Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի հետեւող «Ապագայ լրագրողներ»-ը երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ շարունակեցին իրենց համար մշակուած յատուկ ծրագիրի գործադրութիւնը:
«Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին եւ սահմանադրութեան փոփոխութեան լոյսին տակ հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններուն նուազումին ու վարչապետի լիազօրութիւններուն յաւելումին` բացատրելու համար, թէ յաջորդ փուլին Արցախի բանակցային հոլովոյթը վարողը պիտի ըլլայ վարչապետը եւ ոչ թէ նախագահը:
Ապա Շ. Գանտահարեան մանրամասնութեամբ եւ կէտ առ կէտ բացատրեց բանակցային հոլովոյթը` զանոնք բաժնելով 12 կէտերու:
«Ապագայ լրագրողներ»-ը ժամանակագրական դրութեամբ ներկայացուած տեղեկութիւններուն հետեւեցան մեծ հետաքրքրութեամբ, ծանօթանալով նաեւ բանակցային հոլովոյթի շրջագիծին մէջ օգտագործուած թեքնիք եզրերուն եւ անոնց իմաստներուն ու նշանակութիւններուն:
Մոսկուայի կողմէ միջնորդուած բանակցութիւններէն մինչեւ փուլայինն ու փաթեթայինը, բարձր ինքնավարութեան կարգավիճակէն մինչեւ ընդհանուր պետութեան յղացքը, ԵԱՀԿ-ի համանախագահները, Քի Վեսթը, փրակեան հոլովոյթն ու Մատրիտեան սկզբունքները Շ. Գանտահարեան ներկայացուց շատ յստակ կերպով` հասնելով մինչեւ Վիեննայի եւ վերջերս Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին անհրաժեշտութիւն նկատուեցաւ զինադուլը վերահաստատելու առաջնահերթութիւնը:
Այս նիւթին կատարուած անդրադարձին ընդմէջէն Շ. Գանտահարեան բացատրութիւններ տուաւ նաեւ տարածքային ամբողջականութեան, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին, դիւանագիտական միջոցներով տագնապի լուծման, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան, փոխզիջումային քաղաքականութեան եւ այլ յղացքներու մասին` լուսարձակի տակ առնելով հայկական կողմին որդեգրած դիւանագիտական մարտավարութիւնը:
Դասախօսութեան աւարտին «Ապագայ լրագրողներ»-ը զրուցեցին Շ. Գանտահարեանի հետ` անոր ուղղելով շարք մը հարցումներ:



