Գաղութային

49 Փոքրիկ Մրցանակակիրներ Արժանացան  «Անսխալ Գրենք» Մրցումին Պարգեւներուն

49 Փոքրիկ Մրցանակակիրներ Արժանացան «Անսխալ Գրենք» Մրցումին Պարգեւներուն

2017-ին լրացաւ 14-րդ տարին «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի  կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին: 28 դեկտեմբեր 2017-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը դարձեալ լեցուած էր մրցանակակիր մանուկներով եւ անոնց ծնողներով: Երեկոյեան ժամը 6:30-ին բացման խօսքով Սրբուկ Ճենանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ ի մասնաւորի փոքրիկ մրցանակակիրներուն, որոնց թիւը, նշեց ան,  տարուէ տարի աճ կ՛արձանագրէ, ինչ որ ուրախալի երեւոյթ է ու...

Կազմակերպութեամբ «Ճինիշեան» Յիշատակի  Ձեռնարկի Համայնքային Բարգաւաճման  Ծրագիրի Տիկնանց Յանձնախումբին  Ամանորի Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ «Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկի Համայնքային Բարգաւաճման Ծրագիրի Տիկնանց Յանձնախումբին Ամանորի Տօնակատարութիւն

Ուրբաթ, 29 դեկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Համայնքային բարգաւաճման ծրագիրի տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց մանուկներու յատուկ Ամանորի ձեռնարկ մը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Շուրջ 200 փոքրիկներ համախմբուած էին իրենց ծնողներուն հետ` մասնակցելու համար Կաղանդ պապուկի ձեռնարկին: Տիկնանց յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց Սոնա Չէօլմեքեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ այս տօնակատարութեան նպատակն է...

Ամանորեան Խրախճանք` Ծերունի  Մամիկներուն Եւ Պապիկներուն

Ամանորեան Խրախճանք` Ծերունի Մամիկներուն Եւ Պապիկներուն

27 դեկտեմբեր 2017-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի բոլոր ծերանոցները ապաստանած ծերերուն Կաղանդի ձեռնարկը` ներկայութեամբ 500 ծերերու: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկան Նելլի Վեքիլեանը եւ Էլի Նսէյրը, որոնք Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով մաղթանքներ կատարեցին մամիկներուն եւ պապիկներուն` մաղթելով անոնց առողջութիւն եւ ուրախութիւն: Խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ,...

«Շուշի» Եւ «Սարդարապատ»  Կոմիտէութիւններուն  Նախաձեռնութեամբ` Մեծաթիւ  Մանուկներ Կաղանդ Տօնեցին

«Շուշի» Եւ «Սարդարապատ» Կոմիտէութիւններուն Նախաձեռնութեամբ` Մեծաթիւ Մանուկներ Կաղանդ Տօնեցին

Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօնին առիթով տարբեր շրջաններու մէջ ՀՅԴ-ի կոմիտէութիւններուն նախաձեռնութեամբ կայացող տօնական հաւաքոյթներու ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 28 դեկտեմբերին,  ՀՅԴ «Շուշի» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէներուն ընկերային յանձնախումբերը Ռաուտայի դաշտին վրայ եւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ  կազմակերպեցին  Կաղանդի տօնակատարութիւն: Զոյգ շրջաններէն մեծաթիւ մանուկներ համախմբուած էին ուրախ պահեր անցընելու, հիւրասիրուելու, կազմակերպուած խաղերուն մասնակցելու եւ Կաղանդ պապայէն...

«Ազդակ»-ի 2018-ի Բացառիկի Բովանդակութիւնը

«Ազդակ»-ի 2018-ի Բացառիկի Բովանդակութիւնը

Խմբագրական     100-ամեակ եւ 30-ամեակ պետականութեան վերականգնումի խորհուրդները   1 Հայութիւն Եւ Հայ Դատ     Սարդարապատէն յառնած հայրենիքը յենարան եւ ուղեցոյց  հայուն այսօրն ու ապագան կերտելու Սարգիս Մահսէրէճեան 3   Գերագոյն արժէքի մը խորհրդանիշը Վ. Աւագեան 12 Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններն ու Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը   15 Միասնաբար ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը «Խմբ.» 18 Հին տարուան մայրամուտ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ  Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կատարած իր այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս չորեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2017-ին, այցելութիւն տուաւ Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոց, ուր զինք դիմաւորեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ծերանոցի տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան, խնամակալութիւնն ու տիկնանց յանձնախումբը: Հանդիպումը ընթացք առաւ «Խորհուրդ մեծ» շարականի երգեցողութեամբ, որուն յաջորդեցին Ս. Ծնունդին նուիրուած այլ շարականներ եւ փունջ...

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ.  Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի  Տօնակատարութիւն

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ. Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնակատարութիւն

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագ եւ նախավկայ մարտիրոս Ս. Ստեփանոսի տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագը մատուցեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեան: Արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմի քահանայից դասը եւ թեմի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները: Ս....

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Տօնական օրերուն առիթով, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը իր բարեսիրական գործունէութեան ծիրին մէջ, հայ ընտանիքներ ուրախացնելու նպատակով, Պուրճ Համուտի եւ այլ շրջաններու մէջ կարիքաւոր ընտանիքներու ուտեստեղէնի ծրարներ բաշխեց: Շրջանային վարչութիւնը, հերթաբար, 2018 տարուան ընթացքին եւս պիտի շարունակէ նպաստ տրամադրել հայ կարիքաւոր ընտանիքներու: «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» նշանաբանով գործող Լիբանանահայ օգնութեան խաչը միշտ պատրաստ է ուրախութեան ժպիտ դրոշմելու իր հայրենակիցներուն դէմքերուն վրայ: Անտէրին...

Ս. Ծննդեան Պատարագ` Ս. Գրիգոր  Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան Պատարագ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

Երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Ս. Ծննդեան տօնին առիթով: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը Ս. Ծննդեան իր պատգամին մէջ ըսաւ, որ Ամենասուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձը` Յիսուս Քրիստոս մարմին առաւ տկար, դիւրաբեկ, անմեղ մանկան...

«Շուշի» Կոմիտէութեան Նախաձեռնութեամբ  Ելեկտրածին Նոր Շարժակ Ունեցաւ Շրջանը

«Շուշի» Կոմիտէութեան Նախաձեռնութեամբ Ելեկտրածին Նոր Շարժակ Ունեցաւ Շրջանը

Կիրակի, 24 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ռաուտայի «Շուշի» կոմիտէութեան ակումբին կից տեղի ունեցաւ նոր ելեկտրածին շարժակի բացումը: ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Յակոբեանը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ կոմիտէին առաջնահերթ ծրագիրներէն մէկն է Ռաուտայի շրջանի բարեզարդումը եւ անոր բնակիչներուն հանգիստ ու հեզասահ կեանքի ապահովութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ 6 դեկտեմբեր 2016-ին ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէն այսօրուան ծրագիրին համար ըսած էր հետեւեալը....

Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.  «Հրաչ Եւ Ճինա Պոյաճեան»  Դահլիճի Բացման Հանդիսութիւն

Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. «Հրաչ Եւ Ճինա Պոյաճեան» Դահլիճի Բացման Հանդիսութիւն

Երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ նորակառոյց «Հրաչ եւ Ճինա Պոյաճեան» դահլիճի բացման հանդիսութիւնը: Նորակառոյց դահլիճին բացումը կատարեցին առաջնորդ սրբազան հայրը եւ բարերար տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Ճինա Պոյաճեան: Բացման խօսքը արտասանեց Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Մեսրոպեան:...

Կազմակերպութեամբ Ս. Խաչ-Հարպոյեան  Բարձրագոյն Վարժարանի  Ս. Ծննդեան Համերգ

Կազմակերպութեամբ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Ս. Ծննդեան Համերգ

Շաբաթ, 23 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հովանաւորութեամբ Պէյրութի թեմի եւ Զմմառու կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին ժաք Կիսոյի, Ս. Ծննդեան համերգ տեղի ունեցաւ Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: Համերգը կազմակերպուած էր հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ- Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին կողմէ: Համերգը սկսաւ «Խորհուրդ մեծ» շարականով, որ տուտուկի վրայ նուագեց...

«Թեհլիրեան», «Իշխան» Եւ «Աղբալեան»  Կոմիտէութիւններուն Նախաձեռնութեամբ`  Հարիւրաւոր Մանուկներ Ու Պատանիներ  Վայելեցին Տօնական Մթնոլորտը

«Թեհլիրեան», «Իշխան» Եւ «Աղբալեան» Կոմիտէութիւններուն Նախաձեռնութեամբ` Հարիւրաւոր Մանուկներ Ու Պատանիներ Վայելեցին Տօնական Մթնոլորտը

Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի ուրախ տօներուն առիթով մանուկներն ու պատանիները ուրախացնելու եւ տօնական հաճելի մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով` ՀՅԴ «Թեհլիրեան» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբը Մար Եուսեֆի ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի ակումբին մէջ, ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբը «Ազիրեան» ակումին մէջ եւ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ կազմակերպած էին տօնական ճոխ  ձեռնարկներ, որոնք տեղի ունեցան 23 դեկտեմբեր 2017-ին: Սոյն...

Արեան Անվճար Քննութիւն

Արեան Անվճար Քննութիւն

21 դեկտեմբեր 2017-ին, ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ  եւ  երեսփոխանական գրասենեակին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ արեան ընդհանուր անվճար քննութիւն` շրջանի բնակիչներուն: Այս նախաձեռնութեան նպատակն  էր հոգալ առողջութիւնը ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններուն պատճառով դժուար կացութեան մէջ կ՛ապրին:    

Քաղաքապետարանի Տօնական Ձեռնարկները

Քաղաքապետարանի Տօնական Ձեռնարկները

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին կազմակերպութեամբ Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին առիթով իրականացան շարք մը նախաձեռութիւններ` միշտ նպատակ ունենալով տօնական օրերուն ուրախացնել շրջանի բնակիչները: 12 դեկտեմբեր 2017-ին  Պուրճ Համուտի բոլոր դպրոցներուն առաջին դասարանէն 6-րդ կարգի աշակերտները հրաւիրուեցան «Միշել Մըր» մարզահամալիր` դիտելու համար «Ֆանթասթիք ուըրլտ»-ի ներկայացումը, որ մեծ խանդավառութիւն յառաջացուց աշակերտներուն մէջ: 11-էն 15 դեկտեմբերին քաղաքապետարանը Պուրճ Համուտի բոլոր դպրոցներու մանկապարտէզի աշակերտներուն նուէրներ...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտներուն  Այցելութիւնը Հայ Ազգային Բուժարան-Ազունիէ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտներուն Այցելութիւնը Հայ Ազգային Բուժարան-Ազունիէ

Հայ ազգային բուժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ուրբաթ, 22 դեկտեմբեր 2017-ին այցելեցին բուժարանի ծերունիներուն, հիւանդներուն, պատսպարեալներուն եւ պաշտօնեաներուն` Կաղանդի ճոխ մթնոլորտ ստեղծելով եւ նուէրներու բաշխումով:

Դպրեվանքը Իր Հայրապետով Կը Տօնախմբէ Իր Կաղանդը

Դպրեվանքը Իր Հայրապետով Կը Տօնախմբէ Իր Կաղանդը

Ուրբաթ, 22 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին դպրեվանեցիներ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ տեսչական կազմին ու միաբան հայրերու, մէկ յարկի տակ համախմբուելով, նշեցին դպրեվանքի Կաղանդը: Դպրեվանեցիներ երգեցին Կաղանդի եւ ազգային զանազան երգեր` ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծելով: Ապա դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ հակառակ իր բազմազբաղութեան` անգամ մը եւս առիթը ստեղծեց ըլլալու...

Շնորհաւորական Այցելութիւններ` Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով

Շնորհաւորական Այցելութիւններ` Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով

Երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2017-ին «Կարմիր Լեռ» (Այնճար) եւ «Արամ» (Զահլէ) կոմիտէներէն պատուիրակութիւն մը՝ ընկերակցութեամբ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ` նախկին երեսփոխան Սալիմ Աունի, նախկին նախարարներ Էլի Մարունիի եւ Նիքոլա Ֆաթթուշի, Ասորիներու համախմբումի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կեդրոններ, ինչպէս նաեւ` Ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսին: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր նաեւ Ճորճ Փուչիկեանը:

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Ուրախ Առօրեայէն

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Ուրախ Առօրեայէն

Անցնող շաբթուան ընթացքին Ազգային Միացեալ վարժարանը ընկերային, կրթական մարզերուն մէջ ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն: Չորեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2017-ին վարժարանի ծնողական յանձնախումբը կազմակերպեց Նոր տարուան հանդէս-հիւրասիրութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ծնողները: Նոր տարուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը յատուկ էր իր տեսակով, որովհետեւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին տօնական գեղարուեստական յայտագիր մը: Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց նախակրթարանի բաժինի պատասխանատու` Շաղիկ...

Տօնական Հանդիսութիւն «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ

Տօնական Հանդիսութիւն «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ

Հինգշաբթի, 21 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Թռչնոց բոյն»-ի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ  ամանորի խրախճանք` ներկայութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի մեծ ընտանիքին, խնամակալութեան, Շրջանաւարտից միութեան, տիկնանց յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն եւ ընկերային յանձնախումբէն ներկայացուցիչներու: Հերթաբար խօսք առին օրուան հաղորդավարը` Փաթիլ Մկրտիչեան, դպրոցի տնօրէնը` Սամուէլ Պօյաճեանը եւ Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեանը, որոնք ողջունեցին հաւաքոյթին մասնակիցները ու ներկայացուցին դպրոցին գործունէութիւնը,  շնորհակալութիւն յայտնեցին բարերարներուն: Ամանորեայ...

Page 243 of 365 1 … 242 243 244 … 365

Արխիւներ