Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրայր Մարուխեան` Կարեւոր Անձնաւորութիւն Մը Հայկական Կեանքին Մէջ

December 22, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

19 տարի առաջ հայութիւնը եւ յատկապէս Դաշնակցութիւնը կորսնցուցին հայ իրականութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն եւ ներդրում ունեցած ղեկավար մը` Հրայր Մարուխեան, որ հայութեան եւ Հայ դատի հաւատարիմ զինուորն էր: Դաշնակցականի իր յանդուգն կամքով ու աներեր հաւատքով ան պայքարի ուղին բացաւ, ամրապնդեց հաւաքական կամքը` ո՛չ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ համայն հայութեան շարքերուն մէջ:

Աւելի քան 25 տարի վարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի բարձրագոյն պատասխանատուութիւնը` այսպիսով տիրանալով  հայ ժողովուրդի ազգային արժանաւոր ղեկավարի դափնեպսակին:

Զանազան ոլորտներու մէջ իր ունեցած դերակատարութեան զուգահեռ, Հրայր Մարուխեան անձամբ, ի պաշտօնէ, ղեկավարեց հայրենիքի մէջ Դաշնակցութեան վերընձիւղման աշխատանքները եւ իբրեւ այդպիսին` մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ:

Այս մեծ անձնաւորութեան անունն ու գործունէութիւնը անջնջելի են հայութեան եւ յատկապէս Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ: (Հրայր Մարուխեանի կեանքին ու տարած մեծ աշխատանքին կ՛անդրադառնանք շաբաթ օրուան էջերով):

 

Նախորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ

Յաջորդը

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Յառաջապահը Տեղափոխուեցաւ Պայէրն Միւնիխ

RelatedPosts

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ.  «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»
Գաղութային

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ. «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»

January 14, 2026
Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ
Գաղութային

Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ

January 12, 2026
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.