Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Նուիրուած ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղեր

July 17, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանի մը օր ետք սկիզբ կ՛առնեն ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան 20-էն 29 յուլիս 2017-ին, Երեւանի մէջ:

Չորս տարին անգամ մը տեղի ունեցող այս մարզախաղերը մեծ խանդավառութեամբ կը սպասուին բոլորին կողմէ: Իսկ 10-րդ մարզախաղերը իւրայատուկ պիտի ըլլան` նկատի ունենալով, որ անոնցմով սկիզբը պիտի տրուի միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն, որոնք պիտի երկարին մինչեւ 2018-ի աւարտ:

Մարզախաղերուն կը մասնակցին 21 շրջաններ` Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա, Գահիրէ, Քանատա, Երուսաղէմ, Լիբանան, Լոնտոն, Կիպրոս, Հայաստան, Հարաւային Ամերիկա, Մարսէյ, Մոսկուա, Յունաստան, Պուլկարիա, Սուրիա, Վալանս, Քուէյթ, Ֆրանսա ու «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւնները:  Մասնակիցներուն թիւը արդէն իսկ անցած է 1000-ի սահմանը` ապահովելով մասնակցութեան 1002 իւրայատուկ թիւ:

Յաջորդող օրերուն Երեւանը պիտի թնդայ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներուն տողանցքով եւ յաւելեալ ճոխութիւն ու փայլք պիտի ստանայ անոնց` դէպի մարզադաշտեր կամ տեսարժան վայրեր մեկնելու հեւքով ու խինդով:

Շաբաթ, 22 յուլիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ պիտի կատարուի մարզախաղերու պաշտօնական բացումը: Հայոց սուրբ նահատակներուն նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն պիտի վառի մարզախաղերու ջահը եւ պիտի փոխադրուի «Հանրապետութեան» հրապարակ, ուր պիտի համախմբուին տողանցող մասնակիցները, պաշտօնական հրաւիրեալներն ու ժողովուրդը: Պաշտօնական բաժինի աւարտէն ետք տեղի պիտի ունենայ երգահանդէս ու հրավառութիւն:

Մարզախաղերուն ընթացքին նկատի առնուած են նաեւ յատուկ դաստիարակչական ծրագիրներ, հայոց բանակի զօրակցութեան համար զօրամաս այցելութիւն, ինչպէս նաեւ ընկերային պահեր:

Փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Միքա» մարզադաշտին մէջ, շաբաթ, 29 յուլիս 2017-ին: Իսկ նոյն օրը երեկոյեան մարզախաղերը իրենց աւարտին կը հասնին Յաղթանակի պարահանդէսով:

ՀՄԸՄ-ական յատուկ պահեր եւ յիշատակներ, ինչպէս նաեւ նուաճումներ կը սպասուին յաջորդող օրերուն, որոնք պիտի ճոխացնեն միութեան հաստափոր 100-ամեայ պատմութեան էջերը` միշտ ՀՄԸՄ-ի յատուկ կապուածութեամբ ու եղբայրական ոգիով:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Անհեթեթ Ու Զաւեշտական Պնդում Մը

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Յիշեցուցած Է Ժողովրդավարութեան Պահպանման Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.