Փունթա Տել Էսթէն Ալ Ունեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» Հրապարակը
ԿԱՐՕ ՀԵՔԻՄԵԱՆ Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյէն եւ Փիրեափոլիս ամարանոցէն ետք, Հարաւային Ամերիկայի ամենայայտնի ամարանոց-քաղաք Փունթա Տել Էսթէի մէջ կիրակի, 7 յունուար 2018-ին պաշտօնական արարողութեամբ մը բացումը կատարուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հրապարակին: Մասնակցեցան` զբօսաշրջութեան հայազգի նախարար Լիլիան Քէշիշեանը, Մալտոնատոյի նահանգապետ Էնրիքէ Անթիան, Փունթա Տել Էսթէի քաղաքապետ Անտրես Խաֆիֆը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Էսթեր Մկրտումեանը, Ուրուկուէյի հայոց առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլընճեանը, հիւրաբար Ուրուկուէյ գտնուող Աւետարանական...



















