութենէն ետք, բոլորը ուղղուեցան դէպի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան կատարեց պաշտօնական բացումը վերանորոգ եկեղեցւոյ:

Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին, որ  21 մարտ 2014-ին գրաւուած, թալանուած եւ ապա հրկիզումի ենթարկուած էր, այժմ իր վերանորոգ եւ պայծառ սրահներուն մէջ կ՛ընդունէր բազմահարիւր  հաւատացեալներ, որոնք եկած էին առ Աստուած փառաբանութեան եւ շնորհակալութեան աղօթքներ ու երգեր բարձրացնելու: Կէսօրուան ժամը 12:00-ին սկսաւ վերընծայման յատուկ պաշտամունքը` ներկայութեամբ  Լաթաքիոյ նահանգապետին, կուսակցապետին, պատասխանատուներու, քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն եւ Քեսապի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու:

Քեսապի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատ. Ժիրայր Ղազարեան առաջնորդեց պաշտամունքը: Բեմի նոր Աստուածաշունչի նուիրումը կատարեց վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան եւ պատ. Սեւակ Թրաշեան կատարեցին ընթերցումներ Աստուածաշունչէն: Երգչախումբը հրամցուց երկու երգեր: Քեսապի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ տարբեր տարիքի զաւակներ արտասանեցին նուիրումի  աղօթքներ:  Օրուան պատգամը փոխանցեց վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, որ ներկայ հաւատացեալները հրաւիրեց քարեղէն կառոյցէն անդին նայելու  եւ ըլլալու կենդանի եկեղեցի, որուն միջոցաւ Աստուած կը փառաւորուի:

Պատգամէն ետք եկեղեցւոյ վերընծայման աղօթքը կատարեց վեր. Յարութիւն Սելիմեան, որ նաեւ դրուատեց աջակցութիւնը Սուրիոյ պետական մարմիններուն, որոնք մեծապէս դիւրացուցին վերանորոգման աշխատանքները` աւելցնելով, թէ Սուրիահայութիւնը անբաժան մասնիկն է Սուրիոյ ժողովուրդին:

Վեր. Փոլ Հայտոսթեան փոխանցեց Կեդրոնական մարմինին խօսքը, անդրադառնալով կատարուած աշխատանքին եւ անոր յուսադրիչ ազդեցութեան, գնահատանքով ընդգծելով, որ անիկա տարուեցաւ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի զաւակներուն կողմէ` համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի առաջնորդութեամբ:

Կարդացուեցաւ  Ամերիկայի Հայ աւետարանչական  ընկերակցութեան վարիչ տնօրէն Զաւէն Խանճեանի խօսքը, ապա Տէրունական աղօթքով եւ վեր. Գարակէօզեանի  առաքելական օրհնութեամբ աւարտեցաւ պաշտամունքը: Ներկաները դուրս եկան զիրար շնորհաւորելով եւ ողջագուրելով` բարձր տրամադրութեամբ:

ՄԱՀԱԵ-Միութեան նախագահը, Կեդրոնական մարմինի ատենապետն ու անդամները, նաեւ ներկայ Լաթաքիոյ պետական աւագանին շնորհաւորութիւններ ընդունեցին եկեղեցւոյ նորոգուած դահլիճին մէջ:

Նախորդը

Կոյրը Կը Տեսնէ Այն, Ինչը Դուն Չե՛ս Տեսներ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Անցեալ Շաբաթ Զէնք-Զինամթերքով Բեռցուած 184 Փոխադրակառք Ուղարկած Է Հասաքէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ

Յունուար 30, 2023
Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ  Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար
Գլխաւոր լուրեր

Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար

Յունուար 30, 2023
Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի  Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն  Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In