Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ Փոքրիկներու Յատուկ Ամանորի Տօնակատարութիւն

Դեկտեմբեր 18, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Ընկերային յանձնախումբին, շաբաթ, 16  դեկտեմբեր 2017-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրիկներու յատուկ Կաղանդի ձեռնարկը, որուն նպատակն էր տօնական օրերու ուրախութեամբ լեցնել ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանին մասնակցած եւ «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան յաճախող  մանուկներուն սրտերը:

Խաղերով յագեցած այս օրը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին` Կազդուրման կայանին մասնակցած մեծաթիւ երեխաներու ներկայութեան: Յայտագիրին բացումը կատարեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Մարօ Սալխանեան, որ ողջունեց երեխաները եւ անոնց ծանօթացուց ԼՕԽ-ն ու անոր կատարած աշխատանքները: Սալխանեան իր խօսքին մէջ երեխաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչն է, որ ամէն ամառ զանոնք կը հրաւիրէ Այնճար, ուր կը կազմակերպէ Կազդուրման կայան, որուն յարկին տակ անոնք առիթ կ’ունենան օգտաշատ եւ հաճելի օրեր անցընելու: Իր խօսքին մէջ, Սալխանեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Օրօրիկ» խումբին, որ սիրայօժար կերպով ստանձնած էր այդ օրը երեխաներուն խաղեր պատրաստելն ու զանոնք ուրախացնելու պարտականութիւնը:

Բացման խօսքէն ետք, «Օրօրիկ» խումբը մանկական խաղերով զուարճացուց ներկայ փոքրիկները: Յայտագիրին ընթացքին մանուկներուն այցելեցին «Միքի Մաուս»-ն ու «Մինի Մաուս»-ը, որոնք իրենց կարգին ժպիտ գծեցին մանուկներուն դէմքերուն վրայ: Անկէ ետք Փաթիլ Մկրտիչեան փոքրիկներուն ներկայացուց Յ. Թումանեանի հեքիաթներէն փունջ մը, որուն ընդմէջէն անոնց բացատրեց ճշմարտախօս եւ անկեղծ ըլլալու կարեւորութիւնը:

Հիւրասիրութենէն ետք պահը հասաւ դիմաւորելու Կաղանդ պապուկը, որուն ժամանման պահը մանուկներուն կողմէ ամէնէն սպասուածն էր: Վերջապէս հասաւ Կաղանդ պապան, որ նկարուեցաւ ու պարեց փոքրիկներուն հետ, ապա անոնց բաժնեց նուէրներ:

Նախորդը

Արեան Անվճար Քննութիւն

Յաջորդը

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնի Աւանդական Ցուցահանդէս

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?