Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Մշակութային Կեդրոն. Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցը Մասնակցեցաւ Յովհաննէս Այվազովսքիի Ծննդեան 200-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէսին

January 17, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ռուսական դեսպանատան մշակութային կեդրոնին երկուշաբթի, 15 յունուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ռուսական մշակութային կեդրոնին մէջ` Վերտան, տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը:

Նկատի ունենալով, որ 2018 տարին կը զուգադիպի ծովանկարիչին ծննդեան 200-ամեակին, ռուսական մշակութային կեդրոնը ձեռնարկած է այս աշխատանքին` դիմելով միութիւններու, արուեստագէտներու, աշակերտներու, որպէսզի գծեն ծովը: Այսպիսով, կեդրոնը կը նպատակադրէ նոր սերունդին ծանօթացնել Այվազովսքին եւ քաջալերել ծովանկարչութիւնը:

Մշակութային կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Վատիմ Լայչիքով բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շնորհակալութիւն յատնեց բոլորին իրենց մասնակցութեան համար: Ան նկատել տուաւ, որ տարբեր միջավայրերէ եկած արուեստագէտներ, աշակերտներ, միութիւններ Իվան (Յովհաննէս) Այվազովսքի-Այվազեանի նման գծած են ծովը` իրենց ներաշխարհին համաձայն, եւ այդ մէկը բաւական հետաքրքրական մթնոլորտ կը ստեղծէ:

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու ընդհանուր տնօրէն Յակոբ Հանտեան ելոյթ ունենալով շատ դրական նկատեց Ռուսական մշակութային կեդրոնին հետ առաջին գործակցութիւնը եւ յոյս յայտնեց յառաջիկային գործակցութեան այլ ծրագիրներ ալ իրականացնելու: Ան յատուկ առիթ նկատեց Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած սոյն ցուցահանդէսի կազմակերպումը եւ շեշտեց, որ անիկա հպարտանք է թէ՛ հայութեան եւ թէ՛ ռուս ժողովուրդին:

Աւարտին վկայագիրներ յանձնուեցան մասնակիցներուն:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ` երեքշաբթի, 16 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, նոյն վայրին մէջ:

Նախորդը

Նշմար. Եւ Տասը Տոլարը Կրնայ Ազգը Պահել…

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մասնակցի Երուսաղէմի Մասին Ազհարի Կազմակերպած Միջազգային Համագումարին

RelatedPosts

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ.  «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»
Գաղութային

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ. «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»

January 14, 2026
Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ
Գաղութային

Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ

January 12, 2026
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.