Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Հերթական Գործուղումը` Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

July 15, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորապէս հաւատալով «Դէպի երկիր» կարգախօսին` ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կազմակերպեց իր` յաջորդաբար 13-րդ տարին ըլլալով տարեկան գործուղումը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, նշանաբան ունենալով «Արցախը իմ տունն է» եւ «Կոտայքը իմ տունն է»:

Երէկ` ուրբաթ, 14 յուլիս 2017-ի առաւօտեան ժամերուն, զաւարեանական 13 ընկերներ ուղղուեցան հայրենիք` գործելու եւ ծառայելու, հայ պատանիին հետ ապրելու ու անոր նեցուկ կանգնելու եւ մանաւանդ հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման նպատակով: 13 ընկերներ պիտի բաժնուին երկու հիմնական խումբերու, որոնք պիտի գործեն երկու շրջաններու մէջ` Հայաստանի Կոտայքի մարզի Չարենցաւան շրջանը, իսկ Արցախ` Մարտունի: Այս ծրագիրը կարելի եղաւ իրագործել նիւթական ներդրումովը Զաւարեան ուսանողական միութեան այն բարեկամներուն, որոնք կը հաւատան միութեան առաքելութեան եւ «Դէպի երկիր» կարգախօսին: Գործուղումը սովորաբար ընկերային եւ դաստիարակչական բնոյթ ունեցող ծրագիր մըն է, որ կը նպատակադրէ հայրենիքի երիտասարդութեան հաւատքը ամրապնդել ազատ, անկախ եւ միացեալ, բարգաւաճ ու հզօր Հայաստանի տեսիլքին նկատմամբ:

Այս ծրագիրին շնորհիւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները կը լիցքաւորուին հայրենիքով: Այսպիսով, անոնք կ՛երթան հայրենիք, կ՛ապրին անոր առօրեան եւ ուղղակիօրէն ներդրում կը կատարեն այդտեղ: Նոյնքան կարեւոր է Հայաստանի եւ Արցախի պատանիներուն բաւարարութեան զգացումը այս ճամբարներէն: Անոնք մեծապէս ուրախ եւ գոհունակ կ՛ըլլան միայն այն պատճառով, որ սփիւռքէն խումբ մը երիտասարդներ եկած են իրենց համար: «Դէպի երկիր»-ի ճամբարին մասնակից պատանիները Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայ երիտասարդներն են, ապագայ քաղաքացիներն են: Այս իմաստով միութիւնը որոշած է նախ եւ առաջ աշխատանքը կեդրոնացնել պատանեկան մակարդակի վրայ:

13 տարուան փորձը, սակայն, ցոյց կու տայ, որ արդէն ժամանակն է, որ մեր հայրենիքին մէջ աշխատանքը դուրս գայ զուտ պատանեկան մակարդակէ եւ անցնի երիտասարդական ու ուսանողական մակարդակներուն: Առ այդ, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը այս  տարի առաջին անգամ ըլլալով, նպատակադրեց իրագործել յատուկ եւ աննախընթաց ծրագիր մը` օժանդակելու համար հայրենիքի մէջ կազմակերպական աշխատանքներուն եւ քաղաքականացած երիտասարդութեան մը պատրաստութեան աշխատանքներուն: Ծրագիրը պիտի ընթանայ փորձառական կարգավիճակի սահմաններուն մէջ, որ պիտի ընդգրկէ հարցախոյզներ` հասկնալու համար հայաստանաբնակ մեր հայրենակիցներու առօրեայ ապրելակերպը, ընկերային հարցերն ու անոնց մտահոգութիւնները: Հարցախոյզներու կողքին պիտի ըլլայ նաեւ յատուկ ծրագիր մը` գործակցութեամբ երկու շրջաններու պատանեկան միւթիւններուն: Այս ծրագիրը պիտի նպատակադրէ ամրապնդել եւ բարելաւել այդ շրջաններու պատանեկան միութիւններուն աշխատելաոճը:

ԶՈՄ-ը կը հաւատայ, թէ մեր բոլորին ուշադրութեան կիզակէտը պէտք է ըլլայ Հայաստանը, եւ նոյնիսկ եթէ այսօր հայրենադարձութեան պայմանները բաւարար չեն, ապա կը հաւատանք, որ լիբանանահայ գաղութը իր ներդրումներով եւ հայրենիքի մէջ աշխատանքներով պէտք է ըլլայ յառաջատարը այդ պայմաններու բարելաւման:

 

 

Նախորդը

Ժիրայր Դանիէլեանին Շնորհուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատուաւոր Դոկտորի Կոչում

Յաջորդը

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Անփոխարինելի Կը Նկատէ Լիբանանահայ Լրատուամիջոցներուն Դերակատարութիւնը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.