Գաղութային

Արեան Անվճար Քննութիւն

Արեան Անվճար Քննութիւն

Ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններու պատճառով դժուար կացութեան մէջ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողքին ըլլալու եւ իրենց ուշադրութեան յանձնելու համար այն, որ առողջութիւնը շատ կարեւոր է, աւելի քան ամիս մը առաջ ՀՅԴ ակումբներուն մէջ կատարուեցան եւ կը շարունակուին կատարուիլ արեան անվճար քննութիւններ: Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Երեսփոխանական գրասենեակին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» եւ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութիւններուն, ուրբաթ, 19 եւ շաբաթ, 20 յունուարին, առաւօտեան ժամը 7:00-10:30,...

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի  Լիբանանահայ Կեդրոնական Մարմինը  Գումարեց Իր Անդրանիկ Նիստը

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանահայ Կեդրոնական Մարմինը Գումարեց Իր Անդրանիկ Նիստը

Հինգշաբթի, 18 յունուար 2018-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը նշող լիբանանահայ կեդրոնական մարմինի անդրանիկ նիստը: Մարմինին մաս կը կազմեն լիբանանահայ երեք համայնքներու եւ կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ բարեսիրական, բարեգործական եւ մարզական բոլոր միութիւններուն ներկայացուցիչները: Հաւաքին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան հաստատեց, որ դարերու ստրկութենէն ետք հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ հռչակել իր անկախութիւնը, եւ այդ իրագործումը արդիւնք...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ  Ղպտի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ  Թէոդորոս Բ. Պատրիարքին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Թէոդորոս Բ. Պատրիարքին Հետ

Գահիրէ հասնելէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի եկեղեցւոյ պետ Թէոդորոս Բ. պատրիարքին հետ: Ապա, հանդիպումին միացաւ Մարոնի եկեղեցւոյ պետ Պշարա Ռայի պատրիարքը: Երկու եկեղեցիներու պատուիրակութեանց ներկայութեան տեղի ունեցաւ յիշեալ հանդիպումը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի եւ եկեղեցիներու գործակցութեան հետ առնչութիւն ունեցող հարցեր: Խաղաղութեան հարցին շուրջ «Ազհար» իսլամական կեդրոնին կազմակերպած միջազգային համագումարի ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (15).  «Ապագայ Լրագրողներ»-Ը Ծանօթացան  Արցախի Բանակցային Հոլովոյթին

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (15). «Ապագայ Լրագրողներ»-Ը Ծանօթացան Արցախի Բանակցային Հոլովոյթին

Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի հետեւող «Ապագայ լրագրողներ»-ը երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ շարունակեցին իրենց համար մշակուած յատուկ ծրագիրի գործադրութիւնը: «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին եւ սահմանադրութեան փոփոխութեան լոյսին տակ հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններուն նուազումին ու վարչապետի լիազօրութիւններուն յաւելումին` բացատրելու համար, թէ յաջորդ փուլին Արցախի բանակցային հոլովոյթը վարողը պիտի ըլլայ վարչապետը եւ ոչ թէ նախագահը:...

Պէյրութի Նահանգապետ Զիատ  Շպիպ Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Պէյրութի Նահանգապետ Զիատ Շպիպ Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Երէկ` հինգշաբթի, 18 յունուար 2018-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան ընդունեց  Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպը: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Յակոբ Թերզեան եւ Արամ Մալեան, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ հաւաքաբար քննարկելու երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները: Նահանգապետ Շպիպ մեծապէս գնահատեց պետական կառոյցներուն մէջ հայ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Անհրաժեշտ Է Երուսաղէմի  Կրօնական Ու Միջազգային Նկարագիրը Պահել`  Յարգելով Իւրաքանչիւր Կրօնի Իրաւունքները»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Անհրաժեշտ Է Երուսաղէմի Կրօնական Ու Միջազգային Նկարագիրը Պահել` Յարգելով Իւրաքանչիւր Կրօնի Իրաւունքները»

Երէկ առաւօտ, Եգիպտոսի մէջ Երուսաղէմի հարցին շուրջ կազմակերպուած միջազգային համագումարի առաջին նիստին խօսք առնելով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ «անհրաժեշտ է յարգել միջազգային օրէնքին տուեալները եւ պատմութեան ընթացքին նուիրագործուած աւանդութիւնները` Երուսաղէմը նկատելով սուրբ քաղաք միաստուածեան երեք կրօններու»: Ապա վեհափառ հայրապետը հետեւեալ 4 կէտերուն մէջ ամփոփեց իր տեսակէտը. 1) Անհրաժեշտ է միջազգային համայնքին յիշեցնել, որ Երուսաղէմի գրաւումը Իսրայէլի կողմէ լայն...

Վահէ Պէրպէրեան Իր «Ուրեմն» Մենաներկայացումով  Հանդէս Կու Գայ 8 Ելոյթներով

Վահէ Պէրպէրեան Իր «Ուրեմն» Մենաներկայացումով Հանդէս Կու Գայ 8 Ելոյթներով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, 18, 19, 20, 21 եւ 25, 26, 27, 28 յունուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Վահէ Պէրպէրեան պիտի ներկայացնէ «Ուրեմն» մենաներկայացումը, որուն տոմսերը` 8 ելոյթներուն ալ, գրեթէ սպառած են: «Ազդակ»-ին հետ ունեցած կարճ զրոյցի մը ընթացքին Վահէ Պէրպէրեան ըսաւ, որ  «Ուրեմն» ներկայացման նիւթը սուտի մասին է. սուտը ամէն տեղ` անձնական կեանքին մէջ,...

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ.  7 Դիմումի Ընդառաջում Նոյեմբերին Եօթնամսեայ Հաշուեկշիռ` 159 Պարագայ

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ Տեղեկագիր Հայ Ուսանողի Ֆոնտի

ՀՅ Դաշնակցութեան 126-ամեակին առիթով յայտարարուած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտերէն Հայ ուսանողի ֆոնտին կապակցութեամբ անհրաժեշտ կը նկատենք ներկայացնել հետեւեալ տեղեկութիւնները. ա) Հայ ուսանողի ֆոնտէն կրնան օգտուիլ բոլոր անոնք, որոնք աւարտած են հայկական վարժարան եւ իրենց ուսումը կը շարունակեն Լիբանանի մէջ գտնուող որեւէ համալսարանի մէջ: բ) Հայ ուսանողի ֆոնտին դիմում կատարած են 152 ուսանողներ: Բոլոր դիմումները ընդունուած են: գ) 152 ուսանողները ներկայացած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մասնակցի  Երուսաղէմի Մասին Ազհարի Կազմակերպած  Միջազգային Համագումարին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մասնակցի Երուսաղէմի Մասին Ազհարի Կազմակերպած Միջազգային Համագումարին

Երեքշաբթի, 16 յունուարին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մեկնեցաւ Գահիրէ` մասնակցելու Երուսաղէմի հարցին շուրջ Ազհարի կազմակերպած միջազգային համագումարին: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան: Պէյրութի օդակայանի հիւրասրահին մէջ` Արամ Ա. կաթողիկոս, ուժանիւթի նախարար Սեզար Ապի Խալիլ եւ Պշարա Ռայի պատրիարք Համագումարը տեղի կ՛ունենայ նախագահութեամբ Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի նախագահներուն ու...

Ռուսական Մշակութային Կեդրոն.  Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի  Դպրոցը Մասնակցեցաւ Յովհաննէս Այվազովսքիի  Ծննդեան 200-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէսին

Ռուսական Մշակութային Կեդրոն. Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցը Մասնակցեցաւ Յովհաննէս Այվազովսքիի Ծննդեան 200-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէսին

Կազմակերպութեամբ ռուսական դեսպանատան մշակութային կեդրոնին երկուշաբթի, 15 յունուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ռուսական մշակութային կեդրոնին մէջ` Վերտան, տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը: Նկատի ունենալով, որ 2018 տարին կը զուգադիպի ծովանկարիչին ծննդեան 200-ամեակին, ռուսական մշակութային կեդրոնը ձեռնարկած է այս աշխատանքին` դիմելով միութիւններու, արուեստագէտներու, աշակերտներու,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս 2018 Թուականը  Կը Հռչակէ «Անկախութեան Տարի»

Արամ Ա. Կաթողիկոս 2018 Թուականը Կը Հռչակէ «Անկախութեան Տարի»

Կիրակի, 14 յունուար 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական սրբատառ կոնդակը: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած կոնդակին մէջ վեհափառ հայրապետը  կը նշէ. «Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նո՛յնիսկ իմացեալ մահով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամէնէն...

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ  Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Առ այդ, ուրբաթ, 12 յունուար 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում: Շաբաթ, 13 յունուարի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն: Կիրակի, 14 յունուարի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղի մուտքին տեղի...

Արեան Անվճար Քննութիւն

Արեան Անվճար Քննութիւն

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» եւ «Ազիրեան» կոմիտէութիւններուն, ուրբաթ, 12 եւ շաբաթ, 13 յունուարին, առաւօտեան ժամը 7:00-10:00, զոյգ ակումբներու սրահներուն մէջ տեղի ունեցան արեան անվճար քննութիւններ: «Սեն Մարք»  ախտաճանաչման կեդրոն-տարրալուծարանի հիւանդապահները կատարեցին արեան քննութիւնները: Այս նախաձեռնութեան նպատակն  էր հոգալ առողջութիւնը ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններու պատճառով դժուար կացութեան մէջ կ՛ապրին: Արեան անվճար քննութիւն կատարուեցաւ տարբեր տարիքի աւելի քան 200 անձերու:...

Արցախի Շարժման 30-ամեակին Առիթով  «Ազդակ»-ն Ու «Ապառաժ»-ը  Կը Հրատարակեն Միացեալ Թիւ

Արցախի Շարժման 30-ամեակին Առիթով «Ազդակ»-ն Ու «Ապառաժ»-ը Կը Հրատարակեն Միացեալ Թիւ

Հայոց ամէնէն ժամանակակից պատմութեան ճակատագրորոշ շարժումին 30-ամեակին առիթով «Ազդակ» օրաթերթն ու Արցախի մէջ լոյս տեսնող ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ապառաժ» շաբաթաթերթը կը հրատարակեն միացեալ թիւ: Յաւելուածի ձեւաչափով լոյս տեսնելիք այս հրատարակութեան բովանդակութեան կը ներառուին յուշագրական, պատմողական, գաղափարական եւ վերլուծական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ շարժման եւ ազատամարտին մասնակցած անձնաւորութիւններու յուշեր, լուսանկարներ: Նախատեսուած է, որ յաւելուածը լոյս տեսնէ 20 փետրուարին:

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց  Պէյրութի Նահանգապետը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Պէյրութի Նահանգապետը

12 յունուար 2018-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ նահանգապետը լայն տեղեկութիւններ փոխանցէ վեհափառ հայրապետին Պէյրութի առաւել զարգացման առնչուած յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Արամ Ա. կաթողիկոս իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ի լուր Պէյրութի առաւել կազմակերպումին ու ծաղկումին նպաստող ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն: Հանդիպման աւարտին նահանգապետը շրջեցաւ կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքները եւ...

«Էն. Տի. Եու.» Համալսարանի Նախագահին Այցելութիւնը

«Էն. Տի. Եու.» Համալսարանի Նախագահին Այցելութիւնը

11 յունուար 2018-ին Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի նախագահ դոկտ. հայր Փիեռ Նաժըմ` ընկերակցութեամբ նոյն համալսարանի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Մաժըտ Պու Հատիրի:  Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին պարզել համալսարանի յառաջիկայ ծրագիրները եւ իմանալ անոր տեսակէտները` իբրեւ ընդհանրապէս համալսարանական աշխարհին քաջատեղեակ անձ: Արամ Ա. կաթողիկոսը ողջունեց նոր բաժանմունքներու յաւելումով եւ ուսանողական ու ուսուցչական կազմի մակարդակի բարձրացումով, ինչպէս նաեւ...

Մեր Ընթերցողներուն

Կազմարարական թեքնիք վրիպումի պատճառով հրապարակի վրայ կան «Ազդակ բացառիկ»-էն պակսող պրակով լոյս տեսած համարներ: Անոնք, որոնք ունին նման օրինակով համարներ, կրնան ներկայանալ խմբագրատուն եւ իրենց օրինակները փոխանակել ճիշդ օրինակով:  

Քառասնօրեայ Պահեցողութեան  Արարողութիւնները` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակի Ընթերցում

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, կիրակի, 14 յունուար 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքի մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին պիտի կարդացուի Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական սրբատառ կոնդակը: Կոնդակին մէջ վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտելէ ետք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին համահայկական կարեւորութիւնը` կոչ կ՛ուղղէ. - Մեր թեմերուն, Հանրապետական մաղթանքի կատարումով, հրապարակային հանդիսութիւններով...

Ամանորեան Եւ Ս. Ծնունդի  Տօներուն Առիթով . Խրախճանք` Գաղութի Մամիկներուն  Եւ Պապիկներուն Համար

Ամանորեան Եւ Ս. Ծնունդի Տօներուն Առիթով . Խրախճանք` Գաղութի Մամիկներուն Եւ Պապիկներուն Համար

Երէկ` հինգշաբթի, 11 յունուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին կազմակերպած ամանորեան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով խրախճանքը գաղութի կարիքաւոր ծերունիներուն համար` հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետերուն: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ...

Page 241 of 365 1 … 240 241 242 … 365

Արխիւներ