Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս 2018 Թուականը Կը Հռչակէ «Անկախութեան Տարի»

Յունուար 15, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 14 յունուար 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական սրբատառ կոնդակը:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած կոնդակին մէջ վեհափառ հայրապետը  կը նշէ. «Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նո՛յնիսկ իմացեալ մահով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձած է` Հայկ Նահապետէն սկսեալ: Հարուստ է մեր պատմութիւնը բռնակալութեան դէմ հերոսական մարտնչումներով»: Վեհափառ հայրապետը հայրապետական կոնդակին մէջ կ՛ընդգծէ, թէ 1918 թուականին կարելի եղաւ երեք յաղթական ճակատամարտեր մղել ու հիմնել Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որովհետեւ ազատատենչ հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին թրծուած էր բոլոր ժամանակներու Վարդան Մամիկոնեաններու եւ Ղեւոնդ Երէցներու հաւատքով ու վճռակամութեամբ: «Ճշդորոշիչ նշանակութիւն ունեցող դարձակէտ մըն է մայիս 28-ը` Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն յետոյ (1375), օտար ուժերու ենթակայ դարձած հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ», կը շեշտէ վեհափառ հայրապետը, մանաւա՛նդ` միայն եռամեակ մը առաջ Հայոց ցեղասպանութեան ապրած ժողովուրդի մը համար, կ՛ըսէ ան:

Ինչպէս հայապահպանման մէջ, նոյնպէս ալ հայրենակերտման մէջ կեդրոնական դեր ունեցած է հայ եկեղեցին: Այս իմաստով կոնդակը կը յիշէ ի մասնաւորի Սարդարապատի ճակատամարտի մասնակից Գարեգին վրդ. Յովսէփեանի (ապա կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 1943-1952), Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. կաթողիկոսի դերակատարութեան մասին:

Անկախութեան ստեղծման ու անոր յաջորդող աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն` Հայաստանի Անկախութեան վրայ ձգած ազդեցութեան մասին հակիրճ ակնարկ մը նետելէ ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս կը յայտնէ, որ օրին, պատմութեան մէկ ճակատագրական պահուն, անկախութիւնը իր արիւնով կերտած ղեկավարութիւնը ճիշդ որոշումը տուած է «պոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ» մնացած հայրենիքը փրկելու առնչութեամբ, ու բնաւ վար չդնելով իր զէնքը, անկախ հայրենիքի Եռագոյնը տարած է սփիւռք` հոն շարունակելու Հայաստանի անկախութեան գաղափարական պայքարը:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր կոնդակով կը յայտարարէ. «Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ վարչակարգերը ժամանակաւոր են, որքան ալ զօրեղ յենարաններ ունենան. յաւերժական են ազգերը` իրենց հայրենիքով ու մշակոյթով», ու կը յիշեցնէ, թէ նուազ քան դար մը ետք Հայաստան անգամ մը եւս անկախացաւ: Արամ Ա. կաթողիկոս Հայրապետական սրբատառ կոնդակը կ՛եզրափակէ նշելով. «Անկախութիւնը սրբազան արժէք է, ու զայն կերտողն ու պաշտպանողը ժողովո՛ւրդն է: Հետեւաբար, Հայաստանի անկախութիւնը գաղափարական ու քաղաքական մօտեցումներէ եւ տարբերութիւններէ վե՛ր պէտք է մնայ: Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն ու համաշխարհային տագնապալից պայմաններուն մէջ ստեղծուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը համահայկական խորունկ նշանակութիւն ունի: Այս ենթահողին վրայ հարկ է արժեւորել ու նշել 100-ամեակը այս պատմական դէպքին»:

Կոնդակի աւարտին, վեհափառ հայրապետը կոչ կ՛ուղղէ զանազան միջոցներով` հրապարակային, քարոզչական, կրթական ու մտաւորական ծրագիրներով վառ պահելու Հայաստանի առաջին անկախութեան ոգին` յանուն հզօր հայրենիքի ու հայրենակեդրոն սփիւռքի:

Նշենք, որ Արամ Ա. վեհափառը 2018 թուականը հռչակեց «Անկախութեան տարի»:

 

Նախորդը

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?