Համազգային. Շնորհահանդէս` «Հայոց Ազգին Գանձերը. Պալեաններ» Հատորին
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, երէկ ` չորեքշաբթի, 7 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ազգին գանձերը. Պալեաններ» հատորին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ հեղինակին` ճարտարապետութեան դոկտոր փրոֆ. Աշոտ Հայկազուն Գրիգորեանի: Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան ներկայացուց հեղինակին կենսագրական տուեալները: Ան ըսաւ, թէ 1990-ին Գրիգորեան նշանակուած է Հայաստանի...



















