Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յակոբ Մծբնացիի Նախատօնակ` Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

Դեկտեմբեր 16, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետ հայ եկեղեցւոյ ամէնէն սիրելի սուրբերէն մէկն է: Անոր տօնը կը նշուի 12-18 դեկտեմբերին զուգադիպող շաբաթ օրը: Այս տարի Ս. Յակոբ Մծբնացիի տօնը կը զուգադիպի 16 դեկտեմբեր 2017-ին: Այս առիթով, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակ: Արարողութեան ընթացքին դուրս բերուեցան կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Յակոբ Մծբնացիի ու Ս. Նիկողայոս սքանչելագործի մասունքները, որոնցմով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Անդաստանի արարողութիւն:

Շարականներու եւ աղօթքներու երգեցողութեամբ, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը «յաղթող եւ սուրբ հայրապետ»-ին դիմեց, հայցեց անոր օրհնութիւնը, բժշկութիւն եւ բարեխօսութիւն աղերսեց ու աղօթեց` ըսելով. «Կ՛աղաչենք` անոր միջոցով երկրի վրայ հիւանդները հրաշքով բժշկէ, ան աշխարհին պարծանքն է եւ մեզի` բարեխօս»:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Արամ Ա. կաթողիկոս  հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն յայտնեց, որ անոնց ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կ՛իմաստաւորուի: Ան ընդգծեց, որ այստեղ հաւաքուած բազմութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է ժողովուրդին ու մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ տակաւ աճող հայկական եւ եկեղեցական արժէքներուն նկատմամբ հետաքրքրութեան ու գիտակցութեան: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ Ս. Յակոբ Մծբնացին հոգեկան արժէքներու աղբիւր եւ բարեպաշտութեան մղիչ ուժ տուող եղած է եւ անոր համար մեր ժողովուրդը կապուած է այս սուրբին: Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամը աւարտեց աղօթելով, որ Ս. Յակոբ հայրապետին ճամբով Աստուած դարման տայ ցաւերուն, բժշկութիւն պարգեւէ հիւանդներուն եւ յաջողութեամբ օրհնէ բոլոր բարի գործերը:

 

Նախորդը

Դաշնակցութեան Օրուան Արդիական Եւ Ժամանակակից Պատգամները

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանի Ալպոմի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?