Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

July 17, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պահ մը եթէ վերյիշենք, թէ ի՛նչ պայմաններով եւ պատճառներով հիմնուեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը Լեւոն Շանթի, Համօ Օհանջանեանի, Սիմոն Վրացեանի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ ուրիշ մեծութիւններու կողմէ, սփիւռքացեալ այդ դժուար պայմաններուն մէջ, կը նկատենք, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Անոնք Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ծանուցումովը կը ստեղծէին այնպիսի զէնք մը, որ լաւագոյնն էր հայուն ինքնութիւնը պահելու եւ զարգացնելու համար, սփիւռքի ցրուածութեան եւ մաշեցնող մթնոլորտին մէջ: Այսօր եւս ահազանգը հնչած է եւ բոլորս անհրաժեշտաբար ու մանաւանդ ստիպողաբար պէտք է համախմբուինք մեր միութիւններուն, սրբութիւններուն, յատկապէս Համազգայինի շուրջ:

Մեր նախնիներուն միտքերէն ու տեսլականներէն մեկնելով` շարունակեցինք մեր երթը այն հաւատքով, որ Համազգայինի նպատակն է նոր սերունդին ընդհանուր կրթութեան կողքին ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն եւ փորձել պահպանել ազգային գիտակցութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները հայրենիքէն դուրս ապրող ժողովուրդի մնացորդացին մօտ: Այս նպատակին լաւագոյն պատկերը հանդիսացան մեր այս տարուան աւարտական հանդիսութիւններն ու միաւորներուն ելոյթները` սկսելով «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբի  գեղեցիկ ներկայացումէն, 20-ամեայ «Կարկաչ» երգչախումբի յոբելենական ելոյթէն, «Տաւիղ» խումբի ճոխ ներկայացումէն, «Այգ» երիտասարդական երգչախումբի հետեւողական փորձերէն եւ ժրաջան պատրաստութիւնը մօտակայ ապագայի ելոյթէն, «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի գեղեցիկ ցուցահանդէսէն, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի գլուխ-գործոց թատերախաղէն, «Գայեանէ» պարի դպրոցի գնահատելի ներկայացումէն, «Գուսան» երգչախումբի հոգեյոյզ ելոյթէն, «Քնար» պարախումբի գեղեցիկ ու ճոխ ներկայացումէն, յատկանշական էր նաեւ «Քնար»-ի նախկին պարողներու մասնակցութիւնը, որ իր տեսակին մէջ անդրանիկը կը հանդիսանայ: Նշենք նաեւ, որ տհոլահարներու համոյթը իր խանդավառող մասնակցութեամբ յաւելեալ փայլք տուաւ «Գայեանէ»-ի եւ «Քնար»-ի ներկայացումներուն:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը 2016-2017 կրթական եւ աշխատանքային տարեշրջանը եզրափակեց իր տեսակին մէջ առաջինը հանդիսացող միջվարչութիւններու ընթրիք-հանդիպումով մը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ,  15 յուլիս 2017-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Երեկոն հովանաւորեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը, Համազգայինի բոլոր մասնաճիւղերու, միաւորներու վարչութիւնները եւ մանաւանդ աւելի քան երկու հարիւրէ աւելի երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ու հիւրեր:

Հանդիպումը վարեցին Վարդան Ազնաւուրեանն ու Սէրուժ Յովսէփեանը: Երեկոյին ընթացքին սրտի խօսքեր արտասանեցին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պետիկ Ծառուկեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Այնուհետեւ երեկոն ճոխացուց սիրուած երգիչ Յակոբ Մկրտիչեան` իր անզուգական մեկնաբանութեամբ եւ խանդավառութեամբ: Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Սիլվա Ատուրեան եւ յայտնի երգիչ Հրաչ Կայծակեան:

Մեր մաղթանքն է, որ յառաջիկային Համազգայինը աւելի բեղուն ու հարուստ գործունէութիւն ունենայ ու մանաւանդ յարատեւէ պայծառ ճակատով եւ նորանոր ձեռքբերումներով:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

«Գործն Է Անմահ…»

Յաջորդը

Անդրադարձ. Անհեթեթ Ու Զաւեշտական Պնդում Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.