Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Յունուար 15, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Առ այդ, ուրբաթ, 12 յունուար 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում: Շաբաթ, 13 յունուարի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն:

Կիրակի, 14 յունուարի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Ապա գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն, դպրաց դասուն եւ Հայաշէնի հայութեան, թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը այս առիթով մատուցեց Ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը յայտարարեց, որ նոյն օրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ենթակայ բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ փոխան քարոզի պիտի կարդացուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին առիթով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը եւ հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս ունկնդրելու զայն: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Նաեւ տեղի ունեցաւ խորանի վերանորոգուած բեմի օծում ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր:

Այնուհետեւ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր:

Օրուան հանդիսավար Սեւան Կարապետեան-Ադամեան ըսաւ, որ տօնակատարութիւնները ունին իրենց խորհուրդն ու իմաստը: Եկեղեցական անուանակոչութիւնները կատարելով կ՛անդրադառնանք իւրաքանչիւր սուրբի կեանքին, էութեան, կենցաղին եւ սրբագործութիւններուն` յիշեցնելով բոլորին, որ կեանքը պէտք է ապրիլ համաձայն սուրբերուն եւ արժեւորել զայն քրիստոնէավայել ընթացքով, հետեւելով անոնց տուած ցուցմունքներուն, խրատներուն եւ ուսուցումներուն:

Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Արտաշէս Գասարճեան գոհունակութեամբ յայտարարեց, թէ կարելի եղած էր եկեղեցին ամբողջութեամբ նորոգել եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց աջակցութեան համար: Այս առիթով ան յիշեց երկու բարերարներ, որոնք ստանձնած էին մեծ աշխատանք` Քրիստ Աճէմեան եւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յակոբ Թերզեան:

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ նորոգութեան առիթով եւ գնահատեց տարուած աշխատանքը: «Մենք սրբութեան կարիքը ունինք մերօրեայ կեանքի պայմաններուն մէջ,  որպէսզի ամրանանք, որովհետեւ կ՛ապրինք այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր կարծէք բոլոր արժէքները փոխուած են», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ մենք պէտք է մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներով շարունակ ամրանանք, որպէսզի կարենանք տոկալ: Առ այդ, պէտք է ամուր բարինք մեր արժէքներուն, սրբարաններուն, ակումբներուն ու դպրոցներուն եւ այդ բոլորին հետ պէտք է վարուինք նոր գիտակցութեամբ, որպէսզի մեր կեանքին համար ամրութիւն քաղենք եւ տոկանք: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ իսկ մենք պէտք է գիտակցինք, որ զաւակներն ենք ժողովուրդի մը, որ իր հաւատքովն ու արիւնովը անկախութեան հասած է, հետեւաբար այդ գիտակցութեամբ պէտք է վարուինք մեր կեանքին հետ:

Այնուհետեւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար պարգեւատրուեցան թաղականութեան նախկին անդամներ Գէորգ Տէր Յակոբեան եւ Յարութիւն Արթինեան (ի բացակայութեան), նաեւ նախկին տիկնանց յանձնախումբի նախկին ատենապետ Անահիտ Պչաքճեան: Արտաշէս Գասարճեան պարգեւատրեալներուն ունեցած գործունէութեան  մասին ամփոփ տեղեկութիւններ ներկայացնելէ ետք հրաւիրեց սրբազան հայրը, որ միասնաբար յանձնեն իրենց ոսկեայ խաչ զարդասեղները:

Սիրոյ սեղանին ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան հալէպահայ երգիչ Սագօ Պէսնիլեան, Կարօ Քէլէշեան, Սեւան Մեթլեան եւ Սեւան Կարապետեան-Ադամեան:

 

 

Նախորդը

Արեան Անվճար Քննութիւն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս 2018 Թուականը Կը Հռչակէ «Անկախութեան Տարի»

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?