Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (17). «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան ՀՅԴ Արխիւներուն Եւ Անոնց Կարեւորութեան
«Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին շրջագիծին մէջ երէկ երեկոյեան խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հերթական հանդիպումը: ՀՅԴ արխիւներու պատասխանատու, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւները գոյացնելու աշխատանքը, այն վայրերը, որոնք եղած են արխիւներու կեդրոններ, անոնց բովանդակութիւնը, ընդգրկած հարուստ տեղեկութիւնները, արխիւի տարբեր ձեւաչափերը, ինչպէս նաեւ զանոնք դասաւորելու, ցուցակագրելու եւ ապա թուայնացնելու աշխատանքը: Ե. Փամպուքեան հաստատեց, որ ՀՅԴ...




















