Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին, երէկ` հինգշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեցներու տարեկան աւանդական Կաղանդի ձեռնարկը` աւելի քան 90 տարեցներու:
Օրուան հանդիսավար Սեւան Ադամեան-Կարապետեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շնորհակալական խօսք ուղղեց «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբի անդամներուն, որոնք միշտ կ՛աշխատին ուրախացնելու համար տարեցները եւ տարեկան դրութեամբ կը կազմակերպեն Ամանորի ձեռնարկը, որպէսզի ուրախութեամբ աւարտեն հին տարին եւ լաւ տրամադրութեամբ դիմաւորեն Նոր տարին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ինչպէս նաեւ «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի բարերարներէն Պերճ Կիւլպէնկեանին:
Աւելի քան 3 ժամ տեւողութեամբ տարեցները բաւական խանդավառ մթնոլորտի մէջ զուարճացան, երգեցին, պարեցին, ճաշակեցին համադամ ուտեստեղէններ եւ ստացան կաղանդչէքեր եւ նուէրներ: