Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» եւ «Ազիրեան» կոմիտէութիւններուն, ուրբաթ, 12 եւ շաբաթ, 13 յունուարին, առաւօտեան ժամը 7:00-10:00, զոյգ ակումբներու սրահներուն մէջ տեղի ունեցան արեան անվճար քննութիւններ: «Սեն Մարք» ախտաճանաչման կեդրոն-տարրալուծարանի հիւանդապահները կատարեցին արեան քննութիւնները:
Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր հոգալ առողջութիւնը ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններու պատճառով դժուար կացութեան մէջ կ՛ապրին:
Արեան անվճար քննութիւն կատարուեցաւ տարբեր տարիքի աւելի քան 200 անձերու: