Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորեան Եւ Ս. Ծնունդի Տօներուն Առիթով . Խրախճանք` Գաղութի Մամիկներուն Եւ Պապիկներուն Համար

Յունուար 12, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 11 յունուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին կազմակերպած ամանորեան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով խրախճանքը գաղութի կարիքաւոր ծերունիներուն համար` հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետերուն: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան:

Օրուան հաղորդավար Մարալ Հարպոյեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ապա մամիկներուն եւ պապիկներուն մաղթեց առողջ կեանք եւ երկարակեցութիւն: Ան ըսաւ. «Դուք մեզի համար օրհնութիւն էք, մեր տան սիւնն էք, դուք ալ ունեցած էք երիտասարդ կեանք, եղած էք աշխուժ, աշխատասէր, աշխատած էք, ունեցած էք ընտանիք, զաւակներ, անցած էք զանազան դժուարութիւններէն, այսօր ժամն է հանգչելու, եւ մեր պարտականութիւնն է ձեզի հոգալ: Այսօրուան խրախճանքով կը խոստանանք ուրախանալ ձեզ ուրախացնելով»:

Այնուհետեւ Հայ աւետարանական Թորոսեան եւ հայ կաթողիկէ Ս. Ագնէս վարժարաններու աշակերտները հանդէս եկան երգերով եւ արտասանութիւններով:

Խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան խօսքը ուղղելով մամիկներուն եւ պապիկներուն ըսաւ, որ «դուք մեր պարծանքն էք, դուք մեր սէրն էք, դուք պէտք է շարունակէք վկայել ձեր քրիստոնէական կեանքին, որուն մենք պէտք ունինք, դուք շատ յոգնեցաք ձեր կեանքի ընթացքին, դուք մեզի սերունդներ տուիք, եւ մենք ձեր շուրջն էք»: Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայութեան ընկերային ծառայողներուն, որոնք միշտ կը մտածեն տկարին, աղքատին եւ հիւանդին  մասին: Գերապայծառը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին եւ անոր օգնականներուն, որոնք այս գեղեցիկ պահը ստեղծեցին հին եւ նոր սերունդներուն միջեւ: Ապա խօսքը ուղղելով պապիկներուն եւ մամիկներուն ըսաւ. «Աղօթեցէ՛ք, որ նոր սերունդը ունենայ նոյն ոգին, նոր հոգիով ու սիրով շարունակէ մտածել ու աշխատիլ ձեզի համար, աղօթեցէ՛ք բոլոր անոնց համար, որոնք կը սիրեն բարիք ընել, աղօթք ընել եւ երջանկացնել»:

Խօսք առաւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան ըսաւ, թէ Քրիստոսի ծնունդը ուրախութեան աւետիս բերաւ իրեն հետ: Մեր բոլորին դերն է Աստուծոյ  ուրախութեամբ զիրար ուրախացնել: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերային ծառայողներուն, լիբանանահայ գաղութի բոլոր ընկերակցութիւններուն, Պուրճ Համուտի  քաղաքապետութեան եւ հայկական բոլոր խմբակցութիւններուն, որոնք ստեղծեցին այս գեղեցիկ պահը, ապա եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Ուրախացէ՛ք եւ ուրախացուցէ՛ք զիրար Քրիստոսի սիրով»:

Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ներկաներուն ըսաւ. «Ձեր ներկայութեամբ այսօր Ազգային առաջնորդարանին ուրախութիւն բերիք»: Ապա առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ Նոր տարին բոլորին համար գեղեցիկ անակնկալներ բերէ, որպէսզի մեր կեանքը քաղցրանայ: Ս. Ծնունդին առիթով Աստուած օրհնութիւն հաստատէ մեր կեանքին մէջ. Աստուծոյ օրհնութեամբ անպայման մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւնները մէկդի դրած  կրնանք ուրախ օրեր ապրիլ: Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց բոլոր անոնց, որոնք առիթ ստեղծեցին օրուան հաւաքին համար, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ընկերային ծառայողներուն, որոնք լաւագոյնը կ՛ընեն, որ մեր հայրերն ու մայրերը ուրախ-զուարթ մթնոլորտի մէջ ապրին:

Այնուհետեւ Արարատ Ահարոնեան ճոխացուց մթնոլորտը` ներկայացնելով հայկական ճոխ երգերու փունջ մը: Ճաշի եւ անուշեղէնի հիւրասիրութենէն ետք Կաղանդ պապուկին գալուստը ա՛լ աւելի խանդավառեց մթնոլորտը:

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր պապիկներն ու մամիկները ստացան նուէրներ` տրամադրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանէն:

 

Նախորդը

Գաղափարական Հարցեր. Սիմոն Տը Պովուար. Յեղափոխական Կին Գաղափարախօսին 110-ամեայ Ժառանգութիւնը

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակի Ընթերցում

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?