Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանահայ Կեդրոնական Մարմինը Գումարեց Իր Անդրանիկ Նիստը

January 20, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 18 յունուար 2018-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը նշող լիբանանահայ կեդրոնական մարմինի անդրանիկ նիստը: Մարմինին մաս կը կազմեն լիբանանահայ երեք համայնքներու եւ կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ բարեսիրական, բարեգործական եւ մարզական բոլոր միութիւններուն ներկայացուցիչները:

Հաւաքին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան հաստատեց, որ դարերու ստրկութենէն ետք հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ հռչակել իր անկախութիւնը, եւ այդ իրագործումը արդիւնք էր հայութեան հաւաքական կամքին: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, թէ Հայաստանի անկախութեան կերտիչները փոխանցեցին կտակ մը, որ պէտք է ամրագրուի սփիւռքի գոյութեան պահպանումով եւ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան ամրապնդումով` զօրավիգ դառնալով ժողովուրդի զարգացման եւ բարգաւաճման վերելքին:  Այս շրջագիծին մէջ, Շահէ եպս. Փանոսեան շեշտեց Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակը գաղութին մէջ միասնաբար տօնակատարելու կարեւորութիւնը, որուն հիմքը պէտք է հանդիսանայ աշխատանքի շարունակականութեան ապահովումն ու ուխտի վերանորոգումը:

Ապա ժողովականները հաստատեցին, որ գաղութին մէջ պէտք է կազմակերպել տարբեր բնոյթի քանի մը կեդրոնական ձեռնարկներ, իսկ տարբեր շրջաններու մէջ բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւնները պէտք է համակարգուին մարմինին կողմէ, որպէսզի համապատասխան համադրումը կատարուի: Յատուկ կերպով շեշտուեցաւ սկաուտական, մշակութային, երիտասարդական, ուսանողական եւ աշակերտական հաւաքական նախաձեռնութիւններուն կազմակերպումը:

Ներկաները շեշտեցին, որ ներհայկական նախաձեռնութիւններուն կողքին 100-ամեակը պէտք է շարժառիթ հանդիսանայ Լիբանանի հասարակութեան ծանօթացնելու հայութեան դարաւոր պատմութիւնն ու արժէքները:

Աւարտին, ներկայացուցիչները կատարեցին աշխատանքային բաժանումներ, որպէսզի յառաջիկայ նիստերուն բիւրեղանայ գաղութի ծրագիրը:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Լրագրողներու Ազատութեան Եւ Անվտանգութեան Հիմնարկը Պաքուէն Պահանջած Է Ազատ Արձակել Աֆղան Մուխթարլըն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.