ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր քառամեայ նստաշրջանի (2015-2019) Գ. լիագումար նիստերը գումարեց 2-էն 4 դեկտեմբեր 2017-ին, Երեւանի մէջ:
Լիագումարը կեդրոնացաւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներու մանրամասնութիւններուն վրայ: Այդ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 19-էն 29 յուլիս 2018-ին, Երեւանի մէջ, Հայաստան: Ուրախութեամբ անդրադարձաւ, որ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութեան կեդրոնական ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ տիար Սերժ Սարգսեան, իսկ հովանաւորութիւնը` ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսն ու ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Սոյն ձեռնարկներուն համար արդէն իսկ յառաջացած են անհրաժեշտ յանձնախումբեր, որոնց իւրաքանչիւրը իրենց ծիրին մէջ արդէն իսկ աշխատանքի լծուած են ու ծրագիրները կազմած` օժանդակելու 100-ամեակի աշխատանքներու կազմակերպման ու գործադրութեան:
Միութեան 100-ամեակի ծրագիրներն են.
– Երեք յիշարժան վայրերէ փոխադրուած ջահերով ջահավառում Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ապա` ծառատնկում:
– Դրօշակի բացման արարողութիւն Ծիծեռնակաբերդի մէջ:
– Միութեան 100-ամեակին նուիրուած` Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակում:
– Եռաբլուր այցելութիւն եւ ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներու հոգեհանգիստ:
– Միութեան հիմնադիրներու քանդակներու բացում:
– Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի մասնակիցներուն կողմէ պաշտօնական տողանցք Հանրապետութեան հրապարակը:
– Գիտաժողով:
– Ցուցահանդէս:
– Վահան Չերազի արձանի բացում Գիւմրիի մէջ:
– Նախկին խմբապետներու համախմբում:
– Պաշտօնական հանդիսութիւն Օփերայի մէջ:
– Միութեան թանգարանի յուշամատեանի հրատարակութիւն:
– Յաղթանակի ճաշկերոյթ:
Միութեան 100-ամեակին առիթով զանազան բնոյթի տօնակատարութիւններ պիտի կատարուին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններուն մէջ, 2018 տարուան ընթացքին, իսկ գլխաւոր ձեռնարկները` նոյեմբեր 2018-ին: Որոշ շրջաններ արդէն իսկ սկսած են այս ուղղութեամբ ծրագիրներ մշակել:
Լիագումարը քննարկեց ու արծարծեց Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի մանրամասնութիւնները: Բանակումը տեղի պիտի ունենայ 19-էն 28 յուլիս 2018-ին, Բիւրականի մէջ, Հայաստան: Բանակումը նուիրուած է միութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակներուն ու կը նախատեսուի 1000 եւ աւելի տարազաւորներու մասնակցութիւն: Կեդրոնական վարչութիւնը քննարկեց նաեւ Բիւրականի բանակավայրին մէջ իրագործելի շինարարութիւններու պարագան` աննախընթաց մեծ թիւով մասնակիցներու հիւրընկալութեան համար:
Լիագումարը անդրադարձաւ նաեւ շրջաններուն առնչուող մանրամասնութիւններուն եւ անհրաժեշտ որոշումներ տուաւ այդ ուղղութեամբ: Ուրախութեամբ անդրադարձաւ կարելիութիւններուն` հիմնադրելու նոր մասնաճիւղեր եւ միաւորներ, որոնք պիտի ստեղծուին 2018 տարուան ընթացքին:
Լիագումարը մանրամասնօրէն քննարկեց միութեան 100-ամեակին նուիրուած` յուլիս 2017-ին կայացած Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը, որոնց մասնակցեցան 1250 մարզիկներ եւ պատասխանատուներ: Կեդրոնական վարչութիւնը հաստատեց, որ հայկական իրականութեան ու պատմութեան մէջ ոսկեայ տառերով արձանագրելի է կատարուած իրագործումը` թէ՛ կազմակերպական, եւ թէ մասնակցութեան իմաստով: Քննարկուեցաւ մարզական պատասխանատուներու յատուկ համագումարի կայացման առաջարկը, որ իբրեւ անհրաժեշտութիւն պիտի փոխանցուի յառաջիկայ Կեդրոնական վարչութեան:
Լիագումարը քննարկեց եւ վաւերացուց միութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով գումարուելիք «Երիտասարդական համագումար»-ը, որ ծրագրուած է կայացնել մարտ 2019-ին: Սոյն համագումարը կը միտի ունկնդրել միութեան շարքերուն մէջ գործած ու գործող երիտասարդներուն, քննարկել ապագայի նոր ծրագիրներ եւ առիթ տալ, որ ոչ տարազաւոր ու ոչ մարզիկ երիտասարդները իրենց ներդրումը ունենան միութեան ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մէջ:
Լիագումարը ծանրացաւ անձեռնմխելի հիմնադրամ մը ստեղծելու կարելիութիւններուն վրայ: Առաջարկը խորապէս քննարկելէ ու անոր զանազան կարելիութիւնները ստուգելէ ետք, որոշուեցաւ միութեան 100-ամեակին առիթով ստեղծել ՀՄԸՄ-ի անձեռնմխելի հիմնադրամը (Endowment fund), Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Լիագումարը ուրախութեամբ անդրադարձաւ միութեան նոր կայքին (www.homenetmen.org) աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոր թարգմանական բաժիններուն: Տեղեկատուական արհեստագիտութեան նորութիւններուն հետ քայլ պահելու առաջարկներ ու ծրագիրներ վաւերացնելով` Կեդրոնական վարչութիւնը նոր թափ պիտի տայ խիստ անհրաժեշտ յառաջխաղացքներուն: Շեշտը դրուեցաւ ընկերային ցանցերու միջոցով ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը ծանօթացնելու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան եւ զայն շարունակելու կարեւորութեան վրայ:
Կեդրոնական վարչութիւնը գնահատանքով անդրադարձաւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոր առցանց տեղադրած լուրերուն ստեղծած հետաքրքրութեան: Քննարկուեցան պաշտօնաթերթին դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ արդիականացման կարելիութիւնները:
Լիագումարը քննարկեց մօտիկ ապագային իրագործելի ՀՄԸՄ-ական իրերու առցանց վաճառքի (online shop) մանրամասնութիւնները եւ վաւերացուց զանոնք:
Իր լիագումարին ժամանակ, Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Վարչութեան կազմակերպած 300 նորագիրներու երդման արարողութեան, որ կու գայ աւելի եւս հարստացնելու եւ ամրապնդելու ՀՄԸՄ-ի աշխատանքները Հայաստանի մէջ:
Աւարտին, Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց կոչ ուղղել միութեան շարքերուն եւ համակիրներուն, որ կուռ շարքերով 19-էն 29 յուլիս 2018-ին ներկայ գտնուին Հայաստան` արժանավայել կերպով տօնակատարելու մէկ դարեայ միութեան յոբելեանը:
«ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ` ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՅ»
ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Երեւան, 9 դեկտեմբեր 2017