12 յունուար 2018-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպը:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ նահանգապետը լայն տեղեկութիւններ փոխանցէ վեհափառ հայրապետին Պէյրութի առաւել զարգացման առնչուած յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Արամ Ա. կաթողիկոս իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ի լուր Պէյրութի առաւել կազմակերպումին ու ծաղկումին նպաստող ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:
Հանդիպման աւարտին նահանգապետը շրջեցաւ կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան: